31 նորագիրներ համալրեցին ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի շարքերը
1898
0
Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներու ընթացքին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան 131-ամեակին առիթով, Գանատայի մէջ կազմակերպուեցան նորագիրներու երդման արարողութիւններ։ Արարողութեանց ընթացքին, Գանատայի տարբեր շրջաններէ 31 նորագիրներ համալրեցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերը:
Երիտասարդները երդուեցան միշտ հաւատարիմ մնալ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծրագրին, կանոնագրին եւ որոշումներուն, եւ ծառայել Հայաստանի ու հայութեան արդար դատին:
Նորագիրները հետեւած էին դաստիարակչական յատուկ ծրագրի, որ կ՚ընդգրկէր կուսակցութեան պատմութեան, գաղափարախօսութեան եւ քաղաքական ուղեծիրի բնագաւառները։
Արարողութեանց առաջինը կայացաւ Յուլիսի 25-ին, Խանասորի արշաւանքի օրը: Օրուայ խորհուրդով՝ 31 նորագիրներու այս փաղանգը կոչուեցաւ «Խանասորի սերունդ»: