Արթիւր Նազարեան Լիբանանի Ուժանիւթի նախարար նշանակուեցաւ


 

Լիբանանի վարչապետ Թամամ Սալամ Փետրուար 15-֊ին կազմեց Լիբանանի կառավարութեան նոր դահլիճը։

Կառավարութեան յայտարարութենէն ետք վարչապետ Թամմամ Սալամ հաստատեց, որ կառավարութիւնը պիտի ջանայ երկրին մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել, ինչպէս նաեւ գործել քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ գործակցելով։ 

Նորակազմ կառավարութեան մէջ Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար նշանակուեցաւ Արթիւր Նազարեանը։ Նշենք, որ Հայկական  երեսփոխանական պլոքի անդամ, Նազարեանի անունը առաջադրուած էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.