Պէյրութի մէջ ներկայացուեցաւ Քաթիա Փելթեքեանի «Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակները, 1914-1919, 1920-1923» Երկհատոր Գիրքը


 

Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, երէկ` ուրբաթ, 31 յունուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քաթիա Փելթեքեանի «Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակները» (Տը թայմզ աֆ տի Արմինիըն Ճենոսայտ, 1914-1919, 1920-1923) երկհատոր աշխատասիրութեան ներկայացումը:

Ներկայ էր դիւանագիտական պատկառելի ներկայացուցչութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Հայաստանի, Վատիկանի, Արժանթինի, Ուրուկուէյի, Ռուսիոյ դեսպանները, ինչպէս նաեւ ներկայ էին համայնքներու ու միութենական ներկայացուցիչները եւ հոծ բազմութիւն մը:

Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէնութեան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի վարչութեան անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց արուեստագէտ Միսաք Թերզեան, որ նախ հայերէնով եւ ապա անգլերէնով ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց յայտագիրի գլխաւոր կէտերն ու խօսք առնելու կոչուած անձնաւորութիւնները:

«Հայ դատի հետապնդման ճամբուն վրայ կատարուած հետազօտական, ակադեմական պրպտում մըն է Քաթիա Փելթէքեանի երկհատոր այս գործը, որուն միջոցով ան իր եզակի ներդրումը կը կատարէ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող աշխատանքներուն մէջ», ըսաւ Միսաք Թերզեան` սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով հատորի խմբագիր Քաթիա Փելթեքեանը: Փելթեքեան շրջանաւարտ է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն եւ Քանատայի մէկ այլ համալսարանէն: Ան դասաւանդած է անգլերէն` Հայկազեան եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարաններուն մէջ:

«Կը յուսանք, որ Փելթեքեանի այս երկհատոր աշխատասիրութիւնը օգտակար ըլլայ եւ վերանորոգ խթան հանդիսանայ հայ ժողովուրդի բարեկամներուն` հետապնդելու արդարութեան եւ մարդկային տիեզերական արժէքներու գործադրումը», ընդգծեց Թերզեան:

Ապա խօսք առաւ հեղինակը` Քաթիա Փելթեքեան, որ խոստովանեցաւ, թէ այս աշխատանքը արգասիքն է 12 տարուան հետազօտութեան, որ իր մէջ ծագած էր նախ իբրեւ սիրողական զբաղում` «հոպի»: Անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ Փելթեքեան յայտնեց, որ ընդհանրապէս այն տպաւորութիւնը կը տիրէ, թէ Եւրոպա չէ օգնած Հայոց ցեղասպանութեան վէրքերու ամոքումին գծով: Խորքին մէջ սակայն Եւրոպա եւ յատկապէս Բրիտանիա յատուկ ճիգեր թափած են այս գծով: «Բրիտանական խորհրդարանին մէջ հայոց ի նպաստ «լոպի» մը կազմուած է, յանձինս լորտ Ճէյմս Պրայսի եւ երկու ուրիշներու», շեշտեց Փելթեքեան` նշելով, որ շուրջ եօթանասուն անգամ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը եւ հայ գաղթականներու օգնութեան հարցը արծարծուած է բրիտանական խորհրդարանին մէջ` շնորհիւ հայասէր լոպիինկի ճիգերուն: Փելթեքեան նաեւ յայտնեց, որ խորապէս զգացուած է իրեն ընծայուած այս առիթէն եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպողներուն, հովանաւորներուն եւ անոր յաջողութեան նպաստած բոլոր բարեկամներուն:

Ապա խօսք առաւ Անիթա Լիպիար, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով ողջունեց Քաթիա Փելթեքեանի այս աշխատանքը` շեշտելով անոր առաքելութիւնն ու նպատակները: Լիպիար նաեւ անդրադարձաւ Փելթեքեանի գործին, որ հիմնականին մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնէ Բրիտանիոյ եւ անոր խորհրդարանին մէջ ի նպաստ Հայոց ցեղասպանութեան եղած ելոյթները: Անիթա Լիպիար յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթիա Փելթեքեանին` բարձր գնահատելով անոր այս աշխատանքը:

Իր կարգին, խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ նախ անգլերէնով, ապա հայերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց Քաթիա Փելթեքեանի այս աշխատասիրութեան կարեւորութիւնը: «Հայոց ցեղասպանութենէն 99 տարիներ ետք այս արժէքաւոր գիրքը կու գայ վերստին արծարծելու Ցեղասպանութեան անժխտելի իրողութեան հարցը», ընդգծեց դեսպան Քոչարեան` նշելով, որ հակառակ որդեգրուած բոլոր քայլերուն, Թուրքիա տակաւին կը հերքէ Հայոց ցեղասպանութեան եղելութիւնը: «Երեք պետութիւններ` Բրիտանիա, Ռուսիա եւ Ֆրանսա, 24 մայիս 1915-ին միացեալ բողոք ներկայացուցին Թուրքիոյ դէմ` պահանջելով ջարդերու կասեցումը, որովհետեւ անոնք ոչ միայն հայութեան, այլեւ համայն մարդկութեան դէմ գործուած արարք էին», ընդգծեց դեսպան Քոչարեան` մէջբերելով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի արտասանած կեցուածքը` պայքարելու անարդարութեան եւ անտարբերութեան ու լռութեան դէմ. «Մենք` իբրեւ պետութիւն եւ ժողովուրդ, կը պայքարինք անարդարութեան դէմ ու պիտի շարունակենք պայքարիլ աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ` մարդու դէմ անարդարութեան, լռութեան եւ անտարբերութեան դէմ»: Դեսպան Քոչարեան բարձր գնահատեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի այս քայլը` մաղթելով համերաշխութիւն եւ ուժերու միացում:

Դեսպան Քոչարեան իր խօսքը փակեց նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով Քաթիա Փելթեքեանին:

Նշենք, որ Փելթեքեանի երկհատոր այս գիրքը լոյս տեսած էր 13 հոկտեմբեր 2013-ին: Երկհատոր այս գիրքին առաջին մասը կ՛ընդգրկէ 1914-էն 1919-ի ընթացքին բրիտանական մամուլին, յատկապէս` «Տը Կարտիըն» (նախկին` «Տը Մանչեսթըր Կարտիըն» անունով հրատարակուած), Լոնտոնի «Տը Թայմզ» եւ «Տը Սանտէյ Թայմզ» թերթերու հրապարակումները Հայոց ցեղասպանութեան եւ առնչակից նիւթերու մասին, աւելի քան 450 յօդուած-գրութիւններ: Իսկ երկրորդ հատորը կ՛անդրադառնայ 1920-էն 1923-ի ընթացքին նշեալ մամուլին հրատարակած աւելի քան 570 գրութիւններուն:

Գիրքին առաջին շնորհահանդէսը կատարուած էր 22 նոյեմբեր 2013-ին` Լոնտոնի «Հայկական տան» մէջ:

Ձեռնարկի աւարտին Քաթիա Փելթեքեան մակագրեց իր այս նորագոյն աշխատասիրութիւնը:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.