Հայաստանի անկախութեան եւ հայ պետականութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի մահուան 95-ամեակ


Այսօր կ’ոգեկոչենք մահուան 95ամեակը հայ ժողովուրդի ամէնէն պայծառ դէմքերէն Արամ Մանուկեանի, որուն անունին իրաւամբ կապուած են ներկայ Հայաստանի անկախութեան նուաճումն ու հայոց պետականութեան վերականգնումը։

1919ի Յունուար 29ի այս օրը, Երեւանի իր անշուք բնակարանին մէջ, բծաւոր տիֆէ վարակուած ու մարմնապէս լրիւ հիւծած՝ իր բոցավառ աչքերը առյաւէտ փակեց Արամ։ Ինչպէս որ իր կենսագիրներէն Գաբրիէլ Լազեան կը վկայէ, բծաւոր տիֆը այդ օրերուն իսկական աւեր կը գործէր ամբողջ շրջանին մէջ։ Արամի մահէն 11 օր առաջ, Թիֆլիսի մէջ, միեւնոյն հիւանդութեամբ վարակուած, վախճանած էր հայ յեղափոխական շարժման դարբինը՝ նոյնինքն Արամի եւ անոր դաշնակցական սերնդակիցներուն գաղափարական Ուսուցիչը, անզուգական Ռոստոմը։
Թէ՛ տուեալ ժամանակաշրջանի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու, թէ՛ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի ազգային-պետական վերականգնումի դժուարին երթը առաջնորդելու իմաստով՝ ծանրագոյն կորուստ ու հարուած էին անժամանակ մահերը ե՛ւ Ռոստոմի, ե՛ւ Արամի։
Արամի մահով՝ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յանկարծ զրկուեցաւ մեր ժողովուրդի ազգային-հասարակական ներքին միասնութիւնը շաղախող, պետականօրէն կազմաւորող եւ սեփական ուժերով ամրապնդող ղեկավար գործիչէն։
Արամ Մանուկեան իր յիսնամեայ կեանքը, պատանեկան տարիքէն իսկ, ամբողջապէս նուիրեց հայ ժողովուրդի ազատագրութեան դատին՝ հայ յեղափոխականի ու գաղափարի մարտիկի դաշնակցական աւանդը հարստացնելով եւ ժառանգ ձգելով մեր սերունդներուն։
Յատկապէս տարագիր հայութիւնը, խորհրդային ուրացման եւ ինքնալքման դարաշրջանի ամբողջ տեւողութեան, հերոսատիպ իր սուրբերու կարգին դասեց եւ ներշնչման վարար աղբիւրի վերածեց Արամ Մանուկեանը։
Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հանգանակը ոչ ոք խորհրդանշեց եւ մարմնաւորեց այնքան հարազատօրէն եւ վեհութեամբ, որքան ինք՝ ԱՐԱՄը, որ 1918ի օրհասական օրերուն «դիկտատոր» կարգուեցաւ հայրենի հողին վրայ ողջ մնացած հայ ժողովուրդի վերջին բեկորին կողմէ, ի խնդիր Մայիսեան հերոսամարտի նուաճումին եւ Հայաստանի ու հայութեան հրաշազօր Յարութեան։
Թէեւ Արամի գործն ու տիպարը ամբողջ տասնամեակներ ուրացումի եւ նախատինքի թիրախ դարձան խորհրդային Հայաստանի մէջ թէ աշխարհով մէկ ցրուած «կարմիր հայաստանասէրներ»ու կողմէ, բայց նոյնինքն հայրենաբնակ հայութեան մտքին ու սրտին մէջ եւս չմարեցաւ լուսաւոր աստղը Արամ Մանուկեանի, որ Արցախեան Շարժման առաջին քայլերէն իսկ վերստին հունաւորեց ազատագրական պայքարի մեր ուղին։
Բուն անունով Սերգէյ Յովհաննիսեան՝ Արամ դիւցազնական Զանգեզուրի զաւակ էր, ծնած էր 1879ին, Ղափանի Զէյվա գիւղը։ Աւարտած էր Շուշիի Թեմականը, որ ժամանակի հայեցի դաստիարակութեան եւ յեղափոխական կազմաւորման հնոց էր։ Ուսումը շարունակելու խնդիր չունեցաւ Արամ, որովհետեւ Երկրի կանչը պատանի տարիքէն արդէն գրաւած էր անոր միտքն ու սիրտը։
1901ին, արդէն Դաշնակցութեան անդամագրուած, Արամ ուղարկուեցաւ Բագու, ուր լծուեցաւ հայ պանդուխտ բանուորներու ազգային-յեղափոխական պատրաստութեան եւ կազմակերպման եռուն աշխատանքին՝ իր կարգին Երկիր անցնելու եւ ազատագրական կենդանի պայքարին իր մասնակցութիւնը բերելու մտասեւեռումով։ Բայց Բագուի Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէն նախընտրեց իր մօտ պահել գաղափարական խոր համոզումներու տէր եւ կազմակերպական մեծ շնորհներով օժտուած երիտասարդ Արամը, որպէսզի ան շարունակէ դէպի Երկիր ուխտաւորներու պատրաստութեան պատասխանատու գործը։
Ի վերջոյ 1903ին Արամ յաջողեցաւ անցնիլ Կարս՝ հոնկէ Երկիր մուտք գործելու համար, բայց Կարսի Հնոցը ղեկավարող Դաշնակցութեան օրուան պատասխանատուները եւս նախընտրեցին իրենց մօտ պահել մարդիկ իր շուրջ համախմբելու եւ գործի լծելու բնածին տաղանդով յատկանշուող երիտասարդ այս գործիչին։ Արամ տարի մը մնաց Կարս, բայց տարաւ այնքան գործ՝ սահմանը անցնողներու գաղափարական ու մարտական պատրաստութեան եւ զէնքի փոխադրութեան գործի արդիւնաւոր կազմակերպման իմաստով, որ դաշնակցական իր գործունէութեան առաջին հանգրուանը բարձրակէտի առաջնորդեց՝ Կարսի Սերգէյի իր հռչակով։
1904ին վերջապէս արտօնուեցաւ Արամին, որ անցնի Վան եւ հոնկէ Սասուն, բայց հասկնալիօրէն Վանը ամրօրէն փարեցաւ արդէն Արամ անունով ներկայացող դաշնակցական գործիչին, որ այնուհետեւ մինչեւ 1916 թուականը, շատ կարճ ընդհատումով, ապրեցաւ ու գործեց Վասպուրական աշխարհի մէջ։
Վանի մէջ գործունէութեան այս երկարատեւ շրջանը Արամի յեղափոխական կեանքին առանցքային բաժինը կազմեց՝ ազգային-քաղաքական գործիչի անոր մեծ վաստակին ամրակուռ պատուանդանը հանդիսանալով։ Սկզբնապէս «պարոն Արամ» ճանչցուեցաւ եւ եկուոր նկատուեցաւ վանեցիներուն կողմէ՝ դաշնակցական ըլլան անոնք թէ արմենական։ Բայց ժամանակը շատ արագ վանեցիներու հարազատն ու առաջնորդը դարձուց ողջ էութեամբ Դաշնակցութեան հետ միաձուլուած այս գործիչին։ Ոչ միայն Հ.Յ.Դ. Դուրան-Վասպուրականի կազմակերպութեան մէջ, այլեւ ողջ Վասպուրականի հայութեան մօտ «պարոն Արամ» տարածեց Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր դաւանելու, համահայկական ու հասարակաց շահի պաշտպանութիւնը ամէն կարգի օրէնքէ վեր դասելու գաղափարական ուսմունքը։
Օսմանեան կառավարութեան աչքի փուշը դարձած Արամին որքան ատեցին, այնքան ալ պատկառանքով նայեցան Վան եկած ու գացած թուրք թէ քիւրտ իշխանաւոր պէկերն ու փաշաները։ Այն աստիճան, որ նոյնինքն թշնամին Արամի մէջ տեսաւ իր մեծագոյն ախոյեանը եւ «Փաշա» անուանեց զայն։
Պատահական չէր, հետեւաբար, որ պատմական վերիվայրումներով յղի 1915ի Արհաւիրքի օրերուն, Արամ դարձաւ Վասպուրականի հայութեան հաւաքական ուժն ու կամքը մարմնաւորող անվիճելի ղեկավարը։
Ազգային¬քաղաքական ինքնակազմակերպման եւ պետական տարողութեամբ ենթակառոյցի ստեղծման առումով՝ Արամ բախտորոշ Գործ կատարեց Վանի մէջ։ Արգասիքը եղաւ 1915ի Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը, որուն ոգին եւ հուժկու բռունցքն էր Արամ։ Իբրեւ այդպիսին՝ ան նշանակուեցաւ օսմանցիներէն իր անկախութիւնը նուաճած Վանի կառավարիչ, արժանանալով ոչ միայն վանեցիներու, այլեւ Վան մտած ռուսական զօրքերու հրամանատարութեան հիացմունքին ու յարգանքին։
Բայց յատկապէս Արամի երեւանեան գործունէութեան մէջ տեսանելի ու ճառագայթող է ազգային ու պատմական առումով անոր մեծագործութիւնը։
1917ի իր Երեւան ժամանումէն մինչեւ 1919ի իր թոքախտով հիւծումն ու մահը, Արամ Մանուկեան բառին ամէնէն ամբողջական իմաստով Արարատեան Դաշտի ողջ հայութեան խտացեալ մարմնաւորումը դարձաւ։
Որբի եւ ողբի, գաղթականութեան եւ յուսալքումի, արշաւող թուրքէն սարսափահար եւ դէպի Ռուսաստան հայեացքը յառած ցանուցրիւ հայութենէն, ամիսներու վրայ տարածուող իր տենդոտ աշխատանքով եւ բազմութիւններ գերելու եւ ի մի բերելու, համախմբելու ու կազմակերպ ամրոցի վերածելու իր տաղանդով՝ Արամ շունչ եւ մարմին տուաւ Հայաստանի անկախութեան նուաճումին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէյի յաղթական հերոսամարտներուն։
Իր այդ արժանաւորութեան համար էր, որ հայոց նորագոյն պատմութեան օրհասական այդ պահուն՝ Երեւանի հայութիւնը «Դիկտատոր» կարգեց Արամին եւ անոր վստահեցաւ ազգային իր ճակատագրին դարբնումը։ Արամ արժանաւորապէս իրագործեց իր ուսերուն վրայ դրուած ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը եւ դարձաւ հիմնադիրը Հայոց Պետականութեան վերականգնումին։
Կենսագիրներու միահամուռ վկայութեամբ՝ եթէ անողոք հիւանդութիւնը չտանէր Արամին, հայոց նորագոյն պատմութեան այս հսկան ի վիճակի պիտի ըլլար նաեւ ամրապնդելու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմերը՝ պետականօրէն կազմաւորելով մեր ժողովուրդին ազգային¬հասարակական ներքին շաղախը։ Հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքն ու ուժը ջլատող ցեցերու դէմ պայքարի մեծ ասպարէզ բաց-ւած էր եւ յատկապէս Արամ ի վիճակի էր պատուով յաղթական իր աւարտին առաջնորդելու այդ պայքարը։ Այդ նկատառումով ալ Արամ ստանձնած էր Քաջազնունիի կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարարի պատասխանատուութիւնը։
Բայց մահաբեր համաճարակը կտրեց անոր կեանքին թելը եւ անաւարտ թողուց Արամի ձեռնարկած մեծ գործը։
Արամի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած ծաւալուն իր մենագրութեան մէջ, անդրադառնալով Երեւանի Յատուկ Կոմիտէի ղեկավարման շրջանին, Արշալոյս Աստուածատրեան կը վկայէ, թէ ինչպէ՛ս 5 Յունուար 1918ին, Սուրբ Ծնունդի օրերուն, յանուն Ազգային Խորհուրդին Արամ ընդհանուր զօրակոչ յայտարարեց եւ մեր ժողովուրդը, Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի իր աւանդական տօնախմբութեանց վերջ տալով, յօժարակամ փութաց տէր կանգնելու ազգային իր պարտաւորութեանց։ Այդ առիթով արձանագրուած է Արամի վարքագիծն ու մտածողութիւնը պարզող հետեւեալ յուշ-պատգամը.-
«Այսպիսի պայմաններում,- ասաց նա,- մեր ժողովուրդը հրաշքներ կարող է գործել։ Շատ անգամ առիթներ եմ ունեցել նկատելու, որ մեր գիւղացուն պարտաճանաչութեան զգացումը հարազատ է։ Գիտակցութեան նշան է այդ։ Ազգային Խորհրդի մի կոչը բաւարար է, որ նա իր համար այդ ազիզ օրին թողնի տուն ու տեղ եւ շտապի զէնքի տակ, երբ ստիպողական, հարկադրական ոչինչ չկայ։ Մինչդեռ ռուս կառավարութեան զօրակոչը գլուխ էր գալիս ահ ու սարսափի ազդեցութեան տակ։ Այսօր Օշականից ինձ մի այսպիսի դէպք պատմեցին։ Երբ Ազգային Խորհրդի կոչը հասնում է գիւղ, զինակոչի ենթակայ երիտասարդները պատրաստութիւններ են տեսնում Վաղարշապատ գալու՝ արձանագրուելու համար։ Գիւղի ունեւորներից մէկը, որ ամբողջ պատերազմի ընթացքում իր որդուն զանազան միջոցներով ազատել էր զօրակոչից, Ազգային Խորհրդի կոչը կարդալով՝ կանչում է որդուն եւ ասում.- «Բալա, էլ Աստուած ինձ ղաբուլ չի անի, որ պահուես։ Պատրաստուիր եւ Աստուած հետդ, բարի ճանապարհ, ո՛չ ոքից յետ չմնաս։
«- Ես մի բանից եմ վախենում,- շարունակեց Արամը,- վախենում եմ՝ մենք սեւերես դուրս գանք մեր ժողովրդի առջեւ, չկարողանանք կազմակերպել գործը եւ կորցնենք նրա հաւատն ու վստահութիւնը»։
Սեփական ժողովուրդին նկատմամբ այս աստիճան պարտքի եւ պատասխանատուութեան զգացումով գործեց Արամ Մանուկեան՝ հայոց սերունդներուն կտակելով Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան դատին սեփական գերագոյնը զոհաբերելու գաղափարական ուխտը, պատմութիւնը յառաջ մղող կենդանի օրինակը։

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.