Մօտ 170 Հազար Հայաստանցիներ Պիտի Չկարենան Ռուսիա Մտնել


ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Մօտ 170 հազար Հայաստանի քաղաքացիներ, որոնց Ռուսիոյ մէջ գտնուելու ժամկէտը լրացած է, եւ որոնք ձեռք չեն բերած աշխատանքային գործունէութեան համար փաստաթուղթեր, կը գտնուին Ռուսիա մուտք գործելու արգելքի վտանգին ենթակայ խումբին մէջ։ Այս մասին գրած է «Կազեթա.Ռու» կայքը՝ յղում ընելով Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան գաղթականութեան հարցերով աշխատակից Սվետլանա Ստեպանովային: Անոնց համար արգելքը պիտի տեւէ 3-5 տարի՝ Ռուսիոյ մէջ կեցութեան պայմաններու խախտումներուն համաձայն:
Կայ նաեւ այլ երեւոյթ մը, որ մեծ թիւով հայաստանցիներ Ռուսիոյ մուտքի արգելքին մասին գիտցած են օդանաւային տոմս գնելէ եւ Հայաստանէն երթալու պատրաստուելէ ետք: Անոնք այս մասին գիտցած են օդակայանին մէջ։ Անկէ ետք անոնց չեն վերադարձուած տոմսերը, ինչպէս նաեւ չեն տրուած մերժման վերաբերող բացատրութիւններ, ինչ որ զայրոյթ պատճառած է հայաստանցիներուն։
Սվետլանա Ստեպանովան նաեւ յայտնած է, որ Ռուսիոյ մէջ կ՛ապրին 800 հազար Հայաստանէն աշխատանքի համար գաղթած քաղաքացիներ, որոնք առանց վիզայի Ռուսիոյ մէջ մնալու իրաւունք ունին միայն 90 օր: Անկէ ետք անոնք պէտք է լքեն Ռուսիան եւ վերադառնան միայն երեք ամիս անց: Այդ օրէնքին համաձայն՝ տարուան սկիզբէն մինչեւ 10 Փետրուար ներառեալ արգիլուած է 573 հազար օտարներու Ռուսիա մուտքը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.