Հայաստան Կը Շարունակէ Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Ապահովելու Արշաւը


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդը իր 22րդ նստաշրջանին ընթացքին վաւերացուցած է Հայաստանի նախաձեռնութեամբ առաջադրուած ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ բանաձեւը. այս մասին նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ պատրաստուած 2013ի իրագործումներու տեղեկագիրին մէջ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն կողմէ կը շարունակուին աշխատանքներ իրականացուիլ՝ ի կատարումն Ցեղասպանութեան 100ամեակի միջոցառումներու կազմակերպման պետական յանձնաժողովի ստեղծման մասին ՀՀ նախագահի հրամանագիրին:
Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու աշխոյժ աջակցութեամբ, Հայկական Ցեղասպանութեան 98րդ տարելիցին կապակցութեամբ՝ բազմաթիւ երկիրներու մէջ վաւերացուած են ոգեկոչման եւ յիշատակի հարիւրաւոր միջոցառումներ, ինչպէս նաեւ կազմակերպուած են խորհրդաժողովներ եւ ցուցահանդէսներ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.