Ամերիկեան Ծովային ուժերու գնդապետ Մաթիու Մանուկեան յետմահու կը պարգևատրուի Ծովային խաչով


 

 

Զինուորական ծառայութեան ընթացքին իր զինակից ընկերները փրկելու համար, ԱՄՆ ծովային ուժերու երկու զինծառայող՝ ազգութեամբ հայ գնդապետ Մեթիւ Մանուկեանն ու տասնապետ Սքայ Մոուքը, յետմահու կը պարգևատրուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բանակի երկրորդ ամենաբարձր պարգևով՝ Ծովային խաչով։ Երկու զինծառայողներուն կը պարգևատրուին Ծովային հետևակի յատուկ գործողութիւններու հրամանատարութեան (Marine Corps Forces Special Operations Command) կողմէ։

Հրամանատարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ երկու զինծառայողները Աֆղանիստան տեղափոխուած էին 2012-ի օգոստոսին։ Անոնք հերոսաբար զոհուած են աֆղան զինեալներու դէմ կռիւի ընթացքին։

Գնդապետ Մանուկեանը, որ զինուորական բանակատեղիի ղեկավարն էր, նկատելով բանակատեղիի ստորաբաժանման սենեակին վրայ յարձակող աֆղան զինեալին, փակած է անոր ճանապարհը եւ թոյլ չէ տուած, որ զինեալը կրակէ իր զինակիցներուն ուղղութեամբ։ Մանուկեան մարմինը պաշտպանողական վահանի վերածելով իր մարմնին վրայ ընդունած է կրակահերթը, սակայն հնարաւորութիւն տուած է միւս ամերիկացի զինուորներուն հեռանալ անապահով տարածքէն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.