Էջեր Հալէպահայի մը օրագրէն


 

ԺԵ – ԺԶ – ԺԷ

Գիրքերու եւ պատերազմի մասին: 

Մտաւորական երկու բարեկամներ խորհուրդ տուեր էին չանցնող ժամանակը ընթերցումով անցնել. Կարծես պէտք ունենայի նման խորհուրդի, ես որ իմ առանձին անցուած ամբողջ մանկութիւնս գիրքերով եւ անոնց հերոսներով շրջապատուած ապրեր եմ: 

Այս երկու չարաբաստիկ տարիներու սկիզբը ձեռքերուս մէջ էր Եասմինէ Խատրայի «Քապուլի Ծիծեռնակները» գիրքը: Հաճոյքով սկսեր էի ընթերցումը, որովհետեւ լաւ գրուած վէպ մըն էր, բայց այնքան ցաւով, այնքան վախով աւարտի բերեր էի զայն, որովհետեւ իւրաքանչիւր էջին աչքերուս տեսիլքի պէս կ՚երեւէր իմ սիրելի քաղաքս, որ նոյն վիճակին կրնար մատնուիլ: Յետոյ, շրջան մը ետք հաստատեցի, որ իրապէս տեսիլք ըսուած բան մը կայ եղեր, որովհետեւ օրէ օր քաղաքս կորսնցուց իր դիմագիծը եւ կարծես նոր քապուլի մը վերածուեցաւ:

Ասիկա մէջս ընթերցումին հանդէպ հակազդեցութիւն արթնցուց կարծես: Արդէն ինչպէ՞ս կրնայի կարդալ, երբ իրիկունները եւ գիշերները ամբողջական մթութեան մէջ կ՚անցնէին: Սակայն այս վիճակը կը թուէր վերջ չունենալ: 

Սիրելի եւ հեռու բարեկամ մը, որ հակառակ իր սրտցաւութեան ոչինչ կրնար ընել մեր առօրեայ տառապանքը մեղմելու համար, ի միջի այլ խօսքերու ըսաւ, թէ Լեւ Թոլսթոյի «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն»ը կը կարդար: Կարծես նման երկ մը կարդալով, կ՚ուզէր քիչ մը բան իմանալ մեր առօրեայէն. ի վերջոյ բոլոր պատերազմներն ալ իրար նման են, որովհետեւ բոլորին ալ նպատակը բիրտ ուժին օգտագործումն է, մարդուն մարդը ջարդելու վայրագութիւնը: Ժամանակին հետ միայն ձեւերն են որ կը փոխուին – թէեւ այնքան ալ չեն փոխուիր եղեր, ա՛յդ ալ հաստատուեցաւ մեր քաղաքին մէջ:

Շա՜տ վաղուց կարդացեր էի այս վէպը եւ ոչինչ կը յիշէի. լաւ առիթ էր երկու հաստափոր հատորներ՝ հազար երկու հարիւր յիսուն էջերու ամբողջութիւնը կրկին կարդալու:

– Եկո՛ւր այս ֆիլմը դիտէ՛,- յաճախ կ՚ըսէր Գէորգը:

– Չեմ կրնար, շատ բիրտ է,- կ՚ըսէի:

– Կեանքը այսպէ՛ս է, ա՛յս է- կը համոզէր զիս:

– Ճիշդ ես, բայց ամբողջ օրը այդ բոլորը կ՚ապրինք, պէտք ունի՞նք գիշերն ալ այդ բոլորը կրկին ապրելու դիտելով, մանաւանդ որպէս հաճոյք:

Հիմա նոյն վիճակին մէջ էի. պէտք ունէ՞ի մոմի մը դողդոջ լոյսին տակ, խամրած էջերու վրայ աչքի լոյս վատնելու:

Կ՚երեւի պէտք ունէի, որովհետեւ արդէն գրեթէ իրենց աւարտին մօտեցած են այդ հազար քանի էջերը:

***

 Առաւօտուն պատշգամ կ՚ելլեմ եւ ի՞նչ տեսնեմ. դիմացի տուներուն պատշգամները ոչ միայն  փողփողուն լուացքներով լեցուն են, այլ եւ մանաւանդ՝ ցամքոցներով: Այս մարդիկը ուրեմն թէ՛ լուացք ըրեր են եւ թէ ալ լոգցեր: Ինչպէ՞ս: Ուրկէ՞ իրենց այսքան հոսանք եւ այսքան ջուր:

– Երէկ ես ալ լոգցայ,- կ՚ըսէ ընկերուհիս մեղաւոր ժպիտով, կարծես ըսել ուզէ՝ աւելի լաւ է ես ըսեմ, քան թէ դուրսէն լսես …

– Ամառը ՊԱՂ գարեջուր վայելողներուն կը նախանձէի, հիմա՝ բոլոր լոգցողներուն եւ լուացք ընողներուն սկսայ նախանձիլ,- կ՚ըսեմ կատակի պէս, բայց ձայնս աւելի լալու պէս կը հնչէ:
 Աշխատանքի ճամբուս վրայ կը տեսնեմ առաջին – եւ տակաւին միակ – խանութը, որ մօտեցող կաղանդի թեմայով արդէն զարդարեր է իր ցուցափեղկը:

Սովորական տարիներու այս շրջանին տօնական եռուզեռը կը սկսէր արդէն քաղաքին մէջ, նախ սրբուհի Վառվառայի, ապա Ծննդեան տօնին առիթներով: Փողոցները կը յորդէին մարդոցմով եւ ապրանքներու առատութեամբ, ցուցափեղկերը կը ժպտէին ուրախ, իրենց նոր, տօնական յարդարանքներուն մէջ: Ամենէն աղքատն իսկ միջոց ունէր տօներուն պատրաստուելու:

Հիմա ալ եռուզեռ է գլխաւոր փողոցներուն   (եւ ոչ պողոտաներուն, որոնք դիւրին թիրախներ են) մէջ. բայց մարդիկ մտահոգ են, ծանր տխրութիւններու տակ կքած: Մեծ է թիւը սեւազգեստ կիներուն:Սիրտս կը սեղմուի դիտելով ծերունին, որ սնտուկի մը վրայ ծրար մը հաց եւ չորս տոպրակ քահքէ դրած, գնորդի կը սպասէ: Որքա՞ն պիտի ծախէ, որ փոքրիկ շահ մըն ալ ապահոված տուն երթայ:

***

 Երէկ (երեքշաբթի 26 Նոյեմբեր) ՍՕԽ-ի անդամուհիները ուրախութեամբ կը պատրաստուէին Սայաթ Նովայի ծննդեան ամեակը տօնել: 

Չտօնեցին:

Ինչպէ՞ս տօնել, երգել եւ ուրախանալ, երբ նոյն օրուան մէջ երկու երիտասարդներ հողին կը յանձնուէին:

Կարելի չէր դիմանալ երիտասարդներուն հարսանեկան բացականչութիւններուն, երբ դագաղը եկեղեցիէն դուրս կը հանուէր: 

Թաղեցիք յուզումով, ափսոսանքով եւ արդէն անկարող բարկութեամբ կը դիտէին: Կիները ափով իրենց դէմքերը կիսով գոցած էին, պահելու համար դողացող շրթունքներն ու ակամայ հոսող արցունքները:

Դիմագիրքին վրայ իրիկունը արդէն նկարներ դրուած էին: Դրուած էր նաեւ նահատակներէն մէկուն մօր խօսքը, «ողջերթը» իր զաւկին:

Կարդացի եւ փշաքաղուեցայ: Կարդացի եւ հիացայ այդ մօր քաջութեամբ, հաւատքով, գիտակցութեամբ: Իսկական ՀԱՅ մայր, որ գիտէ նման անկրելի ցաւ կրել եւ հաստատ մնալ իր հաւատքին մէջ: Երբ մեր դրացուհին՝ Նելլին մահացաւ հեռու Լոս Անճելոսի մէջ, Հալէպի քառասունքի արարողութեան քոյրը Անին խնդրեց, որ խօսիմ Նելլիին մասին, որովհետեւ երկար տարիներ դրկից ըլլալով, հակառակ մեր տարիքներու տարբերութեան, մտերիմներ դարձեր էինք:

Չկրցայ: Ամէն անգամ որ բերանս կը բանայի բառ մը ըսելու համար, արցունքներս կը ժայթքէին, ձայնս կը դողար:

Իսկ այս մայրը, ինչպիսի՜ քաջութեամբ իր խօսքերուն քաղցրագոյնը կ՚ուղղէ իր զաւկին, հաւատալով որ ան կը լսէ զինք, գոնէ վերջին անգամ մըն ալ:

Յարգանք այս մօր, յարգանք իր քաջութեան:

***

 Տարիներ առաջ, երբ կրկին հոսանքի անջատումներ կ՚ըլլային, մարդիկ կը փորձէին հոսանքածին մեքենաներ տեղադրել իրենց խանութներուն եւ տուներուն մէջ, բայց պետութիւնը խստիւ արգիլած էր, բացատրելով որ օդը ապականող եւ հիւանդութիւններու  տանող ազդակներ են այդ գործիքները: Այս խստութիւնը զսպած էր մարդոց ախորժակները:

Այսօր սակայն այդ խստութիւնը եւ արգելքը չկան: Հոսանքածին մեքենաները սունկերու պէս արագ աճած, ծածկած են քաղաքին գրեթէ բոլոր փողոցներուն մայթերը, ահաւոր մուխով-ծուխով, բայց մանաւանդ աղմուկով լեցնելով միջոցը:

Գոնէ խանութներու փակուելուն հետ, կամ գոնէ մէկ-երկու ժամ ետք տուներու մեքենաները մարեն, որ մարդոց գլուխը քիչ մը հանգչի: Բայց որո՞ւ կ՚ըսես: Հիմա ամէն մարդ թէ՛ իր տէրն է, թէ՛ բոլոր անոնց, որոնց վրայ կը կարծէ իշխանութիւն ունենալ:

Ահա նորօրեայ քաոս մը:

***

 Հոսանքը կրկին անջատուեցաւ:

Բայց ա՛լ պիտի չխօսիմ այս մասին, որովհետեւ … արդէն զզուելի է: 

Երբեմն կը մտածեմ՝ մեր ծնողները այնպէս գուրգուրանքով մեծցուցին մեզ, ի՜նչ զոհողութիւններով ուսումի կամ արհեստի տուին, այն հաւատքով, որ ուսումով եւ արհեստով, այսինքն աշխատասիրութեամբ, մարդ կրնայ անպայմանօրէն արժանապատիւ կեանք մը ապահովել: 

Այսօր այստեղ մեծ թիւ մը կայ ուսանած, զարգացած կամ իրենք զիրենք կերտած «մասնագէտ» արհեստաւոր հայերու, որոնց արժանապատիւ կեանքը ո՞ւր գնաց կորսուեցաւ արդեօք, որովհետեւ ինչպէ՞ս կարելի է ապրիլ – իսկ մենք ապրիլ ըսելով կը հասկնանք աշխատիլ, արդիւնաւէտ գործեր կատարել, օգտակար դառնալ ընկերութեան – երբ ամբողջ օրը կը մտահոգուինք ջուրով, հոսանքով, հրասանդերով, լուրերով, եւ մեր ջիղերը մինչեւ ծայր կը լարենք:

 ***

Դիմագիրքին վրայ երեւացած հալէպցիներու նկարներուն մասին շատեր ձայնով թէ գիրով կ՚ըսեն՝  դուք հո՞ն էք, Հալէ՞պ, «չի երեւում», ակնարկելով հագուածքի թէ շպարի շքեղութեան, որ հաւանաբար պսակի կամ ձեռնարկի առիթներով է որ կ՚ըլլայ: 

Զարմանալի թող չթուի ասիկա. Համաշխարհային երկու պատերազմներուն ալ – եւ ասիկա կը վկայեն պատմութիւնն ու պատմավէպերը –  կեանքը շարունակուած է ոչ թէ խեղճ վիճակով, այլ՝ թափով, ապրելու կարծես կրկնապատկուած եռանդով:  Այնքան մօտիկ ըլլալով մահուան եւ անոր սպառնալիքին տակ, մարդիկ աւելի խիտ կերպով կը զգան կեանքը, անոր մէն մի վայրկեանին արժէքը եւ զայն լրիւ ապրելու, ցմրուր քամելու կարեւորութիւնը:

Եւ այսպէս՝ պսակներ, թատերգութիւն, ծիծաղի երեկոյ, ասմունքի ցերեկոյթ, յոբելեաններ, եւ հիմա … կաղանդի տօնավաճառ, տարբեր միութիւններու կողմէ կազմակերպուած:

ԺԶ.

Պսակներ, թատերգութիւն, ծիծաղի երեկոյ, ասմունքի ցերեկոյթ, յոբելեաններ, եւ հիմա … կաղանդի տօնավաճառ, տարբեր միութիւններու կողմէ կազմակերպուած:

Առաջին տօնավաճառի բացումին, որ տեղի ունեցաւ Բեթէլ դպրոցի սրահէն ներս, իր խօսքին մէջ վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան ըսաւ, որ «այսօր իսկ, նախանձ շաժելու չափ պերճ նկարագրութիւններով եւ լուսանկարներով» պէտք է դիմագիրքի էջերուն գրել այս տօնավաճառին մասին, «որպէսզի տեսնեն թէ կ՚ապրինք եւ թէ ինչպէ՛ս կ՚ապրինք մեր սիրելի քաղաքին, մեր տան մէջ, որովհետեւ ասիկա մեր տունն է, եւ երբ տան մէջ հարց կամ խնդիր ըլլայ, մենք տունը լքելով չենք հեռանար, այլ կը փորձենք լուծել ստեղծուած հարցը»:

Սակայն ինչ որ պիտի գրուի կամ արդէն տեսնուեցաւ լուսանկարներով դիմագիրքի էջերուն, ոչ չափազանցութիւն է, ոչ ալ նախանձ գրգռելու միջոց, այլ միայն մերկ ճշմարտութիւնը՝ հայը, մասնաւորապէս հայ կինը իր կարողութիւններուն գերագոյնը կու տայ ծայրայեղ պայմաններու եւ դժուարագոյն վիճակներու մէջ, ոչ միայն ինքզինք եւ ընտանիքը պահելով, այլ նաեւ ստեղծագործելով. որովհետեւ իրապէ՛ս ստեղծագործ մատներու արդիւնքն էր, որ ցուցադրուած էր տօնավաճառի սեղանիկներուն վրայ:

Եւ Վերապատուելիին ազնիւ որոշումով էր, որ սեղանիկները, հակառակ ընդունուած սովորութեան, այս տարի ձրի տրամադրուած էին մասնակիցներուն. «այս ալ ա՛յս տեսակի օգնութիւն թող ըլլայ մեր կողմէ» յայտարարեց Վերապատուելին:

Կ՚երեւի տոմինոյի ազդեցութեամբ, ցուցադրուած ապրանքներուն սակերն ալ շատ մատչելի էին:

Եւ բոլորը, մանաւանդ մանուկներն ու պատանի աղջիկները ուրախ էին իրենց գնած նրբիկ զարդեղէնով, համեղ խմորեղէնով, բայց մանաւանդ տօնական մթնոլորտով, որ կը տիրէր սրահէն ներս, քանի մը ժամերու ընթացքին վերացնելով մարդոց տխրութիւնն ու գալիքի մտահոգութիւնը:

***

 Անոնք, որոնց վառելանիւթ ստանալու կարգը եկեր էր, իրենք զիրենք երջանիկ կը համարէին. որովհետեւ պաղը կոխեց արդէն եւ շատեր տակաւին իրենց բաժինը չեն ստացած:

Այս բաժինի պատմութիւնն ալ ուրիշ պատմութիւն: Իւրաքանչիւր շէնքէ ներկայացուցիչ մը պէտք էր երթար թաղի մուխթարին, բերէր յատուկ պատրաստուած թուղթ մը եւ բոլոր դրացիները պէտք է լեցնէին այդ թուղթը իրենց ընտանեկան եւ բնակավայրի տուեալներով: Յետոյ այդ թուղթը ետ պիտի տարուէր մուխթարին: Անկէ ետք կը մնար միայն համբերութեամբ սպասել:

Հետեւաբար ուրախութեամբ էր, որ լեցուցի կալոնը եւ բերի վառարանին մէջ պարպելու: Բայց քարիւղը կը մերժէր պարպուիլ. չէի հասկնար. վառարանը կ՚երեւի լեցուեր է, մտածեցի, բայց դեռ անցեալ տարի լրիւ մաքրել տուեր էի, նոյնիսկ միջուկը՝ կրակարանը փոխուեր էր:

Ինչ որ փորձեցի, չկրցայ համոզել մազութին, որ «հաճիս լեցուիր, շատ պաղ է, ի վերջոյ քու պարտականութիւնդ վառիլն է, իսկ վառուելու համար նախ պէտք է լեցուիս հո՛ս, այստե՛ղ …»:

Ճարահատ բարեկամուհիիս հարցուցի:

-Չե՞ս գիտեր,- շատ զարմացաւ տգիտութեանս վրայ,- հապա՛, պէտք է սուզակէ կամ նայլոն գուլպայէ մը նախ անցընես, այսինքն ձագարի մը բերանը նայլոն գուլպայ մը կը դնես, մազութը նախ հոնկէ կ՚անցընես, յետոյ ատիկա կը լեցնես ուրիշ կալոնի մը մէջ եւ վառարանը … եթէ այդպէս չընես, վառարանդ կ՚աւրուի:

Իր խօսած միջոցին աչքիս առջեւ կը պարէին մազութոտ քանի մը կալոններ, նայլոն գուլպաներ եւ մազութոտ ձեռքեր, որոնմէ հոտը շատ դժուար կ՚անցնի: Բայց ճար ունէի՞:

Եթէ ինծի մնար, իմ բաժինս կու տայի երեխայ կամ ծեր ունեցող ընտանիքի մը. ես ամբողջ օրը մէկ գործէն միւսը կը վազեմ արդէն, իրիկունն ալ բոլոր գործերս՝ սրբագրութիւն, յաջորդ օրուան դասերու պատրաստութիւն թէ գրել, կրնամ անկողնիս մէջ, վերմակներուն տակ ընել: Բայց ես ալ խնամքի կարօտ մայր մը ունիմ: Ճար չունէի. այդ մազութը պիտի լեցուէ՛ր:

Դրի գուլպան ձագարին բերանը, դրի ձագարը կալոնին բերանը եւ դրի կալոնը ծորակին տակ: Սպասէ որ լեցուի:

Հինգ լիթրանոց կալոնին լեցուիլը տեւեց քսանհինգ վայրկեան, իսկ վառարանին լեցուիլը՝ տասը վայրկեան: Գիտէի որ ժամանակը անարժէք է հոս եւ արեւելքի մէջ ընդհանրապէս, բայց այսքա՞ն անարժէք:-Փառք տուր որ եկեր լեցուցեր են ձեզի. մեզի դեռ չեկան:

Բերանս փակ պահեցի, ժամանակս մազութին հետ խաղալով անցուցի եւ փառք տուի Աստուծոյ…

 
***

Պախի ֆիւկերէն մէկուն հետեւողութեամբ, ռումբերը զիրար կը հալածեն, իրարու հետ կը մրցին եւ տարբերակներ կը ներկայացնեն Հալէպի քաղաքացիներուն, որոնք անվարժ ըլլալով ֆիւկերուն եւ տարբերակներուն, ա՛լ չեն դիմանար ռումբերու եւ հրասանդերու տեղատարափին: Որովհետեւ կ՚ըսուի թէ այս երկուքը իրար կապուած են երկու սիրող սրտերու պէս՝ հրասանդերը կ՚իյնան, ռումբերը կը հակադարձեն, հրասանդեր կ՚իյնան ռումբերու հակադարձութեան որպէս հակազդեցութիւն, որոնց որպէս պատասխան հրասանդեր կ՚իյնան, որոնց … կարծեմ սխալեցայ՝ նախ հրասանդեր կ՚իյնան, յետոյ՝ ռումբեր, թէ՞ արդեօք հակառակն էր …

Ո՛վ ի՛նչ կ՚ուզէ ընէ որպէս հակադարձ, պատասխան թէ հակազարկ … ա՛լ կը բաւէ, հասկցանք, տառապեցանք մեր բաժինը, տուինք մեր տուրքը առ որ անկ է …

Եւ հիմա վերադառնանք մեր նախկին կեանքին, մեզի ծանօթ ապրելակերպին:

Այնպէս չէ՞:

  ***

 Շատեր զարմանքով դիտեցին, որ իրենց բարեկամներէն եւ ազգականներէն շատ-շատեր տօնածառ դրին հազիւ Դեկտեմբերը սկսած, այսինքն ինչպէս որ Հալէպի սովորութիւնն է՝ Դեկտեմբեր մէկին:

– Ինչ ալ սիրտ ունիք այս պայմաններուն մէջ Կաղանդի ծառ շտկելու:

– Նայէ՛, ծառը ես ինծի համար դրի, ուրիշին համար չդրի, ըսի այդ կնոջ,- պատմեց գործընկերուհիս,- որովհետեւ երբ գործէս յոգնած-դադրած տուն վերադառնամ, կ՚ուզեմ որ հաճելի ըլլայ տան տեսքը եւ զարդարուած ծառին ժպիտը դիմաւորէ զիս:

– Է քահրապա ունի՞ք մը որ …

– Երբ ունենանք, լոյսերը կը վառենք, չեղած ատենն ալ ծառով կը գոհանանք. Ինչու տարիներ առաջ տօնածառի յատուկ լոյսեր կայի՞ն Հալէպի մէջ կը կարծես …

 Այսպէս էր որ ամչկոտ ու փոքրիկ ծառեր սկսան երեւիլ պատուհաններուն ետեւէն, խանութներուն ցուցաբեղկերէն: Երբ աշխատանքի ճամբուս վրայ տեսայ տօնածառով հրճուած երեխաները, ապրի՛ս մը տուի ծառ դնողներուն, եւ ես ալ վարակուած այդ մանուկներուն ուրախութեամբ, շտապեցի աշխատանքիս: Այդ օր դասերը շատ հաճելի եւ հեզասահ ընթացան:

Իսկ հիմա մեծով-պզտիկով կաղանդով տարուած, կ՚ուզենք հաւատալ կաղանդի հէքեաթին եւ կ՚աղօթենք, որ այս տարուան համար բոլորս ալ նոյն մեծ, անգնահատելի եւ անփոխարինելի նուէրը ստանանք՝ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻ՜ՒՆ …

 *** 

 Պիտի ձիւնէ, կը ձիւնէ, ձիւնեց …

«Հալէպն է խօսում, Սիպէրիայէն»:

Գանատայէն մէկը կ՚ըսէր՝ եթէ դուք Սիպէրիա էք, Գանատան ամենէն մեծ Սիպէրիան է:

Հա, բայց Գանատան որքա՜ն մեծ պատրաստութիւն ունի դիմագրաւելու համար պաղն ու ձիւնը, իսկ մե՞նք, մեր անապատային քաղա՞քը, ուր մարդիկ կրնան մահանալ այսքան պաղի տակ, առանց պէտք եղած պաշտպանութիւններուն:

Յուսահատութեան մէջ էի կարծես, երբ բարի գաղափար մը ծնաւ – բոլոր բարի եւ լաւ գաղափարներուն մայրը յուսահատութի՞ւնն է արդեօք – թերեւս, ճիշդ ինչպէս ռուսական զօրքերը նահանջեցին, ֆրանսական բանակը աւելի եւ աւելի խորերը քաշելով, եւ հոն, խեղճ ֆրանսացիները չդիմանալով ռուսական սարսափելի ցուրտին, կոտորուեցան, թերեւս հոս, Հալէպի մէջ ալ եթէ բարի եւ խեղճ մարդիկ պիտի մեռնին ձիւնէն, թերեւս չարերն ալ մեռնին եւ միանգամընդմիշտ վերջանանք այս անհեթեթ պատերազմէն:

Հրաշք ըլլա՜ր …

Ըսի, չէ՞, որ մօտեցող կաղանդը հրաշքներու հանդէպ հաւատքով կը լեցնէ մեզ:

ԺԷ

Այն լաւ, բարի տարիներուն, երբ ամբողջ քաղաքը կը թնդար ուրախութեամբ, Կաղանդի զարդարանքին եւ լոյսերուն տակ կքած,ես ամէն Յունուար մէկին կ՚արթննայի ճերմակ առաւօտի մը վրայ եւ պատուհան կը վազէի ձիւնածածկ տեսարանի մը ակնկալիքով …Բայց ձիւն չէր ըլլար, այլ միայն համատարած խաղաղութիւն մը, որ կու գար հաստատել մեր քաղաքին հէքեաթը եւ բարի կեանքը…Ու կը տխրէի տարօրէն, որովհետեւ կաղանդը ամբողջացած չէի համարեր առանց ձիւնի …

Ըլլար ձիւնը, եւ մենք մեր պատուհաններուն տաքուկ ապահովութեան ապաստանած վայելէինք զայն …

Այդ տարիներուն ձիւն չկար:

Հիմա որ քանդուեր է հէքեաթը քաղաքին հետ, հիմա որ չքաւորութիւնն ու խեղճութիւնը խուժեր են փլած պարիսպներէն ներս, հիմա ձիւնն ալ կու գայ առատ ու շքեղ, կարծես հեգնելով մեր անցեալ կեանքը:

Ձիւնը կը շարունակէ հմայել մեզ իր փափուկ եւ գեղեցիկ փաթիլներով, այնքան նման մեր երազներուն. հիմա սակայն կը տեսնենք նաեւ անոր ցեխոտիլը աղտոտ փողոցներուն վրայ, մայթերուն եզերքը եւ … չենք ուզեր անով խաղալ, ինչպէս պիտի չուզէինք, որ մարդիկ խաղային մեր երազներուն հետ, աղտոտէին զանոնք եւ յետոյ աւլէին որպէս աւելորդ …

Որքան անհեթեթ ես, կեա՛նք …

 ***

Ճամբաս հանրային փոքրիկ պարտէզին քովէն կ՚անցնի. պարտէզը մանկական հիւանդանոցին ճիշդ դէմն է: Հիւանդանոցին կողքին պետական դպրոց մը կայ, որ մինչեւ աշուն գաղթական ընտանիքներ կը պատսպարէր: Վերամուտին հետ ժողովուրդը ստիպուած եղաւ պարպել դպրոցը: Շատեր ապաստան չգտան եւ ամբողջ աշնան պարտէզին մէջ ապրեցան:

Ձիւնին տակ ալ շարունակեցին հոն ապրիլ, ո՞ւր երթային: Բայց եկան հիւանդանոցի պատերուն տակ կծկտիլ, իրենց անկողիններն ու իրերը հոն, ձիւներուն տակ ձգած:

-Ա՛լ այդ ճամբայէն չեմ անցնիր,- ըսաւ բարեկամուհիս,- սիրտս չի դիմանար … բայց չդիմանալէս աւելի, խղճի խայթն է, որ կը տառապեցնէ զիս, թէ որքա՜ն անտարբեր դարձեր ենք մարդոց տառապանքին դիմաց, այնքան որ կը նախընտրեմ ճամբաս փոխել, միայն զիրենք չտեսնելու համար:

Սկիզբէն ալ զգացեր էի, որ մեր մեծագոյն կորուստը, մարդկային կեանքերէն ալ անդին, մարդու ա՛ս տեսակին՝ հալէպցիին պէս բարի, հիւրասէր եւ մարդասէր մարդուն կորուստն է: Ծանր կորուստ, որ տօնական ա՛ս օրերուն աւելի կը ծանրանայ, մանաւանդ մեր բոլորին խիղճերուն վրայ:

Եւ Կաղանդը, որ ինծի համար մի՛շտ եղած էր բարութեան տօնը, մեր մարդ ըլլալը յիշելու տօնը, յանկարծ կորսնցուց իր իմաստը, որովհետեւ թէեւ գիտեմ, որ երկա՜ր ճամբան ալ մէկ քայլով կը սկսի, բայց հիմա, հո՛ս, այդ մէկ քայլը ոչինչ պիտի նշանակէր:

Բայց երբ կը մտածեմ սիրելի բարեկամուհիիս Մարիին մասին, կը սաստեմ ինքզինքս, որ գո՛նէ այս՝ Կաղանդի հէքեաթը չկորսնցնեմ: Մարին միս-մինակը, Նիւ Եորքի պէս ոստանէ մը կոչ ուղղած էր իր բարեկամներուն, այդ հէքեաթը շարժելու, ապրեցնելու համար՝ օգնել հալէպցի փոքրիկներուն ուրախութիւն հասցնելու .. Եւ շնորհիւ իր համբերութեան, կրցաւ իրականացնել զայն՝ իր երազը, ուրախութիւն տալու մանաւա՛նդ փոքրերուն:

Եւ փոքրերուն ուրախութեան հետ իմ ալ հաւատքս բարիին հանդէպ կը փորձէ ինքզինք հաւաքել եւ շարունակել ապրիլ:

***

 Երրորդ անգամն է, որ Մուշիէի հրապարակին վրայ հրասանդեր կ՚իյնան. բայց այս երրորդը տարբեր էր.

-Քսան վայրկեան Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ֆիլմի մը մէջ կարծեցի ինքզինքս … քսան վայրկեան անդադար հրասանդեր աջ-ձախ … ոտքեր-ձեռքեր կը թռէին օդին մէջ … մարդոց պոռչտուքն ու վայնասունը դեռ ականջներուս մէջ են … ամբողջ կեանքիս մէջ պիտի չմոռնամ … բայց յաջորդ օրն իսկ մարդիկ կրկին խռնուեր էին փուռին առջեւ. զարմանալի է …

-Ի՞նչ ընեն. հաց մըն է ուտելիքնին արդէն, ա՞յդ ալ չուտեն:

Հիմա որ հրապարակին վրայ քաղաքային երթեւեկի պասերը ա՛լ չեն կենար, փոքրիկներուն համար լայն դաշտ է հրապարակը: Կարծեմ զոհերուն մեծամասնութիւնը հոն խաղցող մանուկներն էին:

Ինչպէ՞ս հաւատաս «ազատութիւն»ին, «տէմոքրասի»ին եւ մնացեալներուն …

 
***
«Հայ մօր տարի»ի եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, ութը Դեկտեմբերին: Չկրցայ երթալ, պարզապէս որովհետեւ Կաղանդի տօնավաճառին սեղանիս ետեւ պէտք էր ըլլայի:

Բայց տեսայ այդ առթիւ պատրաստուած գրքոյկը, որ երկար ամիսներու աշխատանքը ոչ միայն կ՚արդարացնէր, այլ զիս հպարտութեամբ կը լեցնէր, ի տես խումբ մը խաչուհիներու բծախնդիր, բայց մանաւանդ խիստ օգտաշատ ճիգին:

***

 Տղաս աղջկաս քով հասեր է, տօնական օրերը միասին անցնելու համար: Անմիջապէս կը հեռաձայնեն, իրենց խանդավառութեան մէջ առանց ժամին անդրադառնալու՝ առաւօտեան չորսն է:

Մեծ ուրախութեամբ մտիկ կ՚ընեմ զիրենք, մանաւանդ թոռնիկիս՝ Նովային ճռուողիւնը:

Հեռուէն քաղցր երգեցողութիւն մը կը հասնի ականջիս:

-Հեռատեսիլը բա՞ց է,- կը հարցնեմ աղջկաս:

-Ոչ,- շատ կը զարմանայ:

Բայց իրապէ՛ս քաղցր երգեցողութիւն է, կարծես հրեշտակներու երգ է, որ մեղմօրէն բարին կ՚աւետէ, բացուող լոյսին հետ, քաղաքին մութին եւ լռութեան մէջ: Պահ մը ընկալուչը կը հեռացնեմ, եւ … զարմանքով կը հաստատեմ, որ առաւօտեան էզէնին ձայնն է:

Շատեր պիտի ընդվզին հաւանաբար, հրեշտակներու եւ էզէնին նմանութեան համար: Բայց մեր ընտանիքին մէջ Մեծ Աստուած մը կայ միշտ, որ այնքան բարի է, որ խտրութիւն չի դներ մարդոց միջեւ, եթէ այդ մարդիկը Զինք կը պաշտեն մաքուր սիրտերով:

Ասոր հաստատումը մայրս տուեր էր, երբ օր մը կը պատմէր իր մէկ բարեկամուհիին.

«Երբ առաւօտներու կանուխ ժամերուն ծննդաբերութիւն մը կ՚ըլլայ, երբ մէկ կողմէ կը լսեմ էզէնին ձայնը, որ «Աստուած մեծ է» կը կանչէ, մինչ միւս կողմէ կը դիտեմ ծնող երեխան, որ ի՜նչ ճիգով գլուխը կը շարժէ, դուրս գալու, ծնելու համար, իրապէ՛ս կը հաւատամ ծնունդի հրաշքին …»:

Ճիշդ նոյն զգացողութեամբ էր, որ զաւակներուս եւ թոռնուհիիս քաղցր ձայներուն ետեւէն կը լսէի էզէնին փառաբանութիւնը Աստուծոյ, եւ նոյն ջերմեռանդութեամբ կ՚աղօթէի քաղաքիս խաղաղութեան համար, ա՛յն խաղաղութիւնը, որ պիտի միացնէ իրարմէ հեռացած, բաժնուած բոլոր հարազատները եւ պիտի միացնէ զիս փոքրիկ ընտանիքիս …

***

 Կրկին համացանցային կապ չկայ:

Չեմ գանգատիր, որովհետեւ կ՚երեւի կրկին սպասուելիք մը կայ քաղաքին գլխուն, աւելի ճիշդը՝ ժողովուրդին գլխուն, որովհետեւ միշտ ժողովուրդն է տուժողը, ինչպէս միշտ ժողովուրդն է քաղաքը քաղաք ընողը. չըլլար Հալէպի ժողովուրդը իր խառնուրդով եւ խառնուածքով, Հալէպը Հալէպ չէր ըլլար …

Անցնող երկու օրերուն, Դեկտեմբեր 24-ին եւ 25-ին անհաշիւ ինկած հրասանդերը տօները մոռցուցին…
 
***

Եթէ լոյսը կեանք է, ուրեմն մութը մահ է:

Եթէ ժամանակաւոր մութ է, ուրեմն ժամանակաւո՞ր մահ է:

Մահ չէ. դադար է. մութին մէջ կարծես ամէն բան կը դադրի.

Սիրտին կշռոյթին երրորդ զարկին պէս.առաջին երկուքը՝ պում-պում արիւն կը մղեն, կեանք, լոյս …մինչ երրորդը՝ … դադար, լռութիւն, ոչինչ, մութ … բայց անմիջապէս կրկին՝ պում-պում, արիւն-կեանք-լոյս …

Մութ է. դադար. մտածել իսկ չ՚ըլլար այս համատարած մութին. Միայն՝ սպասում.

Միայն սպասում գալիք արիւն-կեանք-լոյսին:

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.