ՏԵՐՍԻՄԻ ՀԱՅԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՊԱՅՔԱՐԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀԱՄԱՐ


Տերսիմի հայերու հաւատքի եւ ընկերային փոխօգնութեան միութեան նախագահ Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքին «Արմէնփրես»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ միութիւնը կը հետաքրքրուի այն հայերով, որոնք Տերսիմի մէջ կը վախնան իրենց հայկական ինքնութիւնը բացայայտել եւ կը փորձէ օգնել, որպէսզի անոնք ձերբազատուին այդ վախէն։ Միութիւնը Երեւանի եւ Տերսիմի միջեւ մշակութային կապեր հաստատելով կը նպաստէ, որ կողմերը զիրար աւելի լաւ ճանչնան։ Օրինակի համար միութիւնը 2013-ի ամրան Երեւանէն Տերսիմ հրաւիրած էր «Կարին» ազգագրական երգի եւ պարի համոյթը, ինչպէս նաեւ Տերսիմի հայերու մասին ամսագիր եւ գիրք կը հրատարակէ։

Կիւլթեքին կը նշէ, որ թէեւ յստակ տուեալներ չկան, սակայն իրենց կարծիքով Տերսիմի մէջ մեծ թիւով հայեր կ՚ապրին, գոյութիւն ունի 162 եկեղեցի, մատուռ եւ վանք՝ բոլորն ալ աւերուած վիճակի մէջ։

Ան կը յայտնէ, որ Թուրքիան դիւրին վերափոխման գործընթաց չապրիր, սակայն ներկայիս Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ իշխանութիւնները՝ այսինքն կառավարութիւնը, յանուն Եւրոպայի առջեւ աւելի ժողովրդավար երեւելուն եւ Թուրքիոյ մէջ զինուորականութեան խաւը աւելի թուլցնելուն, ոչ իսլամ ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ աւելի ջերմ վերաբերմունք ցոյց կու տայ։ Այդ մէկը մտածելակերպի փոփոխութիւն չէ, այլ պարզապէս քաղաքականութիւն՝ յանուն սեփական շահերու։ Մեկնելով Թուրքիոյ ազգային միասնութեան գաղափարէն՝ ոչ իսլամներուն ժողովրդավար կերպով չեն վերաբերիր եւ կը դիտեն իբրեւ վտանգ։ «Սակայն մենք չենք կրնար այս իրավիճակին մէջ լուռ մնալ։ Շարունակ անոնց կը յիշեցնենք մեր դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը։ Իբրեւ արդիւնք՝ 2015 թուականին շատ բան փոխուած պիտի չըլլայ, սակայն մենք, աւելի շատ աչքի զառնելով, պիտի աշխատինք տէր կանգնիլ մեր իրաւունքներուն։ Պիտի շարունակենք մեր պայքարը մինչեւ Թուրքիոյ մէջ ձեւաւորուի ժողովրդավարութեան մշակոյթ։

Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ գոյութիւն ունեցող սառոյցին՝ Կիւլթեքին կը յայտնէ, որ «բնականաբար, մենք պիտի չմոռնանք Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ պետութեան պիտի ստիպենք, որ ընդունի ցեղասպանութիւնն ու Թուրքիոյ՝ ազգութեամբ հայ քաղաքացիներուն նայի իբրեւ հաւասար։ Սակայն պիտի փորձենք ոչ թէ Թուրքիոյ մէջ բնակող տարբեր հատուածները դիտել իբրեւ թշնամի, այլ հակառակը՝ ընդուիլ տալ մեր ճշմարտութիւնը, միաւորել մեր մշակութային ընդհանրութիւնները, բանալ սահմանի դռները՝ զարգացնել առեւտրական եւ մշակութային յարաբերութիւնները։ Սակայն չի թուիր, որ այս ամէնը մօտիկ ապագային իրագործելի պիտի ըլլան»։

 

ՏԵՐՍԻՄԻ ՄԱՍԻՆ

 

Մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբ, Տերսիմի բնակչութեան զգալի մասը հայ էր: Տերսիմի մէջ նախքան թրքացումը, հայկական եղած են նաեւ տեղանունները:

Թրքական յաջորդական կառավարութիւններու օրով, քանդուած եւ գետնին հաւասարեցուած են Տերսիմի հայկական բոլոր եկեղեցիները:

Պատմութեան ընթացքին, Տերսիմի շատ մը գիւղերու մէջ, հայ եւ քիզիլպաշ – ալեւի (ալաուի) բնակչութիւնները համերաշխօրէն կ՚ապրէին, մինչեւ իսկ քիզիլպաշ երեխաներ հայկական վարժարան կը յաճախէին եւ հայերէն կը սորվէին: Հայերը լեռնային տերսիմցիներու քիրվաներն (կնքահայր) էին։ Օտար պատմաբաններ կը հաստատեն, որ 17-րդ դարէն սկսեալ, Պինկէօլի, Սեբաստիոյ, Երզնկայի եւ Խարբերդի շրջաններուն մէջ ապրող հայեր, չդիմանալով Օսմանեան թուրքերու ճնշումներուն, կը հաստատուէին Տերսիմ եւ կրօնափոխ դառնալով կ՚ընդունէին ալեւիականութիւնը (իսլամական շիա յարանուանութեան մէկ ճիւղը)։

Ցեղասպանութեան տարիներուն, տերսիմցիները ապաստան տուած են աւելի քան 40 հազար հայերու: Ցեղասպանութեան հանգրուանին, Տերսիմ ապաստանած շատ մը հայեր ալեւի դարձած են՝ իւրացնելով տերսիմցիներու ապրելակերպը:

1938-ին, թրքական ճնշումներուն դէմ ծառացան Տերսիմի ցեղախումբերը՝ Սէյիտ Ռիզայի գլխաւորութեամբ: Ըստ տերսիմցի արդի ժամանակներու մտաւորականներու, 1938-ի յեղափոխութեան տերսիմցիներու կողքին զէնք վերցուցած են դաւանափոխ դարձած հազարաւոր հայեր, իսկ ապստամբութեան տխուր վախճանին յաջորդող քեմալական բանակի ջարդերուն՝ տերսիմցիներու կողքին սպանուած եւ ջարդուած են նաեւ հայեր։

Այսօր, եւրոպացի կարգ մը պատմաբաններու կողմէ ընդունուած է այն տեսութիւնը, որ 1937-38 քեմալական ուժերու կողմէ ջարդուած են 70 հազար տերսիմցիներ եւ հայեր։

Մինչեւ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը Տերսիմի տարածքին գործած են 45 հայկական եկեղեցիներ եւ 5 վանքեր: Անցնող երկու տարիներուն շատ մը տերսիմցիներ սկսան վերադառնալ իրենց հայկական արմատներուն: Այսօր Տերսիմի մէջ կը գործէ նաեւ Տերսիմցի հայերու հայրենակցական միութիւնը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.