Հայ Թեկնածու մը Կը Մասնակցի Թուրքիոյ քաղաքապետական Ընտրութիւններուն


 

Թուրքիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընթացքին, քրտամէտ Ժողովրդային ժողովրդավար կուսակցութիւնը Պոլսոյ Պաքըրքոյ թաղամասի թաղապետի պաշտօնին առաջարկած է Նուարդ Պաքըրճըօղլուի թեկնածութիւնը:

 «Ակօս» թերթը, որ հարցազրոյց մը կատարած էր Պաքըրճօղլուի հետ, գրած է, որ Պաքըրքոյը Պոլսոյ ամենախիտ բնակուած եւ տնտեսապէս զարգացած թաղամասերէն է եւ կը համարուի քեմալական Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան միջնաբերդը:
Պատասխանելով «Ակօս»ի այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս ընդնուած է թեկնածու դառնալու առաջարկը, հակառակ անոր, որ ան ցարդ քաղաքականութեամբ չէ զբաղած` Նուարդ Պաքըրճըօղլու ըսած է. «Քիւրտերու հետ երկար ժամանակ միասին ապրած ենք:

0ականներէն կը հետեւիմ քրտական շարժումին: Ի հարկէ, որոշ մտավախութիւններ կան, քանի որ հայ եմ: Կը հետեւիմ Ժողովրդային ժողովրդավար կուսակցութեան գործունէութեան. որոշ հայեր կ՛աշխատին այս կուսակցութեան մէջ, ինչ որ շատ հաճելի է: Շատ ուրախալի է նաեւ հայ ըլլալ եւ զբաղիլ քաղաքականութեամբ. ինծի առաջարկեցին թեկնածու ըլլալ եւ ես համաձայնեցայ, որովհետեւ շատ կարեւոր է ապրիլ խաղաղութեան մէջ եւ ապրիլ իբրեւ իրաւահաւասար քաղաքացի: Ժողովրդային ժողովրդավար կուսակցութեան դիրքորոշումը գրաւիչ է. ես կրնամ անոր մէջ դրսեւորել ինքնութիւնս»:

Խօսելով ընտրուելու պարագային իր առնելիք քայլերուն մասին` Պաքըրճըօղլու ըսած է. «Կեզի«ի իրադարձութիւնները ցոյց տուին, թէ մարդիկ կը փափաքին, որ իրենց թաղամասին խնդիրները քննարկուին իրենց հետ: Ամենակարեւոր ծրագիրը ազդեցիկ տեղական մարմիններ ստեղծելն է: Կը փափաքիմ նշեալ մարմիններուն աւելի կարեւոր դերակատարութիւն ապահովել», ապա աւելցուցած է, որ կարեւոր կը համարէ Պաքըրքոյի մէջ ասորական եկեղեցւոյ կառուցումը:

Պաքըրճըօղլուի մեծ հայրը բռնի կերպով իսլամացուած է, սակայն յետագային ան կրկին քրիստոնեայ դարձած է: Ան նաեւ ասորական արիւն ունի: Պաքըրճըօղլուի կողքին, նոյն կուսակցութիւնը Պոլսոյ Ատալար թաղամասի թաղապետի թեկնածուներուն մէջ ընդգրկած է ազգութեամբ հայ Կայուշ Չալըքման Կաւրիլոֆին, իսկ Շիշլի թաղամասի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն առաջադրած է Բագրատ Էսթուքեանի թեկնածութիւնը:

Թուրքիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Մարտ 30ին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.