«Ցեղասպանութեան Որբերու Մասին Տակաւին Պեղելի Հսկայական Գանձեր Կան». Բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեան


 

 

Հայ դատի Լիբանանի մարմինին հրաւէրով, այս օրերուն Լիբանան կը գտնուի «Ցեղասպանութեան որբերը» («Orphans of the Genocide») վաւերագրական տեսերիզի արտադրող բեմադրիչ, նախկին լիբանանահայ Պարէտ Մարոնեանը: Ժապաւէնին վերամշակուած տարբերակը ցուցադրուեցաւ հայկական լիբանանեան կարգ մը սրահներու եւ հայկական վարժարաններու մէջ:

Այս առիթով կը ներկայացնենք «Վանայ Ձայն»-էն  Պարէտ Մարոնեանի հետ Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեանի ունեցած հարցազրոյցի հիմնական բաժինները.-

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ամերիկեան շրջանային «Էմի» մրցանակի դափնեկիր ես, եւ ասիկա մեզի համար ուրախալի եւ ներշնչող է: Ծանօթ է, որ վերջին շրջանին ամբողջութեամբ լծուած ես Հայոց ցեղասպանութեան մասին պրպտումներ կատարելու աշխատանքին, եւ այս գծով «Ցեղասպանութեան որբերը» խորագրեալ ժապաւէնը պատրաստած, արտադրած ես: Նախորդ մեր հանդիպումին նշուած 18 վայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզը այսօր վերածուած է շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ վաւերագրական ժապաւէնի: Ինչպէ՞ս ընթացաւ այս ժապաւէնի պատրաստութիւնը:

ՊԱՐԷՏ ՄԱՐՈՆԵԱՆ.- Շուրջ երեքուկէս տարի առաջ էր, որ սկզբնական տարբերակը` 20 վայրկեան տեւողութեամբ, ժապաւէնի ձեւով պատրաստեցինք շատ փոքր պիւտճէով եւ այդ ժապաւէնն էր դարձեալ «Ցեղասպանութեան որբերը» անունով, որ արժանացաւ ամերիկեան «Էմի» մրցանակի թեկնածութեան: Անկեղծօրէն մենք բնաւ չէինք ակնկալեր, որ այդպէս պիտի ըլլայ, որովհետեւ մեր կողքին այս մրցումին կը մասնակցէին մօտաւորապէս իննսունէն հարիւր արհեստավարժ ժապաւէններ, ու մենք անոնց հետ կը մրցէինք: Այդ մէկը ինքնին հսկայական յաջողութիւն էր մեզի համար, եւ խանդավառուելով քաջալերուեցանք ու անմիջապէս այդ ժապաւէնին եօթը վայրկեան տեւողութեամբ տարբերակը պատրաստեցինք եւ «Եու-թիուպ»-ի վրայ ցուցադրեցինք. քանի մը շաբաթներու ընթացքին տասնեակ հազարաւոր դիտողներ եղան: Անոնցմէ մէկը, ինծի համար շատ սիրելի հայորդի մը` Ալեքքօ Պեզիքեանն էր, Իտալիայէն, որ դիտած էր ժապաւէնը: Մեզի հետ կապի մէջ մտնելով ըսաւ. «Կ՛ուզեմ հովանաւորել ձեր այս ծրագիրը եւ կ՛ուզեմ, որ շատ աւելի լաւ բան մը յաջողցնենք»: Անշուշտ շատ երախտապարտ եմ իրեն: Այդ ժապաւէնը հիմա ունի երկու տարբերակներ, մէկը` Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու պատկերասփիւռի կայաններէն ցուցադրուող տարբերակն է (Պրոտքեսթ վըրժըն), իսկ միւսը` տան մէջ դիտուող մէկ ժամ 51 վայրկեան տեւողութեամբ տի. վի. տի.ն է (հոմ վըրժըն):

Հ.- Առաջին տարբերակը, որ Լիբանանի մէջ 2010-ին ցուցադրուեցաւ, առաւելաբար կ՛անդրադառնար Միսաք Քելէշեանի արծարծած Այնթուրայի որբերուն ու անոնց մասին Ռոպըրթ Ֆիսքի յօդուածին:

Պ. Մ.- Շատ ճիշդ. ներշնչումս Ռոպըրթ Ֆիսքէն եղաւ, որ անշուշտ Միսաք Քելէշեանի յայտնաբերումին մասին էր: Երբ կարդացի Ֆիսքի յօդուածը, անմիջապէս կապի մէջ մտայ Միսաք Քելէշեանի հետ, որ հսկայական արխիւ ունէր այս մասին, եւ որ սիրով ընդառաջեց ու միասին աշխատեցանք: Բայց երբ սկսանք Հայոց ցեղասպանութեան որբերու պատմութեան, անդրադարձանք, որ շատ փոքր, բայց շատ կարեւոր բաժին մըն էր, ու մեզի համար ալ ոդիսական մըն էր, նորութիւններ կային, ու մօտ երկու ժամ տեւողութեամբ պատմութիւններու հսկայական շարանը բացուեցաւ: Մէկուկէս տարուան պրպտումի աշխատանքէ ետք անդրադարձանք, որ այդ բոլորը անկարելի էր մէկ ժապաւէնի մէջ բաւեցնել, հետեւաբար որոշեցինք այս գծով գիրք մը հրատարակել ու հրատարակեցինք գիրքը, որ եւրոպական կամ ամերիկեան հասկացողութեամբ (քաֆի թէյպըլ պուք) «սուրճի սեղան»-ի գիրք էր` մեծամասնութեամբ նկարներէ բաղկացած: Կրնամ հաստատել, որ այդ նկարներուն 80 առ հարիւրը տակաւին չէին տեսնուած եւ մեր պեղումներով յայտնաբերուած էր: Այդ նկարները իրենց փաստարկուած հիմնաւորումներով կրցանք հրատարակել: Իսկ մեր առջեւ պարզուած այդ կուտակումներէն պէտք է ընտրէինք գիտականօրէն ու ամբողջական ձեւով փաստարկուած ու հիմնաւորուած պատմութիւնները, որպէսզի համալսարանի դասախօս մը կամ հայ թէ ոչ հայ մասնագէտ մը կարենայ հիմնաւորեալ ձեւով ներկայացնել պատմութիւնը:

Հ.- Բնականաբար ձեր պրպտումներուն ընթացքին կրցաք հանդիպիլ այդ որբերէն վերապրողներու: Կրնա՞ք խօսիլ այդ մասին:

Պ. Մ.- Մեր պատմութիւնը քանի մը անգամ իր ուղղութիւնը փոխեց, օրինակ Լիբանանի մէջ Միսաք Քելէշեանին միջոցաւ ծանօթացանք որբի մը` Իսրայէլ Դաւիթեան, որ Պուրճ Համուտ կ՛ապրէր ու իր յիշողութեամբ գեղեցիկ ձեւով պատմեց մեզի Ցեղասպանութեան ականատեսի իր փորձառութիւնը:

Իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ գտանք հինգ տարեկան որբ մը` Ալմաստ Պօղոսեան-Աւագեան, որ միակ վերապրողը եղած է Աւագեան ընտանիքէն ու իր հօրաքրոջ միջոցաւ յաջողած է Միացեալ Նահանգներ հասնիլ: Անոր թոռնիկներէն մէկը` Պրուս Պօղոսեան, ներկայիս Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի տնօրէնն է: Մենք հարցազրոյց ունեցանք Ալմաստ թէ Պրուս Պօղոսեանի հետ: Դժբախտաբար հարցազրոյցէն քանի մը ամիս ետք մահացաւ Ալմաստ Պօղոսեան-Աւագեանը:

Հ.- Նկատի ունենալով ամերիկեան աշխարհագրական հսկայ տարածքը, ինչպէ՞ս ըրիք որբերու մասին ձեր պրպտումի աշխատանքը:

Պ. Մ.- Մէկ մասը օրինակ, Լիբանանի մէջ «Ազդակ»-ի միջոցով ծանուցում դրինք: Իսկ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանին մէջ հայկական ռատիոժամ մը կար, հոն ալ ծանուցում դրած էինք եւ այդ ձեւով գտած էինք հինգ տարեկան որբ Ալմաստ Պօղոսեան-Աւագեանը, որ վերջերս տակաւին 105 տարեկան հասակի մէջ կ՛ապրէր Միացեալ Նահանգներու մէջ: Տակաւին ժապաւէնը դիտողներ մեզի կը դիմէին` ըսելով, որ իրենց ալ մեծ հայրը կամ մեծ մայրը Ցեղասպանութեան իրենց յիշողութեան մասին ձեռագիր արձանագրութիւններ ունին: Այսինքն, Ցեղասպանութեան որբերու մասին պեղելի հսկայական գանձեր, հարստութիւն կայ ասոր կամ անոր տունը, դարակին մէջ մնացած: Մենք կրցանք անոնց այդ պատմութիւններու որոշ մէկ մասը վերակենդանացնել: Բայց մեր հիմնական մարտահրաւէրը` փաստաթուղթերով կամ նկարներով հիմնաւորել էր մեր պատմութիւնը, այլապէս «լսել-ըսել» պիտի ըլլայ, եւ ոչ թէ փաստարկուած պատմութիւն: Թէեւ մենք բոլորս գիտենք, որ այդ պատմութիւնները իրականութիւններ են, բայց միջազգային մակարդակի վրայ երբ պիտի ներկայացնենք մեր տեսակէտը, նախընտրեցինք, որ անոնք ըլլան փաստարկուած հիմնաւորումներով:

Հ.- Իսկ ինչպէ՞ս պատրաստուեցաւ մէկ տարի առաջ վերանայուած ժապաւէնին վերջնական տարբերակը, որ պիտի ցուցադրուի Լիբանանի մէջ:

Պ. Մ.- Ժապաւէնի առաջին պատկերասփռումը կատարուեցաւ Ֆրեզնոյի մէջ, 18 ապրիլ 2012-ին ու մեծ յաջողութիւն գտաւ: Ապա յաջորդաբար ցուցադրուեցաւ Նիւ Եորքի Թրոյ քաղաքին մէջ, ապա յունիսին` դարձեալ Նիւ Եորքի Մաունթըն Լէյք քաղաքին մէջ: Իսկ անցնող դեկտեմբերին ցուցադրուեցաւ Մայամի քաղաքին մէջ, Ֆլորիտա, ուր ես կ՛ապրիմ: Հոն ալ մեծ յաջողութիւն գտաւ հակառակ անոր, որ փոքր գաղութ մը կայ հոն միայն: Ու առաջին անգամ ըլլալով, դիտողներու 40 առ հարիւրը ոչ հայեր էին, եւ ասիկա մեծ յաջողութիւն էր մեզի համար, որովհետեւ շատեր Դիմատետրի թէ այլ միջոցներով մեզի հետ կապուեցան եւ ըսին, որ «այս պատմութիւնները չէինք գիտեր, մեզի համար բոլորովին նորութիւն են»: Մինչեւ հիմա Քանատայի եւ Միացեալ  Նահանգներու մէջ աւելի քան 12 միլիոն դիտողներու ներկայացուած է այս ժապաւէնը:

Նպատակս է մինչեւ 2015-ի հարիւրամեակը նուազագոյնը հարիւր միլիոն հաշուող ժողովուրդի ներկայացնել ժապաւէնը:

Հ.- Ժապաւէնի պատրաստութեան ընթացքին զուգահեռաբար նոր գաղափարներ կամ նոր ծրագիրներ ծնա՞ն ձեր միտքին մէջ:

Պ. Մ.- Յաջորդ ծրագիրը, որ ի մտի ունիմ, եւ որուն արդէն իսկ սկսած էի` «Ուումըն աֆ 1915» («Women of 1915») է, որ պիտի անդրադառնայ մասամբ հայ կնոջ կրած տառապանքին Ցեղասպանութեան ընթացքին: Սակայն ատիկա միայն մէկ մասն է, իսկ կարեւորագոյն մասը, որ պիտի յատկացուի ոչ հայ կիներու` սկանտինաւիացի, եւրոպացի, քանատացի, ամերիկացի. մէկ խօսքով այն բոլոր կիներուն, որոնք, հակառակ իրենց ունեցած ընկերային, նիւթական կամ կրօնական տարբերութիւններուն, շրջանցեցին կամ ոտնակոխեցին այդ տարբերութիւնները ու հասան Հայաստան, Պատմական Հայաստան եւ թիկունք կանգնեցան հայ կնոջ: Իրականութեան մէջ հայ կինն էր, որ հայկական մշակոյթը, հայկական շարունակականութիւնը պահեց, պահպանեց, որովհետեւ այր մարդիկը արդէն մահացած էին կամ թրքական բանակի մէջ կը ծառայէին, եւ որոնք վերջ ի վերջոյ նմանապէս սպաննուեցան: Հայ կինն էր, որ ջահը, կեանքի, գոյատեւման ջահը պիտի փոխանցէր մեր որբուկներուն, որոնք Ցեղասպանութենէն վերապրողներ էին: Հայ կնոջ վիճակը, այսուհանդերձ, սարսափելիօրէն վատ էր, որովհետեւ հայ կիները ենթակայ էին, աներեւակայելի դժուարութիւններու, տառապանքներու: Ճիշդ այդ ատեն է, որ հրեշտակի պէս այդ ոչ հայ կիները հասան անոնց օգնութեան, ազատեցին զիրենք եւ օգնեցին ու պարէնաւորեցին` ուտեստեղէնով եւ նիւթապէս:

Հ.- Որեւէ ժամկէտ ճշդա՞ծ էք ձեր այս նոր ծրագիրին գծով:

Պ. Մ.- Այո՛, յուսամ ապրիլ 2015-ին պատրաստ կ՛ըլլայ, արդէն իսկ պրպտումներուն մեծ մասը կատարուած է: Օրինակ` Ճափոնի մէջ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան դեսպանը եղած է հայ կին մը` Տիանա Աբգար, ծագումով պարսկահայ, որ երբեք Հայաստան չէ գտնուած, բայց մեծապէս օգտակար եղած է Ցեղասպանութեան որբերուն` Ճափոն ապաստանածները պատսպարելով եւ փրկելով զանոնք: Ան այս մասին գիրք մը պատրաստած է, եւ իր թոռնիկը այժմ կը բնակի Միացեալ Նահանգներ: Ժապաւէնին մէջ անոր հետ ալ հարցազրոյց մը ունեցած ենք:

Հ.- Խօսինք Հայաստանի մէջ այս ժապաւէնի ցուցադրութեան մասին: Ինչպէ՞ս ընկալուեցաւ անիկա Հայաստանի մէջ դիտողներու կողմէ:

Պ. Մ.- Հայաստանի մէջ ցուցադրուած է ժապաւէնի առաջին տարբերակը, որ 2010-ին Լիբանանի մէջ ալ ցուցադրուած էր: Այս գծով մեզի մեծապէս օգտակար եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը` արխիւներու եւ նիւթերու տրամադրման իմաստով: Այս գծով  իրեն հետ ալ ունեցանք հարցազրոյց մը, ուր առաւելաբար անդրադարձանք Գիւմրիի (Ալեքսանդրապոլի) որբերուն, մանաւանդ որ օրին Գիւմրին «Որբերու քաղաք» կոչուած է: Անշուշտ ծրագիրներ կան Հայաստանի գծով, բայց տակաւին յստակ թուական չէ ճշդուած: Մեր փափաքն է, որ Հայաստանի մէջ եւս պատկերասփռուի «Ցեղասպանութեան Որբեր»-ու նոր տարբերակը, եւ վստահ եմ, որ մօտ ատենէն կ՛ըլլայ այդ մէկը:

Հ.- Ժապաւէնը որպէս պատգամ, ի՞նչ արձագանգ գտաւ: Օրինակ, ամերիկացի ծերակուտականներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով որեւէ նպաստ կրնա՞յ ունենալ:

Պ. Մ.- «Մայամի Հերըլտ»-ի մէջ հրատարակուած էր շատ գեղեցիկ յօդուած մը, որուն յօդուածագիրը պատկերասփիւռային յայտագիրներու ամէնէն  դժուարահաճ քննադատներէն է: Շատեր զգուշացուցին զիս, որ ան իր գրութեամբ կրնայ «քանդել» ժապաւէնին ապագան կամ վճռել զայն, սակայն բարեբախտաբար ան շատ հաւնեցաւ եւ կատարեց մէկ քննադատութիւն. «Դժբախտաբար Պարէտ Մարոնեանը չէ քաղաքականացուցած Հայոց ցեղասպանութիւնը»: Իրականութեան մէջ այդ մէկը ինծի համար շատ դրական է, քանի որ նպատակս այդ  ժապաւէնը քաղաքականացնել չէր, այլ` մեր որբուկներուն պատմութիւնը իր ամէնէն հարազատ ու մարդկային ոճով պատմելը: Արդէն ոչ հայու մը կողմէ նման մատնանշումով արդէն ժապաւէնը քաղաքականացաւ: Անոնք, որոնք տեսած են ժապաւէնը, շատ դրական կ՛անդրադառնան, յատկապէս ոչ հայեր ու կ՛ըսեն. չէինք գիտեր, չէինք գիտեր»:

Հ.- Ամերիկեան Հայ դատի մարմիններուն հետ գործակցութիւնը եղա՞ւ` այս ժապաւէնէն օրինակներ ցրուելու կամ  ծերակուտականներու յատուկ ձեռնարկներ կայացնելու նպատակով:

Պ. Մ.- Այո՛. այդ աշխատանքներու մեծ մասը արդէն սկսած է ու վերջերս արծարծուած «Հայ որբերուն գորգ»-ին պատմութիւնը նշուեցաւ տոքթ. Մարթին Տիրանեանի կողմէ, մօտ 90 տարեկան ատամնաբուժ մը: Այս մասին արդէն նախապէս վեց վայրկեան տեւողութեամբ անդրադարձած էի ժապաւէնին մէջ: Կարելիութիւնները հսկայական են ու արդէն իսկ ամերիկեան Հայ դատի մարմիններուն միջոցով կարելի եղած է Այնթուրայի որբերու ժապաւէնէն ցարդ 1500 օրինակ ցրուել ամերիկացի որոշ ծերակուտականներու եւ պետական պատասխանատուներու:

Հ.- Խօսինք ժապաւէնի գեղարուեստական բաժնին մասին, մանաւանդ նկատի ունենալով «Վանայ Ձայն»-ի մէջ ունեցած քու աշխատանքի փորձառութիւնդ:

Պ. Մ.- Մօտաւորապէս 17 հոգի աշխատած են այս ժապաւէնի պատրաստութեան համար, հայ եւ ոչ հայ, կիսաժամ եւ լիաժամ աշխատանքի դրութեամբ: Մեր մեծ դժուարութիւնը եղած էր նիւթական, որովհետեւ հակառակ սիրելի Ալեքքոյի տրամադրած օժանդակութեան, տակաւին դժուարութեան մէջ էինք: Ու հետս աշխատող մեծ մասամբ փորձառու եւ արհեստավարձ անձերը քաջ գիտէին, թէ այս աշխատանքէն իրենք միայն 50 առ հարիւր կամ բնաւ աշխատավարձ պիտի չգանձէին ու բոլորն ալ սիրայօժար գործակցեցան: Այդ ձեւով յիսուն առ հարիւր համեմատութեամբ խնայողութիւն ըրինք եւ լսողներ չհաւատացին` ըսելով, թէ «վստահաբար, սխալ բան մը կայ»: Իսկ գեղարուեստական մակարդակին գծով ըսեմ, որ «Վանայ Ձայն»-ի իմ փորձառութեամբս արդէն բաւական թրծուած էի այս մարզին մէջ ու փորձեցի կարելի եղածին չափ պահել ոճի հայկականութիւնն ու համամարդկային մակարդակը:

Հ.- Աշխատախումբդ` «Արմենոյտ», քանի՞ հոգիէ կը բաղկանայ եւ ինչպէ՞ս կ՛աշխատիք:

Պ. Մ.- Նորէն նոյն խմբակն է, որ պիտի աշխատակցի հետս: Կան երգիչներ, երաժիշտներ, գրողներ, ժապաւէն արտադրողներ. բոլորն ալ արհեստավարժ ու փորձառու են եւ սիրայօժար աշխատեցան հետս: Միայն յուսանք, որ ինչպէս Քանատայի թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Ալեքքօ Պեզիքեանի պէս անշուշտ ուրիշ բարերարներ գտնուեցան` հիմա ալ ուրիշներ գտնուին, յատկապէս` Լիբանանէն այս անգամ:

Հ.- Ձեր այս ժապաւէնը ի՞նչ լեզուով է:

Պ. Մ.- Ժապաւէնը անգլերէնով է` ֆրանսերէն ենթաբնագիր թարգմանութեամբ:

Հ.- Ձեր այս աշխատանքին գծով տակաւին որեւէ ակնկալութիւն ունի՞ք Լիբանանէն:

Պ. Մ.- Այո՛, անոնք, որոնք տակաւին իրենց մօտ ունին որբերու կամ իրենց մեծ հօր թէ մեծ մօր, մեծ մօրաքրոջ նկարներ ու արձանագրութիւններ, թող հաճին ձեւով մը հասցնել մեզի` հետեւեալ հասցէին bared.maronian@gmail.com:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.