«ԱԶԳԻ ԱՌԱՔԵԱԼ» ՅՈՒՇԱՄԵՏԱԼ ՀՐԵԱՆԵՐՈՒ ՓՐԿԱՐԱՐ ԲԺԻՇԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻՆ


 

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին ռազմական բժիշկ Յարութիւն Խաչատրեան (1915-1985) փրկած է նացիներու կողմէ հալածուող հրեաներու կեանքը: Ան յետմահու արժանացած է Իսրայէլի «Ազգի Առաքեալ» յուշամետալին (Righteous Among the Nations Award) Հրէական Ողջակիզումի Եատ Վաշեմ  հիմնարկին կողմէ։

Փետրուար 4-ին, Երեւանի մէջ կայացած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Իսրայէլի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Շմուէլ Մայրոմ եւ Հայաստանի մէջ Իսրայէլի հիւպատոս Աշոտ Շախմուրատեան յուշամետալը յանձնեցին «Ազգի Առաքեալ» Յարութիւն Խաչատրեանի թոռնուհիին՝ երգչուհի Աննա Խաչատրեանին։

Ինչպէս նշեց դեսպան Շմուէլ Մայրոմ՝ ռազմական բժիշկ Յարութիւն Խաչատրեանի պատմութիւնը բացայայտուած է շնորհիւ «Ռաուլ Վոլենպերկ» միջազգային հիմնադրամի ն, որ անցեալ տարի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ներկայութեամբ յուշամետալ յանձնեց Խաչատրեանի ընտանիքին։

Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս ձեռնարկը նուիրուած է ոչ միայն մէկ մարդու փրկութեան, այլ նաեւ հայ եւ հրեայ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակներու ոգեկոչման արարողութիւն է։

Համշախարհային Բ պատերազմէն 18 տարի ետք, 1963-ին հրէական Եատ Վաշեմ կազմակերպութիւնը հիմնեց համաշխարհային ծրագիրը մը՝ «Ազգի Առաքեալ» կոչումով պարգեւատրելու համար բոլոր այն ոչ հրեաները, որոնք Ողջակիզումի ժամանակ իրենց կեանքը վտանգելով՝ փրկած են հրեաներ։ Այս նախագիծը իր տեսակին մէջ միակն է ամբողջ աշխարհի մէջ։ 2013-ի մայիսի դրութեամբ՝ «Ազգի Առաքեալ» ճանչցուած են 24 811 անհատներ, որոնցմէ 22-ը Հայաստանէն են։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.