Սուրիոյ ընդդիմադիր զինեալներուն ուղղուող ՄԻԹ-ի բեռնակառքերու հարցը կը բացայայտուի
Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթի յօդուածագիր եւ արտաքին լուրերու խմբագիր Ֆեհիմ Թաշթեքին «Ալ-Մոնիթըր»-ի մէջ կը գրէ, որ Թուրքիոյ Ազգային հետախուզութիւնը ՄԻԹ-ը (Milli ?stihbarat Te?kilat?, M?T), տարիներով քուլիսներու ետին մնալէ ետք, Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան տակ արտաքին գործոց նախարարութեան զուգահեռ ծաղկեցաւ: Սակայն վերջերս ի յայտ եկաւ, որ ՄԻԹ-ը, սուրիական ընդդիմադիր ուժերուն համար զէնքեր կը փոխադրէ։ Յունուար 1-ին կասկածելի բեռնակառք մը դատախազներէն ու կիսազինուորական ոստիկանութենէն փրկելէ ետք՝ ՄԻԹ այս անգամ զէնքերով բեռնաւորուած 7 բեռնակառքերու հարցով լրատուական լուսարձակները իր վրայ հրաւիրեց։ Յունուար 1-ի բեռնակառքի դէպքին պարագային կառավարութիւնը զայն «պետական գաղտնիք մը» կոչած էր, այս անգամ ապահովական ուժերը կարողացան յունուար 19-ին շղթայազերծուած գործողութեան մը ընթացքին կարգ մը բեռնակառքեր խուզարկել, իսկ կառավարութիւնը միջամտելու ուշացաւ։ Բայցեւայնպէս, տեղւոյն կառավարիչը չարտօնեց «պետական գաղտնիք» մը մանրամասն խուզարկել եւ բեռնակառքերը իրենց ճամբան շարունակեցին։
ԴԱՏԱԽԱԶՆԵՐՈՒ ՊՆԴԵՑԻՆ, ՍԱԿԱՅՆ Ի ԶՈՒՐ
Ըստ «Ալ-Մոնիթըր»-ի ապահովական աղբիւրներէ ստացած տեղեկութեանց, 19 յունուարի առաւօտեան ժամը 07։15-ին Ատանայի հակահաբեկչական դատարանի դատախազը Ատանայի նահանգային կիսազինուորական ոստիկանութեան հրամանատրութեան երեք բեռնակառքեր խուզարկելու ցուցմունք տուաւ։
Կէսօրին, շուրջ 200 անձերէ բաղկացած ապահովական ուժ մը Ատանա Սիրքելի մայրուղիի մուտքին կասեցուցած է խնդրոյ առարկայ երեք բեռնակառքերը եւ անոնց ընկերակցող «Օտի Ա3» տիպի ինքնաշարժ մը։ Ութը վարիչներ եւ բեռնակառքերուն մէջ գտնուող այլ անձեր ձերբակալուած են։ Ի յայտ եկած էր, որ «Օտի» ինքնաշարժին մէջ ՄԻԹ-էն երկու պաշտօնատարներ կային։
Պայթուցիկ նիւթեր յայտնաբերող շուներու կողմէ պատշաճ ազդանշան ստանալէ ետք, դատախազը արտօնեց բեռնատարներուն պողպատեայ բեռնարկղները բանալ։ Անոնցմէ վեցին մէջ դեղորայքի տուփերու մէջ պահուած էին հրասանդի ռումբեր, հրթիռներ եւ տարբեր տեսակի փամփուշտներ։ Մինչ բեռնակառքերը աւելի մանրամասն խուզարկութեան համար մօտակայ Սէյհան քաղաքի կիսազինուորական ոստիկանութեան կեդրոն փոխադրութեան ընթացքին ՄԻԹ-ի Ատանայի շրջանային գրասենեակի անդամներ փակեցին անոնց ճամբան։ Ատանայի կառավարիչ Հուսէյն Աւնի Չոշ, նահանգի ոստիկանապետն ու շրջանին մէջ ՄԻԹ-ի տնօրէնը 200 ոստիկաններու ընկերակցութեամբ հասան դէպքին վայրը։ Չոշ մէկ ժամ տեւողութեամբ փորձեց դատախազը համոզել, որ խուզարկութիւն չկատարէ, սակայն չյաջողեցաւ։ Ապա Չոշ կապ հաստատեց Ճէյհանի շրջանի կառավարիչին եւ Ատանայի մէջ կիսազինուորական ոստիկանութեան շրջանային հրամանատարութեան հետ՝ զգուշացնելով, որ ՄԻԹ-ը ուղղակի կապ ունի վարչապետին հետ եւ ՄԻԹ-ի մեքենաները առանց վարչապետարանի արտօնութեան խուզարկելը վարկաբեկում մը պիտի ըլլայ, որմէ ետք կառավարչին ցուցմունքներուն հիմամբ բեռնակառքերը վերադարձուեցան եւ շարունակեցին դէպի Սուրիա իրենց ճամբորդութիւնը։
«ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ»
Ըստ «Ալ-Մոնիթըր»-ի հասած տեղեկութեան, երբ երեք կասկածելի բեռնակառքերը կանգնեցուած են, ՄԻԹ-ի անդամները փորձած են մնացեալ չորս բեռնակառքերը խուզարկութենէ փրկել, սակայն կիսազինուորական ոստիկանները զանոնք եւս ձերբակալած են։
Մինչ բեռնատարները անգամ մը եւս կ՚անհետանային, Հակաահաբեկչական դատարանի գլխաւոր դատախազը յայտնեց, որ անոնց մէջ գտնուող բեռնաւորուած իրերուն ցանկը չի կրնար տալ, որովհետեւ հետաքննութիւնը գաղտնի է։
Օրուան վերջաւորութեան, Ատանայի կառավարիչի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած էր, թէ «ի յայտ եկաւ, որ Ատանայէն Ճէյհան ուղղուող երեք ինքնաշարժերուն մէջ ՄԻԹ-ի անդամներ կային, որոնք իրենց սովորական պարտականութիւնը կը կատարէին։ Հարկ եղած քննութիւններէ ետք, այդ անդամները դէպքին վայրէն հեռացան շարունակելու համար իրենց սովորական պարտականութիւնները»։ Կառավարիչի գրասենեակին կողմէ օգտագործուած «սովորական աշխատանքներ» եզրը միայն եկաւ ընդգծելու այն ամբաստանութիւնը, թէ ՄԻԹ Սուրիոյ հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր գործողութիւններ կը կատարէ։
ԱՆՁԵՌՆՄԽԵԼԻՈՒԹԻՒՆ ՄԻԹ-Ի ՀԱՄԱՐ
Բեռնատարերու նոր դէպքը աշխուժացուց ՄԻԹ-ի անձեռնմխելիութեան շուրջ բանավէճը։ Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան փոխատենապետ Հուսէյն Չելիք հրապարակային յանդիմանութիւն մը հրապարակեց՝ յայտնելով, որ «ասիկա ՄԻԹ-ի պատկանող բեռնակառք մըն է։ Անոր մէջի պարունակութիւնը ոչ ոքի կը վերաբերի։ Այս դատախազները որո՞ւն մօտ կ՚աշխատին։ Այսպիսի սխալներ գործող դատախազները հաշուետուութեան պիտի կանչուին»։ Չոշի նման Չելիք եւս ըսաւ, որ ՄԻԹ-ի որեւէ գործունէութիւն առանց վարչապետի արտօնութեան կարելի չէ հարցականի տակ առնել։
Ըստ իրաւագէտներու, այն օրէնքը, թէ ՄԻԹ-ը հետաքննելու քայլը վարչապետի հաւանութեան կը կարօտի նշեալ կազմակերպութեան անձեռնմխելիութիւն չի տար։ Մասնագէտներ կ՚ըսեն, որ կասկածելի մեքենայ մը կարելի է խուզարկել, եթէ ոճիրի մը հաւանակնութիւնը կայ, փաստ հաւաքելու համար, որմէ ետք ՄԻԹ-ի անձնակազմը հետաքննելու արտօնութեան դիմում մը կը կատարուի։ Եթէ այդ մէկը չի կատարուիր, ապա կը նշանակէ, թէ ՄԻԹ-ի արտօնութիւն տրուած է ոճիրներ գործելու։
Նոյեմբեր 7-ին դարձեալ Ատանայի մէջ ի յայտ եկաւ, որ անձնական ընկերութեան մը պատկանող բեռնակառք մը հրթիռներու 933 ռազմագլուխներ կը պարունակեն։