Պաքու Այս Անգամ Նեղացած Է Լաթվիոյ Դասագիրքերուն Մէջ Արցախի Նշումէն
1549
0
ՊԱՔՈՒ, «ՓանԱրմինիըն».- Հինգշաբթի, Փետրուար 20ին, Լաթվիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը բողոքագիր մը յղած է Լաթվիոյ նախարարութեան՝ այդ երկրին մէջ օգտագործուող «Աշխարհի Նոր Աշխարհագրութիւն» դասագիրքին կապակցութեամբ, ուր, ըստ Պաքուի՝ «կոպիտ սխալ» մը արձանագրուած է Ատրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութեան» կապակցութեամբ:
Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի. Էյ.» լրատու գործակալութեան՝ Ատրպէյճանի դեսպանատան աշխատակից Հերա Մուրատով նշած է, թէ դեսպան Էլման Զէյնալով անձամբ եւս «այս սխալին կապակցութեամբ» իր մտահոգութիւնը փոխանցած է Լաթվիոյ արտաքին գործոց նախարարին:
Ատրպէյճան նեղացած է այն իրողութենէն, որ աշխարհագրութեան դասագիրքին մէջ յատուկ բաժին մը նուիրուած է ԼՂՀին, ինչպէս նաեւ անոր մէջ կայ Արցախի դրօշակին լուսանկարը: