Թորոնթոյի Հ.Օ.Մ.ի Պապայեան Մանկապարտէզի, Գոլոլեան Նախակրթարանի եւ Երկրորդական Վարժարանի Թելեթոն 2014-ին գոյացաւ 300 հազար տոլար

 

Ձեր Աջակցութիւնը Այսօր Կ՛ապահովէ Մեր Ապագան……կարգախօսով, Հ.Օ.Մ.ի Պապայեան Մանկապարտէզի, Գոլոլեան Նախակրթարանի եւ Երկրորդական Վարժարանի 2013-2014 տարեշրջանի Թելեթոնը տեղի ունեցաւ 15 եւ 22 Փետրուար 2014-ին։ Այս տարուայ Թելեթոնը իւրայատուկ էր զուգադիպելով դպրոցին 35-ամեակին:

Թելեթոնի 7-րդ տարեկան հանգանակութեան նպատակն էր՝ հաւասարակշռել դպրոցին պիւտճէն։ Նկատի առնելով, որ դպրոցը ոչ մէկ կառավարական օգնութիւն կը ստանայ, այս տարեկան Թելեթոնը կու գայ կրթաթոշակներու կողքին, հաւասարակշռելու դպրոցին նիւթական պիւտճէն, կ’ապահովէ բարձրագոյն ուաումնական ծրագիր ու կազմ, առիթներ կը ստեղծէ 7-9-րդ դասարաններու աշակերտներուն հետեւելու մասնագիտացած ճամբարներու, ինչպէս նաեւ 10-րդ դասարանի Հայաստանագնացութեան եւ 11-րդ դասարանի աշակերտներուն համար նպաստներ կ’ապահովէ Վենետիկի ամառնային դասընթացքներուն մասնակցելու: Այս դրամահաւաքը նաեւ կ՛ապահովէ դպրոցի նորոգութեան զանազան ծախսերը՝ բարելաւուած խաղավայրեր, յաւելեալ մարզական գործիքներ, յաւելեալ արուեստ ու երաժշտութիւն, մասնակցիլ արտադասարանային, մարզական ու թուաբանական մրցոյթներու… եւ այլ աշխատանքներու:

Իրերայաջորդ 2 Շաբաթ օրերու ընթացքին Թելեթոն 2014-ի յայտագիրը սփռուեցաւ OMNI 1 հեռուստակայանի Նոր Հայ Հորիզոն յայտագրէն։ Նախքան Թելեթոնը՝ յաջորդական 3 ամիսներու ընթացքին, Նոյեմբեր 2013, Դեկտեմբեր 2013 եւ Յունուար 2014-ին, Նոր Հայ Հորիզոն յայտագրէն, դպրոցին յատկացուած 10 վայրկեան տեւողութեամբ յայտագրեր սփռուեցան OMNI-1 հեռուստակայանէն, որոնք բաւական անդրադարձ ունեցան եւ հանրութեան ուշադրութեան առարկայ դարձան:

Նոյեմբեր 2013-ի 10 վայրկեան տեւողութեամբ յայտագրին ներկայացուցիչներն էին՝ 11-րդ դասարանի աշակերտներ՝ Արփի Ագըլեան եւ Լոռա Ստեփանեան: Անոնք յաջողութեամբ ներկայացուցին Պապայեան Մանկապարտէզի առօրեայէն շատ հետաքրքրական բաժիններ: Դեկտեմբեր 2013 յայտագրին ներկայացուցիչներն էին՝ 8-րդ դասարանի աշակերտներ՝ Սիլիա Պարսամեան եւ Արշակ Պետրոսյան: Անոնք ուշագրաւ ձեւով ներկայացուցին Գոլոլեան Նախակրթարանի առօրեայէն հետաքրքրական դրուագներ: Իսկ Յունուար 2014 –ի ՝ յայտագրին ներկայացուցիչներն էին՝ 10-րդ դասարանի աշակերտներ՝ Գառնի Կարապետեան եւ Լուսին Մովսէսեան: Անոնք եւս յաջողութեամբ ներկայացուցին 7-րդ , 8-րդ եւ Երկրորդական Վարժարանի առօրեայէն հետաքրքրական բաժիններ:

Փետրուար 15-ին Նոր Հայ Հորիզոն յայտագիրը ամբողջութեամբ տրամադրուած էր Թելեթոն 2014-ի հանգանակութեան: Յայտագիրը սկսաւ Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի տնօրէն` Արմէն Մարտիրոսեանի խօսքով, ուր ան նշեց 35 տարիներու ընթացքին դպրոցին տարած աշխատանքը՝ պահելու եւ պահպանելու հայ լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը: Ան ըսաւ «Հ.Օ.Մ.-ի դպրոցը, շնորհիւ մեր մեծ հայրերուն, մայրերուն եւ բարերարներուն, դարձած է կրթական փարոս 35 տարիներ շարունակ… Եկէ՛ք մասնակից դարձէք ձեր օժանդակութեամբ եւ նուիրատութեամբ, Թորոնթոյի միակ ամէնօրեայ դպրոցը յառաջ տանելու 35 եւ աւելի տարիներ եւս… »:

Յայտագրի բացման խօսնակներն էին՝ 11-րդ դասարանի աշակերտներ՝ Արփի Ագըլեան եւ Լոռա Ստեփանեան, որոնք իրենց խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցած են դպրոցի հիմնադրման, գոյատեւման եւ յաջողութեան գծով, յատկապէս՝ մեր ծնողները, մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, դպրոցիս շրջանաւարտներն ու աշակերտները, նուիրատուներն ու բարերարները, կեդրոնէն ներս ու դուրս գործող բոլոր միութիւնները:

Լուրերու բաժինով մեր շրջանաւարտներէն՝ Թալին Նրանեան եւ Վահէ Սարգիսեան ներկայացուցին Պապայեան Մանկապարտէզի, Գոլոլեան Նախակրթարանի ներկայ վիճակը ինչպէս նաեւ բաժիններ աշակերտներուն առօրեայ կեանքէն: Պարոն Ալէքս Մովէլ խօսեցաւ դպրոցիս արտադասարանային մարզաքներու ու ակումբներու մասին եւ ինչպէ՞ս դպրոցս իր մասնակցութիւնը բերաւ զանազան մրցոյթներու:

Հարցազրոյցի բաժնի ներկայացուցիչներն էին մեր շրջանաւարտներէն՝ Անի Շարապխանեան եւ Ռազմիկ Մնացականեան: Հիւրերն էին դպրոցի հիմադիր անդամներէն՝ Տիկ. Արմէնուհի Գոլոլեան, Պրն. Յարութ Շիթիլեան եւ Տիկ. Շաքէ Ստեփանեան: Անոնք պատմեցին, թէ անցեալին ինչպէ՞ս դպրոց հիմնելու երազը գոյացաւ եւ իրականացաւ հասնելով մինչեւ օրս:

Did You Know” վերնագրով հատուածը ներկայացուց դպրոցի նիւթաբարոյական իրավիճակը: Հանրածանօթ Հայ դէմքերը կոչ ուղղեցին նուիրատուներուն մասնակից դառնալու դպրոցի հանգանակութեան:

Ask Me” բաժնին մէջ հաճելի էր լսել աշակերտներուն հետաքրքրական պատասխանները իրենց ուղղուած զանազան հարցումներուն։

Փետրուար 22-ին Թելեթոն 2014-ի յայտագրին 2-րդ շաբաթը սփռուեցաւ Նոր Հայ Հորիզոն յայտագրէն: Վերոյիշեալ խօսնակները նոյնքան յաջողութեամբ ներկայացուցին Երկրորդական Վարժարանի աշակերտներուն առօրեայէն բաժիններ, ինչպէս նաեւ հետաքրքրական դրուագներ 10-րդ դասարանի աշակերտներուն Հայաստանագնացութենէն եւ 11-րդ դասարանի աշակերտներուն դասընթացքէն Վենետիկի մէջ:

Օր. Սարիկ Պապեան խօսեցաւ նորակազմ աշակերտական զանազան ակումբներու մասին՝ գրական-երաժշտական-մարզական-արուեստ-«Արձագանք» թերթ… եւայլն:

Այդ շաբթուայ հարցազրոյցին նիւթն էր հայապահպանումը եւ մեր հայ ուսուցիչներուն կարծիքներն ու որդեգրած մեթոտները հայ լեզուն դասաւանդելու գծով, անցեալէն մինչեւ օրս: Հիւրերն էին դպրոցին երկարամեայ վաստակաւոր հայերէնի ուսուցիչներ՝ Պրն. Մուշեղ Գարագաշեան, Տիկին Յասմիկ Խրլաքեան, Տիկին Սիլվա Փայլեան եւ Տիկին Յասմիկ Պապեան:

Թելեթոնի երկու շաբաթներու ընթացքին, վարժարանի Կրթական Մարմնի ատենապետուհի՝ ընկհ. Անի Հոթոյեան-Ժոլի եւ Կրթական Մարմնի հաշուապահ՝ ընկհ. Ժագլին Աճէմեան, ներկայացուցին դպրոցի ներկայ նիւթական վիճակը եւ կոչ ուղղեցին նուիրատուներուն՝ մասնակից դառնալու դպրոցի հանգանակութեան:

Թելեթոնը նախաձեռնութիւնն է դպրոցի հանգանակութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին, որուն մաս կը կազմեն՝ ծնողներ, դասատուներ, շրջանաւարտներ եւ կրթական մարմնի անդամներ: Այս տարի յանձնախումբին ատենապետութիւնը վարեց ընկհ. Թամար Մաթոսեան։ Թելեթոն 2014-ի յայտագիրներու իրականացման մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի դպրոցի բազմաթիւ շրջանաւարտներ։

Շնորհիւ բոլոր նուիրատուներու մասնակցութեան գոյացաւ $300,000 տոլարի պատկառելի գումարը։

Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ բոլոր նուիրատուներուն, ինչպէս նաեւ Թելեթոն 2014-ի Յանձնախումբի բոլոր ժրաջան անդամներուն եւ հանգանակային տարեկան այս հեռուստարշաւին յաջողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած ուսուցիչներուն, քարտուղարութեան եւ Նոր Հայ Հորիզոն հայկական յայտագրի պատասխանատուներուն։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, հանգանակութեան իրենց նպաստը բերին Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ վարժարանի աշակերտներ, ծնողներ, շրջանաւարտներ, գործարար հաստատութիւններ, դպրոցի բարեկամ անհատներ, եւ ազգային մարմիններ, կազմակերպութիւններ եւ միութիւններ։ Մասնաւորապէս նշելի է մասնակցութիւնը հետեւեալ միութիւններուն – Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութիւն եւ – Հ.Օ.Մ.-ի “Ռուբինա” մասնաճիւղ, Հայ Երէցներու Ընկերակցութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ. Թորոնթոյի Մասնաճիւղ, Համազգայինի Գլաձոր Մասնաճիւղ, Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի Ծնողական Յանձնախումբ, Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցի, Հայ Կեդրոնի Հիմնադրամ Մարմին, Հ.Յ.Դ. Գ.Ե.Մ. Սիմոն Զաւարեան մասնաճիւղ։

Առ ի գիտութիւն,անոնք որոնք առիթը չունեցան հետեւելու վերոյիշեալ յայտագրերուն,կարող են ամբողջութեամբ դիտել այցելելով՝ www.facebook.com/arsarmenianschool կայքէջը:

Նկատի ունենալով, թէ այս տարուայ նպատակէտն է $350,000, կազմակերպիչ յանձնախումբս կոչ կ՛ուղղէ նուիրատուներուն՝ մասնակից դառնալու դպրոցին բարելաւման եւ յառաջացման դէպի 35 եւ աւելի տարիներ եւս… :

Անոնք որոնք կը փափաքին նուիրատութիւն կատարել թող բարեհաճին հեռաձայնել դպրոցին գրասենեակը 416-491-2210 ext. 3016:

Horizon TV-ի վարժարանին մասին պատրաստած տեսանիւթը դիտել հոս՝

http://www.youtube.com/watch?v=n4A1EMliv8U 

Մարալ Միսիրեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.