«Սուրիահայութիւնը ունեցաւ իր քաղաքական ինքնուրոյն ուղեցոյցը, որուն մէջ հանդէս եկաւ կառուցողական դիրքերէ» – Հարցազրոյց «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանի հետ


 

«Սուրիահայութիւնը ունեցաւ իր քաղաքական ինքնուրոյն ուղեցոյցը, որուն մէջ հանդէս եկաւ կառուցողական դիրքերէ» 

 

Հարց.- Պատերազմի թոհուբոհին մէջ, ինչպէ՞ս է հալէպահայութեան հարազատ ձայնը հանդիսացող «Գանձասար»ի վիճակը։ Վստահ ենք, որ բազում զոհողութիւններու գնով, թերթի խմբագրութիւնն ու աշխատակիցները իրենց առաքելութիւնը ի գործ կը դնեն։

Պատ.- Շնորհակալութիւն։ «Գանձասար» շաբաթաթերթը սուրիահայութեան միակ շաբաթաթերթն է, որ անխափան ձեւով կը շարունակէ հրատարակուիլ, հակառակ երկրի տագնապալի վիճակին, անոր հետեւանքով յառաջացած ծանր պայմաններուն ու մանաւանդ թերթի մը հրատարակման էական կարիքներու ապահովման դժուարութեան։ Անցնող տարուան ընթացքին, Հալէպի պետական թերթերն անգամ  լոյս չտեսան տիրող կացութեան եւ դժուարութիւններուն բերումով, սակայն «Գանձասար»ը առանց ընդհատումի լոյս տեսաւ, եւ անոր էջերուն մէջ արտացոլաց սուրիահայութեան տագնապն ու այդ տագնապի յաղթահարման ուղղուած բազմաբնոյթ աշխատանքները։

 

Հարց.- Հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացուցէք հալէպահայութեան կրթական առօրեան։ Ինչպէ՞ս կը գործեն մեր վարժարանները։

Պատ.- Հալէպի մէջ կը գործեն 11 վարժարաններ՝ 5 ազգային եւ 6 միութենական ու յարանուանական։ Տագնապի օրերուն, կարգ մը վարժարաններու կառոյցները յայտնուեցան բախումնային գիծերու վրայ, որուն համար կրթական պատասխանատուներ ստիպուեցան տուեալ վարժարաններու ուսումնական ընթացքը շարունակել համեմատաբար աւելի ապահով կառոյցներու մէջ։ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, զօրինակ, որ կը գտնուէր նոր գիւղի հայահոծ թաղամասին մէջ, յայտնուեցաւ բախումնային թէժ գիծի վրայ։ Ազգային իշխանութիւնը 1000-ի հասնող ճեմարանական աշակերտներու կեանքը վտանգի չենթարկելու համար, վարժարանի ուսումնական ընթացքը շարունակեց Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի կառոյցէն ներս, նոյնն էր պարագան Ազգ. Սահակեան, Հայկազեան, Զաւարեան վարժարաններուն եւ Կիլիկեան Ճեմարանին։

Այսուհանդերձ, Հալէպի հայկական վարժարանները, ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի եւս կը շարունակեն գործել, դիմագրաւելով բազում դժուարութիւններ։  Անոնք, հաւատարիմ իրենց առաքելութեան՝  կը շարունակեն ուսում եւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել հայ ուսանողին։

Հալէպի կրթական հաստատութիւններուն հիմնական դժուարութիւնը կը շարունակէ մնալ տնտեսականը։ Տագնապի հետեւանքով յառաջացած համատարած անգործութիւնը, քանդուած ու թալանուած գործարաններն ու աշխատավայրերը տնտեսական անել կացութեան մատնեցին հալէպահայ ընտանիքները, սահմանափակելով անոնց վճառողականութեան կարողութիւնը։ Այս տագնապին ընդառաջ ՝ Բերիոյ հայոց թեմի ազգային իշխանութիւնը, ծնողներուն օժանդակելու եւ յաւելեալ ծանրաբեռնուածութեան չմատնելու համար, որոշեց աշակերտներէն կրթաթոշակ չպահանջել անցնող երկու տարիներու ընթացքին եւ ազգային սնտուկէն հոգալով թեմի վարժարաններուն ծախսերը՝ բաց պահեց հայկական վարժարանները, նեցուկ  կանգնեցաւ  պաշտօնէութեան ու գործեց հայ աշակերտը հայկական վարժարան յաճախելու իրաւունքէն չզրկելու հիմնական սկզբունքով։ 2012-ին հիմնուեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի «Դպրոց» հիմնադրամը, որուն նպատակն էր համահայկական օժանդակութիւն ապահովել սուրիահայ, յատկապէս հալէպահայ վարժարաններուն,  երաշխաւորելու համար անոնց գոյերթը։ Այս իմաստով ողջունելի են սուրիահայ համայնքին, յատկապէս հայկական վարժարաններուն ուղղուած համահայկական նուիրատուութիւնները։

Հարց.- Պատերազմի պատճառով սուրիահայ «նոր» Սփիւռք մը գոյացաւ։ Ու՞ր են անոնք եւ ընդհանրապէս ի՞նչ տեղեկութիւններ կան անոնց մասին։

Պատ.- Պատերազմի ծանր հետեւանքներուն բերումով սուրիահայերու որոշակի համեմատութիւն մը դուրս եկաւ երկրէն՝ առժամաբար, կամ առյաւէտ։ Ոմանք անցան Հայաստան, ուրիշներ՝ Պէյրութ, ծոցի երկիրներ ու արեւմտեան ափեր։  Փափաքելի էր, որ երկրէն դուրս գալու պարագային, անոնց մեծամասնութիւնը կայք հաստատէր Հայաստանի մէջ, որովհետեւ արեւմտեան ափերուն մէջ ուծացումը անխուսափելի է, դժբախտաբար սակայն, յարմարաւէտ կեանքի փնտռտուքը ոմանց ուղղեց  օտար ափեր։ Ճիշդ է որ գաղութը մեծ ցնցում ապրեցաւ ու համայնքի զաւակներուն որոշակի մէկ տոկոսը մեկնեցաւ երկրէն, այսուհանդերձ, սուրիահայութեան նկատառելի համեմատութիւնը կը շարունակէ ապրիլ ու գոյատեւել Սուրիոյ մէջ, նկատելի է նաեւ որոշ համեմատութեան մը տեղաշարժը Սուրիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ, ինչպէս՝ Լաթաքիա, Քէսապ, Թարթուս, ուր կեցութիւնը համեմատաբար աւելի ապահով է։ Ի դէպ, երկրէն առժամաբար մեկնած սուրիահայեր, կը սպասեն խաղաղութեան աւետիսի առաջին իսկ նշոյլին, որպէսզի վերադառնան Սուրիա։

Հարց.- Համացանցի վրայ վերջին ամիսներուն շրջանառութեան կը դրուին բազմաբնոյթ տեղեկութիւններ սուրիահայերու մասին, որոնք կը վերաբերին առեւանգումներու, բռնի կրօնափոխութեան դէպքերու եւ անվաւեր լրատուութեանց  մասին։ Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս երեւոյթը, մանաւանդ, երբ համացանցի ընկերային ցանցերու վրայ հայաստանեան լրատումիջոցներ օր ցերեկով կը սփռեն վաւերականութենէն զուրկ տեղեկութիւններ։

Պատ.- Ճիշդ է որ  անցնող երկու տարիներուն ընթացքին եղան առեւանգուող սուրիահայեր, սակայն առեւանգումներու երեւոյթը ազգային պատկանելիութեան կամ դաւանանքի հետ կապ չունէր։ Փաստօրէն զինեալ խմբաւորումներ առեւանգեցին ոչ միայն հայեր կամ քրիստոնեաներ, այլեւ՝ այլազգի շարք մը մեծահարուստներ։ Առեւանգումներու հիմնական նպատակը փրկագին կորզելն է։ Վերջին շրջանին արձանագրուեցան առեւանգումներու վերաբերեալ կարգ մը դէպքեր, որոնց ընթացքին արմատական զինեալ խմբաւորումներ իրենց առեւանգած քրիստոնեայ անհատներուն փորձեցին պարտադիր կրօնափոխ դարձնել, այս մասին կան արձանագրուած տեսագրութիւններ եւ ազատ արձակուած առեւանգուողներու վկայութիւններ, սակայն այս դէպքերը մատի վրայ համրուող երեւոյթներ են, որոնց ճիշդ չէ պարտադիր  կրօնափոխութեան  ընդհանրացած երեւոյթի բնոյթ տալ։ Սուրիահայերը տեղացի ժողովուրդէն երբեւիցէ նմանօրինակ վերաբերմունք չեն տեսած, Սուրիոյ մէջ ապրած են ու կը շարունակեն ապրիլ, որպէս իրենց արաբ եղբայրներուն հետ համահաւասար իրաւունքներ վայելող քաղաքացիներ։ Վերոյիշեալ եզակի երեւոյթները   դուրսէն մուծուած, դատապարտելի  ու  խոտոր երեւոյթներ են սուրիացի ժողովուրդին համար։

Հարց.- Նման  ապատեղեկատուութիւններու առաջքը առնելու համար ի՞նչ աշխատանք կը տանին սուրիահայ մեր պատկան մարմիններն ու կառոյցները։

Պատ.- Ապատեղեկատուութեան արշաւը համաշխարհային մաշտապով կը տարածուի, յատկապէս համացանցային լրատուամիջոցներու ճամբով։ Անվաւեր լրատուութիւնը յաճախ կ’ունենայ նաեւ քաղաքական յետին նպատակներ։ Ուստի  համայնքի պատկան մարմիններն ու կառոյցները հնարաւոր բոլոր  առիթները կ՛օգտագործեն՝ հայկական լրատուամիջոցներուն, Բերիոյ հայոց թեմի բամբերին ճամբով, նաեւ ժողովրդային հանդիպումներու ընթացքին պարզաբանելու  եղելութիւններն  ու ներկայացնելու  իրենց տեսակէտները։

Հարց.- Քաղաքական գետնի վրայ, լիբանանահայութեան անցեալի փորձառութիւնը նկատի առնելով, ի՞նչ հանգրուաններէ կ’անցնի մեր համայնքը՝ սուրիական ներքաղաքական առճակատման բովէն ներս։

Պատ.- Անցնող երեք տարուան ընթացքին, սուրիահայութիւնը, ինչպէս Սուրիոյ ժողովուրդի բոլոր բաղադրիչները, ունեցաւ բազմաթիւ զոհեր, նահատակներ, կրեց ազգային, հաւաքական եւ անհատական մակարդակով նիւթական վնասներ, ականատեսը եղաւ բռնարարքներու, վայրագութիւններու, դիմագրաւեց կենցաղային, տնտեսական դժուարութիւններ, սակայն միշտ հաւատաց, որ Սուրիան այս տագնապէն դուրս պիտի գայ աւելի ուժեղ, աւելի ժողովրդավար ու պիտի շարունակէ մնալ ներդաշնակ այլազանութեամբ համակեցութեան, քաղաքակրթութիւններու եւ կրօններու խաղաղ գոյակցութեան երկիր։ 

Սուրիահայութիւնը ունեցաւ իր քաղաքական ինքնուրոյն ուղեցոյցը, որուն մէջ հանդէս եկաւ կառուցողական դիրքերէ՝ իր համայնքային ու ազգային շահերը ներդաշնակելով համասուրիական ընդհանուր շահերուն։ Ան վերահաստատեց այն համոզումը, որ սուրիահայը կը մնայ Սուրիոյ ժողովրդային հիւսուածքի անբաժան մէկ մասնիկը, իսկ Սուրիան՝ հողային եւ ժողովրդային անբաժան մէկ ամբողջութիւն։ 

Սուրիահայութիւնը խրախուսողը եղաւ երկիրը դէպի ժողովրդավար եւ ընկերային արդարութիւն մղող ճիգերուն, եւ հաստատեց, որ Սուրիոյ տագնապը կարելի է լուծել Սուրիոյ ժողովուրդի բոլոր հատուածներու մասնակցութեամբ, երկխօսութեամբ եւ ոչ թէ բռնարարքներու ճամբով։ Դէմ եղաւ երկրի տագնապը հրահրող, եւ անոր ամբողջականութիւնը խաթարող արտաքին միջամտութիւններուն։ Համագործակցեցաւ քաղաքական այն ուժերուն հետ, որոնք բաժնեցին սուրիահայութեան առաջադրանքներն ու համոզումները։

Վերոնշեալ սկզբունքներու որդեգրումով սուրիահայութիւնը հաւատարիմ մնաց երկրի հայրենական շահերուն, երկրի տագնապը դիմագրաւելու իր մաքառումին մէջ մէկ բռունցք դարձաւ, իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դրաւ համայնքի զաւակներու օժանդակութեան, հաւատալով, որ Սուրիան դուրս պիտի գայ աննախադէպ այս արհաւիրքէն, իսկ սուրիահայութիւնը պիտի շարունակէ իր ստեղծագործ ներկայութիւնը Սուրիոյ պայծառ գալիքին մէջ։

«ՀՈՐԻԶՈՆ»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.