5 ազրպէյճանցի զինեալներ եւս սպաննուած են Սուրիոյ մէջ


 

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները Փետրուար 14-ին հաղորդեցին, որ Սուրիոյ մէջ սպաննուած են 5 ազրպէյճանցի զինյալներ, որոնք Սումգայիթ քաղաքէն են։ ազրպէյճանական APA լրատուական գործակալութիւնը, յղում կատարելով «մուճահիտներու» կայքերուն, սակայն չնշելով այդ կայքերու անունները, կը հաղորդէ, թէ սպաննուած զինեալներու անուններն են Հանզալա Սումգայիթլի, Ապտուլ Վահիտ Սումգայիթլի, Ապտուլմալիք Սումգայիթլի, Ատու Դավիդ Սումգայիթլի և Ապու Ռազաք։ Բոլորն ալ Սուրիոյ ընդդիմադիր զինեալներու շարքերուն մէջ կռուող զինեալներ են։

 

Ըստ ատրպէյճանական լրատու գործակալութեանց, 2014-էն ի վեր Սուրիոյ մէջ 21 ազրպէյճանցի ահաբեկիչ սպաննուած է, իսկ պատերազմի սկիզբէն ի վեր սպաննուած ազրպէյճանցի զինեալներու թիւը 100 է: Ըստ սուրիական եւ արաբական պաշտօնական լրատուամիջոցներու, Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր արմատական իսլամական խմբաւորումներու կողքին կը կռուին 250-300 ազրպէյճանցիներ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.