Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը՝ Անհրաժեշտ, Բայց՝ Ոչ Բաւարար


 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

 

Որքան կը մօտենայ 2015 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, այնքան աւելի թուրք ղեկավարները կ’իյնան միջազգային հանրութեան ճնշումին տակ` իրենց նողկալի անցեալին հետ առերեսուելու եւ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար: Յատկանշական է, որ վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հրապարակային յայտարարութիւններ հնչեցին եւրոպական երեք պետութիւններու` Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Չեխիոյ Հանրապետութեան ղեկավարներուն կողմէ:

Անցեալ ամիս Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, առանց օգտագործելու ցեղասպանութիւն եզրը, կոչ ուղղեց Թուրքիոյ ղեկավարներուն՝ առերեսուելու իրենց պատմութեան հետ. «Յիշողութեան ջանքերը միշտ ալ ցաւոտ են… բայց պէտք է ընել: Մեզի համար անհրաժեշտ է հաշտութիւն իրականացնելը` անցեալին տեղի ունեցածը ուսումնասիրելու եւ ճանչնալու միջոցով… Ճանչնալով պատմական իրադարձութիւնները դուք կը բարձրանաք ոչ միայն ձեր սեփական աչքին, այլ նաեւ՝ աշխարհին աչքին»: Նախագահ Հոլանտ նաեւ առանձին հանդիպում ունեցաւ սպաննուած թրքահայ լրագրող Հրանդ Տինքի այրիին` Ռաքէլ Տինքին հետ:

Անցեալ շաբաթ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւս նման իմաստուն խորհուրդ մը տուաւ իր երկիր այցելած Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին. «Թուրքիան պէտք է հաշտուի իր պատմութեան հետ»: Հետաքրքրական է, որ Էրտողան ինք բարձրացուց այս հարցը` բողոքելով, որ Գերմանիան մտադիր է գումար յատկացնել Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման համար:

Չեխիոյ Հանրապետութեան նախագահ Միլոշ Զեման աւելի հեռու գնաց, քան՝ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարները, փաստացի օգտագործելով Հայոց ցեղասպանութիւն եզրը, երկու շաբաթ առաջ նախագահ Սերժ Սարգսեանի` Փրակա կատարած այցելութեան ժամանակ. «Յաջորդ տարի պիտի նշուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: 1915 թուականին 1.5 միլիոն հայեր սպաննուեցան»:

Թէեւ կը սպասուի, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ միջազգային ճնշումը Թուրքիոյ կառավարութեան վրայ աւելի բուռն պիտի դառնայ, սակայն հայերը պէտք է զգուշանան, որպէսզի չխաբուին նման բարեմիտ, սակայն երբեմն շահախնդիր յայտարարութիւններէ: Նոյնիսկ եթէ նման ճնշումները դրդեն Թուրքիոյ ոեւէ ղեկավարի ընդունելու օսմանեան կառավարութեան մեղաւորութիւնը ջարդերու կամ անգամ ցեղասպանութեան իրագործման մէջ, ապա անիկա չի կրնար լիարժէք բաւարարել հայ ժողովուրդին արդար պահանջները: Իրականութեան մէջ, Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման ակնկալումը կրնայ հակառակ արդիւնք տալ, քանի որ, եթէ եւ երբ Թուրքիան ճանչնայ զայն, ամբողջ աշխարհը, ներառեալ հայերը, կրնան սխալմամբ ենթադրել, որ իրականացած է իրենց երկար սպասուած երազանքը…

Քանի մը տասնամեակ առաջ, երբ աշխարհը տակաւին անտեղեակ էր Հայոց ցեղասպանութեան հիմնական փաստերէն, անոր ճանաչումը միջազգային հանրութեան եւ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ հրատապ էր: Սակայն ներկայ հագրուանին, երբ երկու տասնեակէ աւելի երկիրներ, բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններ եւ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, սոսկ ճանաչումը այլեւս վերջնական նպատակ չէ:

Այժմ հայերը եւ բարի կամքի տէր բոլոր մարդիկ, ճանաչումէն այն կողմ, պէտք է արդարութիւն պահանջեն օսմանեան թուրք առաջնորդներու կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան համար: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Գերմանիան փոխհատուցում վճարած է Ողջակիզումին համար, այնպէս ալ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդը, պէտք է միլիառաւոր տոլարներու փոխհատուցում վճարէ եւ վերադարձնէ թալանուած հայկական ունեցուածքներն ու բռնագրաւուած հողերը:

Ձգտելով դէպի արդար հատուցում՝ հայերը պէտք է օգտագործեն բոլոր հնարաւոր միջոցները` քաղաքական ճնշում, տնտեսական պոյքոթ, ցոյցեր եւ դատական հայցեր, Թուրքիոյ ղեկավարներուն գիտակցիլ տալու, որ աւելի նպաստաւոր է բանակցիլ Հայաստանի կառավարութեան եւ սփիւռքի ներկայացուցիչներուն հետ` արդարացի լուծում գտնելու այս երկարատեւ անարդարութեան համար: Քանի որ առկայ են զգալի անհամաչափութիւններ երկու կողմերու քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական կարողութիւններուն միջեւ, հայերը չեն կրնար ստանալ իրենց բոլոր պահանջները մէկ օրուան մէջ, սակայն պէտք է պնդեն, որ թուրք պաշտօնեաները իրենց առաջարկեն այնքան փոխհատուցում, որքան կարելի է՝ հանգրուանային եղանակով վերջնական լիակատար արդարութեան հասնելու համար:

Հայոց ցեղասպանութեան հարցին արդարացի լուծումը մեծ օգուտ պիտի բերէ Թուրքիոյ, որ միջազգային հանրութեան կողմէ բարձր գնահատանքի պիտի արժանանայ որպէս յառաջադէմ եւ քաղաքակիրթ երկիր: Կրնայ ըլլալ նոյնիսկ անոր առաջնորդները ներկայացուին խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակին: Ճանաչումը` փոխհատուցման հետ միատեղ նաեւ կը դիւրացնէ Թուրքիոյ մուտքը Եւրոմիութիւն: Հակառակ պարագային, Հայոց ցեղասպանութեան հետ առերեսման գալու շարունակական մերժումը պիտի երկարաձգէ թուրք ժողովուրդին անբաղձալի իրավիճակը` մնայուն կերպով անոնց յիշեցնելով իրենց նախնիներուն կատարած ոճրագործութիւնները եւ անընդհատ նուաստանալով ամբողջ աշխարհին առջեւ՝ իբրեւ ցեղասպանութեան ժխտողներ:

Եթէ Թուրքիոյ ղեկավարները խիզախութիւնը ունենան լուծելու իրենց հայկական կնճռոտ խնդիրը, հայ ժողովուրդը վերջապէս պիտի սկսի ստանալ իր կորուստներու երկար սպասուած հատուցումը, վայելել տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական աւելի կենսունակ եւ անվտանգ հայրենիք, յուսալով, որ ապաշխարած հարեւանը աւելի հակուած պիտի ըլլայ խաղաղ գոյակցութեան:

Թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

 Արեւմտահայերէնի վերածեց`«Եռագոյն» կայքը


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.