ՄԷԿ ՌԱՅԸՆ ՊԻՏԻ ԲԵՄԱԴՐԷ ՍԱՐՈՅԵԱՆԻ «ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԱՏԱԿԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ» ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԸ


Ուիլիըմ Սարոյանի 1942-ին գրած «Մարդկային կատակերգութիւնը» (The Human Comedy) վէպը անգամ մը եւս շարժանկարի պիտի վերածուի։ Ի միջի այլոց, 1943-ին Քլարընս Պրաունի շարժանկարի դիպաշարը գրելուն համար Ուիլիըմ Սարոյեան «Օսքար» մը ստացած էր։ Վէպի նոր նկարահանումը պիտի կոչուի «Իթաքա»(Ithaca). բեմադրիչն է հոլիուտեան յայտնի դերասանուհի Մեկ Ռայըն, արտադրողը՝ դերասան Թոմ Հենքս։ 

Դիպաշարի նոր յարմարեցումը գրած է Էրիք Ենտրեսենը, որ Հենքսի հետ աշխատած է Brothers in Arms ֆիլմաշարին վրայ, իսկ դերասանական կազմին մէջ պիտի ըլլան նոյն ինքն՝ Մեկ Ռայընը, ինչպէս նաեւ Սեմ Շեփըրտը, Մելընի Կրիֆիթն ու Ճէք Քուէյտը։

Շարժանկարի գործողութիւնը, սարոյանական «Մարդկային կատակերգութիւնը»-ի նման տեղի պիտի ունենայ 1942-ին, Քալիֆորնիոյ փոքր քաղաքներէն մէկուն՝ Իթաքայի մէջ։ Նիւթի առանցքը պատմութիւնն է 14-ամեայ Հոմերոս Մաքոլիի, որուն եղբայրը մեկնած է պատերազմի, կրտսեր եղբօր խրատելով հոգ տանիլ այրի մօր, աւագ քրոջ եւ 4-ամեայ եղբօր՝ Ուլիսի։ Հոմերոս Իթաքայի նամակաբաշխն է։

Մասամբ կենսագրական, «Մարդկային կատակերգութիւնը» կը համարուի ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն մէկը։ 1943-ին շարժանկարի վերածուելով «Օսքար»-ի թեկնածու առաջադրուած էր 5 դասակարգի մէջ՝ «լաւագոյն շարժանկար», «լաւագոյն բեմադրիչ», «լաւագոյն դերասան» (գլխաւոր դերը ստանձնած էր Միքի Ռունին), «լաւագոյն նկարիչի աշխատանք» եւ «լաւագոյն գրական սկզբնաղբիւր»։ «Օսքար» ստաձաւ վերջին դասակարգին համար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.