«ՅՈՒՆՈՒԱՐ 20-31, ՍԱՀՄԱՆԱԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ 8 ԶԻՆՈՒՈՐ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԱԾ Է», ԿԸ ԳՐԷ «ՌԵԿՆՈՒՄ»
Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութեան կը հաղորդէ, որ «Ազրպէյճանական կողմը Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան հետ սահմանագիծի գօտիին մէջ յունուարի 20-31 երկարող ժամանակահատուածին, զինուորական գործողութիւններու իբրեւ հետեւանք 8 զոհ եւ 20 վիրաւոր ունեցած է»։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ հակառակորդը հեռանալու ընթացքին իր ետին որոշակի քանակութեամբ զէնք ձգած է։
«Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէ կատարուած հետախուզական երկու գործողութիւններու եւ հրադադարի դրութեան խախտման շուրջ 3000 դէպքերու ընթացքին՝ ղարաբաղեան կողմը մարդկային երկու կորուստ ունեցած է», կ՚ըսուի հաղորդագրութեան մէջ, որուն մէջ կը նշուի, որ լարուածութիւնը աւելի սրուած է, երբ յունուարի 19-ի լոյս 20-ի գիշերը կանխարգիլուած է սահմանագիծի հիւսիսարեւելեան եւ հարաւարեւելեան ուղղութիւններով հակառակորդի հետախուզական ջոկատներու Լեռնային Ղարաբաղի տարածք ներխուժելու փորձերը։
Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութենէն «Ռեկնում»-ի յայտնած են, որ տարբեր տրամաչափի գնդաձիրներէ բացի՝ հակառակորդը որոշ հատուածներու մէջ որոշակի քանակութեամբ ռազմական ծանր զէնքեր օգտագործած է։ Ընդհանուր առմամբ՝ ազրպէյճանական կողմէն նշեալ ժամանակահատուածի ընթացքին արձանագրուած է զինադադարի խախտման 1700 դէպք, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի ուղղութեամբ աւելի քան 10 հազար փամփուշտ արձակուած է։