Հոլանտի Մասնակցութեամբ Տեղի Ունեցաւ Մանուշեանի Մահուան Տարելիցի Ձեռնարկը


ՓԱՐԻԶ.- Ուրբաթ, Փետրուար 21ին, Փարիզի արուարձաններուն մէջ գտնուող Ֆրանսական դիմադրութեան շարժման զոհերուն նուիրուած Մոն Վալերիան յուշահամալիրին մէջ, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն` նուիրուած նացիներու կողմէ Միսաք Մանուշեանի եւ անոր խումբի անդամներուն գնդակահարման 70րդ տարելիցին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ ծաղկեպսակ զետեղած է յուշահամալիրին մէջ եւ հանդէս եկած է ելոյթով: Արարողութեան մասնակցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը եւ ծաղկեպսակ զետեղած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ:
Արարողութեան ընթացքին ընթերցուած է Միսաք Մանուշեանի կեանքի վերջին ժամերուն գրուած նամակը` ուղղուած իր կնոջ` Մելինէին. «Քանի մը ժամ ետք այլեւս այս աշխարհին վրայ պիտի չըլլամ. ինձ պիտի գնդակահարեն կէսօրէ ետք: Երանի անոնց, որոնք կը փրկուին եւ կը վայելեն ազատութեան քաղցրութիւնը եւ վաղուան խաղաղութիւնը: Վստահ եմ, որ ֆրանսացի ժողովուրդը եւ ազատութեան համար բոլոր պայքարողները արժանապատուօրէն պիտի պահեն մեր յիշատակը: Եթէ հնարաւոր ըլլայ, փոխանցէ իմ յիշողութիւնները Հայաստան գտնուող հարազատներուս»:
Իր ելոյթին մէջ, Ֆրանսայի նախագահ Հոլանտ նշած է. «Մանուշեան Հայկական Ցեղասպանութենէն փրկուած այն հայերէն էր, որ հաստատուեցաւ Ֆրանսա եւ անդամագրուեցաւ անոր ազատագրման պայքարին: Մանուշեանը միակ հայը չէր, որ կեանքը զոհեց այս երկրի ազատութեան համար»:
Միջոցառման ներկայ եղած են Ֆրանսայի կառավարութեան, Ծերակոյտի եւ Ազգային ժողովի անդամներ, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ, Շարլ Ազնաւուրը եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.