Գուրգէն Մարգարեան (1978-2004). Հակական Բանակի երիտասարդ սպան, որ զոհ գնաց թրքացեղ ազերիի հակահայ ատելավառութեան


 

19 Փետրուար 2004-ին, Պուտափեշտի մէջ կացինահար կը սպաննուէր հայոց բանակի սպայ Գուրգէն մարգարեանը, ատրպէյճանեան Բանակի սպաներէն՝ հայասպան Րամիլ Սաֆարովին կողմէ։

Վերջին տարիներու ընթացքին շատ գրուեցաւ Սաֆարովեան ամօթալի գործարքին մասին։ 2012-ի Օգոստոսի 30-ին, Հունգարիոյ իշխանութիւնները որոշեցին Ատրպէյճանին արտայանձնել Պուտափեշտի մէջ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած ազերի մարդասպանը։ Սաֆարով իր գործած քստմնելի ոճիրին համար երբեք զղջում չարտայայտեց, ոչ ալ ամչցաւ յոխորտալու, թէ ազգային ատելութենէ մղուած կացնահարած էր հայ սպան, անոր քնացած պահուն։

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները իրենց կարգին, թէ՛ Սաֆարովի դատավարութեան ժամանակ եւ թէ այնուհետեւ, ոչ միայն «արդարացի» նկատեցին սոսկ հակահայ ատելավառութենէ թելադրուած մարդասպանութիւնը, ոչ միայն առաջին իսկ օրէն «ազգային հերոս» հռչակեցին Սաֆարովը, այլեւ՝ Թուրքիոյ իշխանութեանց հետ գործակցաբար ձեռնարկեցին դիւանագիտական եւ միջ-պետական երկարատեւ բանակցութեանց, որպէսզի ի հարկին Հունգարիոյ իշխանութիւնները կաշառելով՝ ապահովեն արտայանձնումը հայասպան ոճրագործին։

Այդ պատճառով ալ պիղատոսեան կեղծիքէ մը անդին չ՚անցնիր հունգար իշխանութեանց ա՛յն չքմեղանքը, թէ Սաֆարովի արտայանձնումը 

1) համապատասխան էր միջազգային օրէնքով ու գործարկումով նախատեսուած ցկեանս բանտարկեալները իրենց հպատակութեան երկրին յանձնելու եւ դատավճիռը հոն կրելու «օրինական» վարքագծին։ 

2) Հունգար իշխանութիւններուն համար, իբր թէ, անակնկալ էր ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած Սաֆարովը անմիջապէս ներման արժանացնելու, ազատ արձակելու եւ ազգային հերոսի պէս մեծարելու Իլհամ Ալիեւի անընդունելի քայլը։

Տակաւին մինչեւ այսօր հայ ժողովուրդը, աշխարհի չորս ծագերուն, կը շարունակէ բողոքի բուռն ցոյցերով ու քաղաքական լայնածաւալ ճնշումի նախաձեռնութիւններով պահանջել սրբագրումը Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուած աններելի այս գործարքին։ Բայց միջազգային քաղաքական կեանքը երկու չափ, երկու կշիռով ղեկավարող մեծապետական ուժերը, ըստ երեւոյթին, դեռ բաւականաչափ շահագրգռուած չեն, որպէսզի Ալիեւին ստիպեն յարգելու միջազգային օրէնքն ու Իրաւունքի եւ Արդարութեան պաշտպանութեան հիմնարար արժէքները։

Գուրգէն Մարգարեան ծնած էր Երեւան՝ 26 Սեպտեմբեր 1978ին։ Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած էր Երեւանի թիւ 122 դպրոցին մէջ։ Այնուհետեւ ընդունուած էր Երեւանի Պետական Ճարտարագիտական (Engineering) Համալսարանը, աւարտած էր զայն եւ զօրակոչուած բանակ, որուն եւ միացաւ իբրեւ նորագիր սպայ՝ զօրակոչման շրջանի աւարտէն ետք։

ՆԱԹՕ-ի հետ գործակցութեան ծրագիրներու հետեւող Հայկական Բանակի յանձնարարութեամբ, Գուրգէն Մարգարեան 11 Յունուար 2004-ին ղրկուեցաւ Հունգարիա՝ Պուտափեշտ, ՆԱԹՕ-ի նախաձեռնած անգլերէն լեզուի վարժեցման եռամսեայ ծրագրի մը մասնակցելու համար։ Բազմազգեան սպայական կազմի մը համար նախատեսուած այդ վարժեցման ծրագրի օրերուն էր, 19 Փետրուար 2004-ին, որ Գուրգէն Մարգարեան զոհ գնաց Սաֆարովի հայասպանական քստմնելի ոճրագործութեան։

Գուրգէն Մարգարեանի կացնահար սպաննուած մարմինը օրին բերուեցաւ Երեւան եւ թաղուեցաւ Երեւանի Զինուորական գերեզմանատան մէջ։Հայ ժողովուրդը արդարութեան վերականգնումը տակաւին պարտք է իր նահատակ սպային։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.