Օճալանի Նամակը Հայերուն. «Աշխարհը Պէտք Է Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»


«Աշխարհը Պէտք Է Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Օճալան

 

«ԱԿՕՍ».- Քրտական Բանուորական կուսակցութեան (ՓՔՔի) առաջնորդ Ապտուլլահ Օճալան Իմրալըի բանտէն ՊՏՓի պատգամաւոր Սըրրը Սիւրէյեա  Էօնտէրի միջոցաւ «Ակօս»ին ուղարկած է նամակ մը, ուր կըսէ՝ «Հակառակ դժուար պայմաններուս, շարունակել ջանացած խաղաղութեան որոնումներս ոչ մէկ ժողովուրդի ի վնաս են ու պիտի ըլլան»:
Ստորեւ Օճալանի նամակը՝ «Ակօս»ի թարգմանութեամբ.


Օճալանի Նամակին Բնագիրը 


«Միջագետքի եւ Անատոլուի հին ժողովուրդներուն միջեւ դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցող հասարակական յարաբերութիւնները վերջին երեք դարերուն ընթացքին մեծ վերիվայրումի մէջ են: Յատկապէս դրամապաշտ արդիականացման եւ անոր մեհեանը հանդիսացող ազգային պետութիւններու սրսկած թոյնին պատճառով այս հողերը կարծես վերածուեցան ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու գերեզմանոցի: Միատարր ազգ ստեղծելու ծրագիրները Եւրոպայէն Ափրիկէ, Ասիայէն Աւստրալիա եւ մինչեւ Ամերիկա մարդկային բոլոր արժանիքները գահընկէց ըրած, բազմահազար տարիներու մշակութային ժառանգը եւ արժէքները ոչնչացուցած են: Մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան առաջին հասակ նետած վայրերէն նկատուող մեր հայրենի երկիրն ալ այս աղէտէն իր բաժինը աւելիով ստացած է: Մեր ժողովուրդներուն միջեւ դաշոյնի մը նման մխրճուած ցեղապաշտ ազգային հոսանքները այս փորձանքի գաղափարական հիմքը կազմած են:

«Տասնեակներով լեզու եւ մշակոյթ այս հրդեհին մէջ մոխիրի վերածուած, նոյնիսկ հնագիտական նմուշ ըլլալով անգամ մեր օրերուն չեն կրցած հասնիլ: Բազում ժողովուրդներ ցեղասպանութեան նման մարդկային յանցագործութիւններով փճացած, բազմաթիւ հաւատքներ եւ մշակոյթներ ճնշումներու բերմամբ անհետացած են: Վերջին դարերուն արձանագրուած աղէտները մարդկութեան ենթարկուած մեծագոյն փորձանքներն են: Թէեւ պատմութեան ընթացքին պատերազմներ եւ բախումներ միշտ եղած են, սակայն այսօրուան նման մարդկութիւնը եւ բնութիւնը ոչնչացնելու միտող եւ մեծ մասամբ ալ յաջողած հակում մը չէր եղած:

«Ահա հայ ժողովուրդին դէմ ուղղուած եւ նախորդ դարասկիզբին գործադրուած ցեղասպանութեան ծրագիրն ալ այս նողկալի ռազմավարութեան ամէնէն դաժան օրինակներէն է: Հայ ժողովուրդին մատնուած իրավիճակը ցեղասպանութեան յստակ իրողութիւն մըն է: Ի դէմս ցեղասպանութեան, հայ ժողովուրդին իր ողբերգութեան հետ միասին գոյութիւնը մինչեւ օրս պահելն ալ հրաշք մըն է: Այս հրաշքը անկասկած տանջուած հայ ժողովուրդի մեծ ջանքերուն ու պայքարին շնորհիւ իրականացած է:

«Այսօր ամբողջ աշխարհը պարտի հայ ժողովուրդին ենթարկուած պատմական իրողութեան հետ առերեսուիլ եւ հայ ժողովուրդի սուգը բաժնել, վիշտը կիսել: Թուրքիոյ Հանրապետութեան ալ խնդիրին այս հասունութեամբ մերձեցումը եւ դառն պատմութեան հետ առերեսուիլը անխուսափելի է:

«Հայ ժողովուրդին ալ համեստաբար կրնամ առաջարկել, որ առանց ցեղապաշտ-ազգային թակարդներու մէջ իյնալու շարունակէ իր պայքարը` հեռու մնալով մեր ժողովուրդները տակաւին դարեր շարունակ իրարու թշնամացնել նպատակադրող միջազգային դրամատէր ուժերու եւ լոպիներու չարամտութենէն: Այսօր իրարու հետ գիրկընդխառնուած են քիւրտ ժողովուրդի ազատութեան պայքարը եւ հայ ժողովուրդի վիշտերուն բուժումն ու հաւասար իրաւունքներու տէր քաղաքացիներ ըլլալով այս հողերուն վրայ գոյատեւելու պայքարը: Ժողովրդավարութեամբ պսակադրուած հանրապետութիւն մը թէ՛ պիտի յաջողի անցեալին հետ հաշտուիլ եւ թէ՛ բոլոր տարբեր ինքնութիւնները ազատապէս ապրած հանրապետութիւն մը դառնալ:

«Այս շրջանակէն դիտելով կրնանք ըսել, որ մենք ո՛չ միայն քիւրտ ժողովուրդին, այլեւ այս երկրի բոլոր ժողովուրդներուն եւ հաւատքներուն ազատութեան համար կը պայքարինք:

«Այս պատճառով է, որ հակաժողովրդավարական ուժերը ամէն առիթով մեր առջեւ արգելքներ հանեցին քրտական հարցը անլուծելի դարձնելու համար:

«Ամէն անգամ որ խաղաղասէր միջոցներու դիմեցինք, մեծ գրգռութիւններով ընթացքը խափանեցին: Այս միջավայրը կը յենի երկու հիմնական ուժի վրայ` դրամ եւ ազգայնականութիւն: Իսկ իբրեւ միջոց կ՛օգտագործեն մեծ դրամատէրերու լոպիները եւ համայնքանման կառոյցները: Իրենց համար ենթահող կը ստեղծեն պնդելով, թէ ժողովուրդներու միջեւ տակաւին անկատար հաշիւներ կան: Մինչդեռ այս երկրի բնակիչ բոլոր հնադարեան ժողովուրդները այս հողերուն տէրն են եւ իրենց միջեւ անբաժանելի ոչ մէկ բան կայ: Քիւրտ, թուրք, արաբ, պարսիկ կամ հայ, բոլոր ժողովուրդները ստիպուած են իրենց միջեւ իրաւական հաւասարութեան մը յենող եղբայրական գիտակցութիւն մը ստեղծել: Ժողովուրդներու միջեւ ստեղծուած թշնամութիւնը անկարելի է մեր մշակոյթին յատկութիւնը նկատել: Ստիպուած ենք այդ ախտին մեր յաջորդ սերունդներուն փոխանցումը կանխարգիլել: Այս ալ հազիւ իրաւ արդարութեան մը վրայ կառուցուած պատմական խաղաղութեամբ մը կարելի կ՛ըլլայ: 2013-ի Նեւրոզին մեր կողմէ սկսած հոլովոյթն ալ հազիւ այս հասկացողութեամբ կայուն եւ իմաստալից կը դառնայ:

«Ժողովուրդներու իսկական բարեկամը եւ հայ ժողովուրդի քաջարի որդին` Հրանդ Տինքն ալ ահա այս կեղտոտ մտայնութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ, վերեւ նշուած նպատակին համար սպաննուած է: Այս նպատակով սպաննուած վերջին հայն ալ ան է:

«Դժուար պայմաններու տակ շարունակ կ՛աշխատիմ խաղաղութեան պայմանները որոնել: Այս ջանքը ոչ մէկ ժողովուրդի ի վնաս կրնայ ըլլալ: Իմ այս խօսքիս երաշխիքը մեր աւելի քան երեսուն տարուան պայքարին իւրաքանչիւր պահուն դրոշմուած է արդէն: Երբ մենք այստեղ բոլոր ժողովուրդներուն ի նպաստ ջանք կը թափենք, մեզ ձախողեցնելու համար աշխատող բոլոր խորունկ, բացայայտ, զուգահեռ կառոյցներու, լոպիներու եւ համայնքանման կազմակերպութիւններու դէմ զգուշութեան, յստակ դիտարկումով մը խնդիրը քննարկելու կը հրաւիրեմ ձեզ:

«Մեր քաղաքական բարոյական կեցուածքը մինչեւ այսօր օգտակար եղաւ, որ առանց շեղելու յառաջանանք մեր ճամբէն: Ոչ ոք թող կասկածի, թէ այսուհետեւ ալ նոյն հեռատեսութեամբ պիտի պայքարիմ բոլոր ժողովուրդներուն համար:

«Այս հիման վրայ անգամ մը եւս յարգանքով կը յիշեմ սիրելի Հրանդ Տինքը եւ գլխաւորութեամբ հայ ժողովուրդին, մեր բոլոր ժողովուրդներուն ողջոյններս կը փոխանցեմ»:

Նամակը ստորագրուած է Ապտուլլա Օճալանի կողմէ, Իմրալը արգելանոցին մէջ:



Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.