Պելճիքայի թագաւորական ակադեմիոյ կազմակերպութեամբ՝ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան նուիրուած երկօրեայ խորհրդաժողով


Պելճիքայի Թագաւորական ակադեմիոյ հովանաւորութիւնը վայելող երկօրեայ խորհրդաժողով մը տեղի կ’ունենայ Պրիւքսելի մէջ, 20-21 Փետրուար 2014ին, նուիրուած Սեւծովեան տարածաշրջանի մէջ բնակող յոյն ազգաբնակչութեան ցեղասպանութեան նիւթին:

Խորհրդաժողովի բացումը պիտ կատարէ Պելճիքայի ակադեմիոյ նախագահ Պուտէն Տեշարնօ: Դասախօսութիւններով ելոյթներ պիտի ունենան Աթէնքի Փանտիօ համալսարանի դասախօս փրոֆ. Թէոֆանիս Մալքիտիս («Յոյներու ցեղասպանութիւնը եւ միջազգային ընկերութիւնը» նիւթով), Պերլինի համալսարանի դասախօս տոքթ. Թեսա Հոֆման, Մոնփէլիէի համալսարանի դասախօս Իվ Թերնոն, Հարվարտ համալսարանի դասախօս Ճենիֆըր Ռայլի Քելոկ եւ այլ դասախօսներ:

Նիւթերը կ՚ընդգրկեն հետազօտական, պատմական ներկայացումներ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած յոյներու ցեղասպանութեան մասին: Կազմակերպիչները կարեւոր կը նկատեն նաեւ քննարկումները՝ իրադարձութիւններու ճանաչման գործընթացի վերաբերեալ:

Պոնտոսի յոյները վերջին տասնամեակին ընթացքին աշխոյժ աշխատանք կը ծաւալեն՝ պահանջելով ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ: Հակառակ հարցի արծարծման կարճ ժամանակին, այս ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման մասին մեծ ոստումներով կը յառաջանայ Յոյներու ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցը, յատկապէս ԱՄՆի եւ Աւստրալիոյ մէջ, ուր յունական մեծաթիւ համայնքներ գոյութիւն ունին:

Պոնտոսի եւ Սեւ Ծովու ափի յոյներու ցեղասպանութիւնը սկիզբ առաւ 1915-ին եւ տեւեց մինչեւ 1923։ Ըստ ցեղասպանագէտներու, թուրքերու կողմէ՚ գործադրուած այդ ջարդերուն զոհ գացած են 350 հազար պոնտացի յոյներ։ 1994-ին, Յունաստանի խորհրդարանի որոշումով, Մայիս 19-ը հռչակուեցաւ Պոնտոսի Յոյներու Ցեղասպանութեան  Օր։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.