Վրաստանի աճառները քրիստոնէական իրենց արմատներուն կը վերադառնան


 

 

Վրաստանի հարաւարեւմտեան հատուածին մէջ, Թուրքիոյ սահմանամերձ Աճարական ինքնավար հանրապետութիւնը 20 տարիներու ընթացքին թատերաբեմը կը հանդիսանայ տարօրինակ կրօնափոխութեան գործընթացի մը։ 1991ին երբ կը քայքայուէր Խորհրդային Միութիւնը, տարածաշրջանի բնակչութեան 75 տոկոսը իսլամներ էին։

Ներկայ մարդահամարներու տուեալներով այսօրուայ Աճարիոյ բնակչութեան 65 տոկոսը ուղղափառ քրիստոնեաներ են։ Աճառիոյ ինքնավար մարզի բնակչութեան թիւը 2002-ի մարդահամարի տուեալներով կը կազմէ 375 հազար քաղաքացի։  Վրացի «իսլամ» աճառներու կողքին բնակչութեան մաս կը կազմեն ռուս, հայ, յոյն եւ աբխազ փոքրամասնութիւններ։

Պաթումի առաջնորդ Տիմիթրիոս սրբազանը կ’ըսէ.¬ «Թէեւ անոնք ձեւականօրէն իսլամ կրօնը ընդունած, բայց քրիստոնեայ աւանդութիւններն ու սրբութիւնները միշտ վառ պահած էին։ Ես անձամբ հանդիպած էի իրենց տան մէջ պահած խաչը ցոյց տուող իսլամ ընտանիքներու։

Եւրոպայի Փոքրամասնութիւններու հարցերու Կեդրոնի կողմէ պատրաստուած «Աճարիոյ մէջ իսլամութիւնը եւ կրօնափոխութիւնը» խորագրեալ տեղեկագրին մէջ կը նշուի թէ յետսովետական շրջանին իսլամ ինքնութիւնը օր ըստ օրէ տկարացաւ։ Երկիը Օսմանեան տիրապետութեան անցած էր ԺԷ դարուն։ Այդ շրջանին դէպի իսլամութիւն արագ անցում մը տեղի ունեցաւ։ Տարածաշրջանի աւագանին կայսրութեան կրօնը ընդունելու շնորհիւ յաջողեցաւ իր քաղաքական ու տնտեսական դիրքը պահել։ Այդ միջոցին իլսամ կրօնը ընդունողներու համար հարկերէ զերծ մնալու առիթներ գոյացան։

Սակայն հասարակութեան մանաւանդ գիւղացի զանգուածը շատ երկար ժամանակ պահեց քրիստոնէական բարքերը։ Օսմանեան կայսրութիւնը Աճարիան  կը դիտէր որպէս Ռուսիոյ դէմ ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող վայր։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ ԺԹ դարուն կայսրութիւնը ալ աւելի ճնշում բանեցուց իսլամութիւնը տարածելու համար։

Սակայն այդ հոսանքը 1990էն ետք ամբողջովին շրջուած կ’երեւի։

Աճարիոյ առաջնորդ Տիմիթրիի վկայութեամբ 13 Մայիս 1991ին հինգհազար իսլամներ կամ անհաւատներ ուղղափռ քրիստոնեայ դարձան։ Նոյն տարին Խուլոյի մէջ բացուեցաւ Սուրբ Անդրէասի անունով երկրորդական դպրոց մը, որ Խորհրդային Միութեան մէջ առաջին հոգեւոր ճեմարանը կը հանդիսանայ։ Առաջնորդը տակաւին կը յայտնէ թէ բազմաթիւ ուղղափառ վարդապետներ իսլամ ընտանիքներու զաւակներ են։ Ան այդ շրջադարձը կը մեկնաբանէ իբրեւ Աստուծոյ կամքը եւ հրաշքը։

Վրաստանի անկախութենէն ետք շարունակուող գործընթացը վրացիներու ազգային ինքնութիւնը ընդլուծեց ուղղափառ քրիստոնէութեան հետ։ Աճարիան այս շրջանցումը կատարեց հակառակ, որ մայրաքաղաք Պաթումը հազիւ 20 քիլոմեթր հեռաւորութիւն ունի Թուրքիոյ սահմանէն։ Մինչ այդ նշենք, որ լեռնային շրջաններու մէջ դեռ կան իսլամ կրօնքը իւրացուցած գիւղեր։

Ֆրանսերէն հաղորդում կատարող Oumma.com  կայքէջին յայտարարութիւններ կատարող վրացի լրագրող Ալինա Օքորոբիրիցէ կ՚ըսէ թէ վրացի ուղղափառ եկեղեցին մեր ազգային ինքնութեան հիմնաքարն է։

«Անցեալին բոլոր հարեւան պետութիւնները, պարսիկները, օսմանցիք, ռուսերը արշաւեցին մեր երկիրը։ Մեզ միատարր պահողը մեր հաւատքը եղաւ։ Եթէ այդ հաւատքը չունենայինք վրացի ժողովուրդ մը գոյութիւն չէր ունենար»։ 

Աճարիոյ մէջ այս գործընթացին ծառայեց նաեւ ազգայնամոլ կուսակցութիւններու եւ մամուլի քարոզչութիւնը։ Օգոստոսի վերջերուն Ատիկէնի շրջանին մէջ մզկիթի մը աշտարակը շինարարական նիւթերու մաքսային հարկը չվճարուած ըլլալու պատրուակով քանդուեցաւ։ Մինարէյի քանդումին դէմ կեցող իսլամները ձերբակալուեցան։ Այս զարգացումներու լոյսին տակ երկրին մէջ կրկին ձեւաւորուեցաւ ազգ եւ կրօն հասկացողութիւններու շուրջ ձեւաւորուած ինքնութեան քաղաքականութիւնը։

Ֆաթիհ Կէօքհան Տիլէր  – «Ակօս»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.