Կուտակայինին Դէմ Կը Բողոքեն Նաեւ Երեւանի Մեթրոյի Աշխատակիցները
- (0)
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Երեւանի Կ. Դէմիրճեանի անուան մեթրոյի քանի մը տասնեակ աշխատակիցներ 12 Փետրուարին բողոքի ցոյց կատարած են մեթրոյի վարչական շէնքին մօտ՝ պահանջելով վերադարձնել իրենց աշխատավարձերէն կատարուած պարտադիր կուտակային պահումները:
Ցուցարարները՝ հիմնականին մէջ մեքենավարներ ու փականագործներ, ստացած են Յունուար ամսուան աշխատավարձը, եւ պարզուած է, որ անիկա զեղչուած է 10-14 հազար դրամով: Անոնք կը պնդեն, որ մեթրոյի ղեկավարները այս մէկը ըրած են գաղտնի, առանց հաշուի առնելու Սահմանադրական դատարանի որոշումը:
Անակնկալի եկած մարդիկ կը պահանջէին վերադարձնել այդ գումարները. կազմակերպած են ստորագրահաւաք ու իրենց պահանջքը գրաւոր ներկայացուցած մեթրոյի տնօրէնութեան:
«Պահանջում ենք, առաջինը, որ մեր գումարները հետ վերադարձնեն: Երկրորդը՝ չենք ուզում, որ այդ կենսաթոշակային ֆոնդը գործի», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է ցուցարարներէն մէկը:
«90 հազարով ապրող մարդը, 5-8 հազար պահւում է, ու ամէն ինչի գները բարձրանում են, ես ո՞նց եմ պահելու իմ երեխեքին: Վաղը-միւս օրը ես իմ երեխայի համար ի՞նչ ապագայ եմ ստեղծելու», վրդոված աւելցուցած է ուրիշ մը:
Որոշ աշխատակիցներէ կատարուած կրճատումները աւելի մեծ են՝ 14 հազար դրամ, ինչ որ, ըստ անոնց, զգալի հարուած է իրենց ընտանեկան պիւտճէներուն. «Փաստացի դուրս եկաւ աշխատավարձի իջեցում: Ինչ ուզում էք սրա անունը դրէք»:
Մեթրոյի աշխատակիցները նաեւ նշած են, որ երբեք վստահ չեն, թէ 30-40 տարի ետք պիտի ստանան իրենցմէ առնուած գումարները. «30 տարի յետոյ համակարգը լրիւ վարի գնաց, ի՞նչ են անելու: Ո՞նց են այդ գումարները հետ վերադարձնելու»:
Մեթրոյի տնօրէնութիւնը խոստացած է յառաջիկայ օրերուն արձագանգել աշխատակիցներուն պահանջներուն: Մեքենավարներն ու փականագործները առայժմ գործադուլի դիմելու սպառնալիք չեն ներկայացներ, սակայն կը զգուշացնեն, որ իրենց իրաւունքները պաշտպանելու համար մինչեւ ծայր պիտի երթան. «Կը դիմենք աւելի վերեւ՝ քաղաքապետարան, կառավարութիւն: Եթէ կառավարութիւնն էլ արդէն չարեց, յետոյ կ՛որոշենք»:
Մեթրոյի աշխատակցիներու բողոքին միացած էին «Դէմ եմ» նախաձեռնութեան անդամները: Անոնք ցուցարարներուն յորդորած են չենթարկուիլ գործատուին «շանթաժ»ին ու ճնշման, պայքարիլ սեփական իրաւունքներուն համար. «Անցել է այն ժամանակը, երբ պէտք է ժողովրդին ճնշեն, ժողովրդին վախեցնեն աշխատանքից հեռացնելու սպառնալիքով: Դա նոյնիսկ քրէօրէն պատժելի է: Ձեր գումարները ձեր սեփականութիւնն են, եւ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած է, որ դուք ինքներդ էք իրաւասու այն տնօրինել ըստ ձեր հայեցողութեան: Ցանկացած պահում ձեր աշխատավարձից առանց ձեր համաձայնութեան նոյնպէս օրէնքի խախտում է»: