2015-ԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ Է


 

Օրհան Քեմալ Ճենկիզ «Թուտէյզ Զաման»-ի մէջ լոյս տեսած վերոնշեալ խորագիրով իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ կարգ մը զարգացումներ նկատի ունենալու պարագային, որոշ պատկերացում մը կարելի է կազմել Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութեան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի հարցով որդեգրելիք ռազմավարութեան ու քայլերուն մասին։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Հոկտեմբերին Զուիցերիա այցելեց եւ Ժընեւի մէջ զետեղուելիք Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին նկատմամբ թրքական իշխանութեանց անհանգստութիւնը արտայայտեց։ Այս «անհանգստութենէն» կրնանք հասկնալ, որ 1915-ի վերաբերեալ արտաքին գործոց նախարարութեան կեցուածքը չէ փոխուած։

Պէտք է նշել, որ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ 2015-ի մասին յայտնեց, որ «թէ՛ Տարտանելի եւ թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան մը մասին պնդումներուն 100-ամեակն է։ Մենք լրջօրէն կ՚աշխատինք։ Գիտաժողովներու, խորհրդաժողովներու, կլոր սեղաններու, հրատարակութեանց եւ վաւերագրական ժապաւէններու ճամբով աշխատանք կը տարուի։ Սակայն ձեռնարկած ենք հասարակական շատ յատուկ դիւանագիտական աշխատանքներու, որոնք կրնան ամբողջ աշխարհին ազդել»։

Անոր յայտարարութիւնը եւս ցոյց կու տայ, որ կառավարութիւնը բաւական վճռակամ է այս հարցով պետական պաշտօնական քաղաքականութեանց հանրածանօթ քլիշէները կրկնելու։

Ինչպէս գիտէք, մեր քաղաքական կուսակցութիւնները որեւէ հարցի շուրջ չեն կրնար համաձայնիլ, սակայն կը թուի, թէ բացի քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն, բոլորն ալ համաձայն են, որ պէտք է 2015-ի համար բան մը ընել։ Իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութենէն եւ երկու ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն անդամներ խորհրդարանին մէջ հաւաքուեցան ու քննարկեցին «Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներուն» դէմ դնելու քայլերը, եւ բոլորը համաձայն են անոնց դէմ պայքարելու։ Եւ որովհետեւ հարցը Հայոց ցեղասպանութեան կը վերաբերի, անոնք անմիջապէս եւ դիւրին կերպով համախոհութիւն մը գոյացուցին։

Թրքական պատմութեան հիմնարկը եւս 2015-ի համար պատրաստութիւններ կը տեսնէ։ Հիմնարկի նախագահը յայտնեց, որ իրենք հայ-թրքական յարաբերութեանց ամբողջական թեքստի մը վրայ աշխատանք կը տանին։

Այս բոլորին կողքին, Էրտողանի խօսակցութեան մէջ յստակօրէն կրնաք տեսնել, որ ոչ միայն հաշտութեան կարելիութիւնը ամբողջովին բացառուած է, այլ անոր խօսակցութեան մէջ ոչ իսլամներու մասին անդրադարձեր գոյութիւն չունին։ Ան յաճախ Թուրքիան տարբեր էթնիկ ինքնութիւններէ բաղկացած խճանկար մը կը նկատէ։ Ան յաճախ կը մատնանշէ արաբները, քիւրտերը, թուրքերը, չերքեզները եւ լազերը, սակայն այս խճանկարը նկարագրելու ընթացքին Էրտողան երբեք Թուրքիոյ ոչ իսլամները, ներառեալ հայերը, յոյները, հրեաները եւ ասորիները չի նշեր։

Վերոնշեալ կէտերու եւ կառավարութեան ու Էրտողանի խօսքերու լոյսին տակ կրնանք նախատեսել, որ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու Թուրքիոյ պաշտպանողական կեցուածքը պիտի չփոխուի։

Այլ խօսքով՝ թէեւ 1915-ի հարցով խօսքի ազատութեան մէջ նկատառելի բարելաւումներ արձանագրուած են, սակայն Թուրքիոյ պատմութեան սեւ էջերուն վերաբերեալ պաշտօնական կեցուածքին մէջ որեւէ փոփոխութիւն տեսնելը շատ անհաւանական է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.