ՆՈՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ ԹՈՒՐՔ-ՔՐՏԱԿԱՆ ՀԱՇՏՈՒԹԵՆԷՆ ԿԱԽԵԱԼ Է


Մարգար Եսայեան թրքական «Զաման» թերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հետ 2009-ին ընթացք առած խաղաղութեան բանակցութիւններու իմաստն այն է, որ Թուրքիոյ պետութիւնը հրաժարած է քրտական հարցին նկատմամբ իր 35-ամեայ անցեալի մօտեցումէն։ Մինչ այդ մէկը կատարելը դժուար էր, իրողութեան մէջ ատկէ աւելին կատարուեցաւ։

Քիւրտերուն հետ նոր համաձայնութեան մը հաւասարութեան հիմքով կատարելը կը նշանակէր, որ պետութիւնը 1913-ին, Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կոմիտէի կողմէ ստեղծուած եւ ապա 1924-ին, սահմանադրութեան մէջ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի կողմէ որդեգրուած մտածելակերպին ողնասիւնը պիտի կոտրէ։

Այդ մէկը սակայն հարց պիտի յառաջացնէր. մարդիկ քիւրտերու եւ ուրիշներու հաւասար պիտի ուզէի՞ն նկատուիլ։ Ասիկա կարեւոր հարց մըն էր, որովհետեւ պետութիւնը այս հարցումին պատասխանին վրայ պիտի հիմնուէր։

Եսայեան կը հաստատէ, որ իրողութեան մէջ կարծէք 1919-ի եւ 1924-ի վճռական ժամանակահատուած վերադարձած ենք։ Ինչպէս ծանօթ է, այդ ժամանակ Աթաթուրքը քիւրտերուն ինքնավարութիւն եւ դաշնակցային դրութիւն խոստացաւ։ 1921-ին, առաջին խորհրդարանը եւ առաջին սահմանադրութիւնը բաւական ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած էին։

Միութեան իրագործումը Աթաթուրքի ղեկավարութեան համար օրինական հիմքի կը կարօտէր։ Քիւրտերը նաեւ 1915-ի «հայկական ջարդերուն» մեղսակիցներ էին։ 1915-էն անմիջապէս առաջ Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կոմիտէի գլխաւոր թեզը այն էր, որ եթէ հայերը չբնաջնջուին, անոնք ռուսերուն հետ պիտի գործակցին եւ թուրքերուն եւ քիւրտերուն Անատոլուէն վտարեն։ Քիւրտերը այս թեզէն խաբուելով իրենց պատմական դրացիները բնաջնջելու համար օգտագործուեցան։

Ինչո՞ւ նոր պետութեան հաստատման ընթացքին քիւրտերուն այդ խոստումը տրուեցաւ, եւ ինչո՞ւ մոռցուեցաւ։ Աթաթուրքի իշխանութեան ամրապնդումին նախորդող վճռական հանգրուանին ընթացքին՝ քիւրտերը հաւասարութեան խոստումէն խաբուեցան։1925-ին, պետութիւնը քիւրտերուն դէմ ձեռնարկեց բռնութեան եւ բռնաճնշումի քաղաքականութեան մը, որ երբեք չդադրեցաւ եւ մինչեւ 2009 ի զօրու մնաց։

Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը քրտական հարցի լուծման հոլովոյթի ճամբով կը փորձէր այս պատմական հոգեկան ցնցումը սրբագրել եւ յարաբերութիւնը հիմնել փոխադարձ վստահութեան ու հաւասարութեան վրայ։ Այդ մէկը կատարելու համար, 1924-ի մտածելակերպով ստեղծուած պետական կառոյցէն պէտք էր հրաժարիլ եւ զայն փոխարինել նոր մօտեցումով մը։

Այն իրողութիւնը, որ 35-ամեայ հակամարտութեան ընթացքին 40 հազար զոհ արձանագրուեցաւ եւ երկու կողմերը անկարող էին յաղթանակ արձանագրել ցոյց կու տայ, որ թուրքերը եւ քիւրտերը իրարու հետ ապրելու դատապարտուած են։ Սակայն քիւրտերը լուծուելու կամ մասնակի քայլերու, ներառեալ արեւելեան շրջաններուն մէջ զարգացման ծրագիրներու ճամբով գոյանալիք համակեցութիւնը չեն ընդունիր։ Անոնք մտածելակերպի եւ մօտեցումի փոփոխութեան ճամբով պետականացուած հաւասարութիւն մը կը պահանջեն։

Այժմ այս նախաձեռնութիւնը Թուրքիոյ եւ աշխարհի մէջ Status quo-ի զօրակցող շրջանակներու կողմէ լուրջ դիմադրութեան կ՚արժանանայ։ Տակաւին կը գոյատեւէ ազգայնական մօտեցում մը, ըստ որու, առաջին հերթին ՔԱԿ-ը պարտութեան պէտք է մատնել, ապա ստիպել, որ բանակցութեան սեղան նստի։ ՔԱԿ-ը կրնայ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը ըլլալ, սակայն անոր գոյութեան պատճառը խտրականութեան քաղաքականութիւնն է։ Ուստի անիկա մեծ ժողովրդականութիւն ունի։ Թրքական բանակի սպայակոյտի նախկին պետ Իլքեր Պաշպուղ ըսած է.«Մենք 26 տարուան ընթացքին ՔԱԿ-ը հինգ անգամ կործանեցինք», ինչ որ ճիշդ է, սակայն ՔԱԿ-ը իսկութեան մէջ երբէք չկործանեցաւ։

ՔԱԿ-ի եւ Քրտական հարցերուն լուծման համար պետութեան մէջ նկատառելի փոփոխութիւն մը անխուսափելի էր, ուստի այն ինչ որ կառավարութիւնը կատարեց ճիշդ էր։ Առնուած քայլերը կրնան բաւարար չըլլալ, սակայն ուղին ճիշդ է։ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ներկայիս յարձակումի ենթարկուիլը ցոյց կու տայ, որ իսկական խնդիրը քրտական հարցի լուծումն է, որովհետեւ հին Թուրքիայէն ու անոր ուժի հաւասարակշռութենէն վերջնական ելքը կախեալ է թուրք-քրտական հաշտութեան գոյացումէն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.