ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵՒ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԱՍԻՆ ՍԹՐԱԹՖՈՐ-Ի 2014-Ի ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ


 

 

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Սթրաթֆոր» ռազմաքաղաքական վերլուծողական ամերիկեան կայքէջի 2014-ի քաղաքական նախատեսութիւններու տարեկան զեկոյցի Միջին Արեւելքի, Թուրքիոյ եւ Կովկասի բաժինները։

՚՚՚

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ-ԻՐԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՎՐԱՅ ՊԻՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱՑՆԵՆ

 

Իրանի հետ ռազմավարական լարուածութեան մեղմացումի ապահովման ճամբով՝ Միջին Արեւելքի մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը վերականգնելու Միացեալ Նահանգներու փորձը 2014-ին Միջին Արեւելքի մէջ առանցքային հարցը պիտի ըլլայ։ Նոյեմբերին նախատեսուած կիսամեայ ընտրութիւններու նախօրեակին Քոնկրեսի հետ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետզհետէ աճող պայքարին եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի իրանցի ծայրայեղականներուն զօրակցութիւնը ապահովելու ջանքերուն լոյսին տակ՝ անպայման որ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութեանց մէջ պիտի ըլլան արգելքներ, որոնք երբեմն այն տպաւորութիւնը կրնան ստեղծել, թէ բանակցութիւնները ձախողելու եզրին են։ Հակառակ անխուսափելի արգելքներուն Իրան-Միացեալ Նահանգներ լարուածութեան մեղմացումը այս տարուան ընթացքին պիտի գոյատեւէ։ Սակայն Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ համապարփակ լուծումի մը եւ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու վերացման համար յառաջիկայ 12 ամիսները բաւարար պիտի չըլլան։


ԻՐԱՆ-ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւնները հրապարակաւ պատժամիջոցներու վերացման դիմաց իրանեան հիւլէական ծրագիրը վնասազերծելու վրայ պիտի կեդրոնան։ Սակայն, մինչ երկու կողմերը տարածաշրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւն մը կը փորձեն յառաջացնել, բանակցութիւնները լռելեայն պիտի ներառեն հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող այլ հարցեր եւս, ներառեալ Սուրիոյ, Իրաքի, Լիբանանի եւ Աֆղանիստանի հարցերը։

Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի հետ դժուար բանակցութիւնները տարածաշրջանին մէջ իրենց աւանդական դաշնակիցներու շահերէն առաջնահերթ նկատման պատճառով, այդ երկիրներուն հետ յարաբերութեանց մէջ լարուածութիւն պիտի յառաջանայ եւ պիտի խանգարէ տարածաշրջանի աւելի փշոտ հարցերը լուծելու ամերիկեան ջանքերը։ Բայցեւայնպէս, ատիկա այն գինն է, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են վճառելու։

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱՆ ԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐ ՉՈՒՆԻ

Թէեւ Սէուտական Արաբիան իր գլխաւոր հովանաւոր ԱՄՆ-ի եւ շրջանային գլխաւոր մրցակից Իրանի միջեւ յարաբերութեանց հաստատման հեռանկարէն խորապէս մտահոգ է, սակայն բանակցութիւնները վիժեցնելու ուժն ու ազդեցութիւնը պիտի չունենայ։ Սէուտական կառավարութիւնը պիտի փորձէ (այս անգամ առանց ամերիկեան զօրակցութեան) Իրանի դէմ արաբական դաշնակցութիւնը ամրապնդել եւ ուժեղացնել, սակայն այդ ջանքերը ընդհանուր առմամբ սնամէջ են, որովհետեւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի պետութիւնները պիտի շարունակեն տարակարծիք մնալ իրենց դրացի պարսիկներուն հետ թշնամական յարաբերութիւնները պահպանելու տարողութեան շուրջ։ Հակառակ Ուաշինկթընի եւ Ռիատի միջեւ յստակ լարուածութեան՝ Միացեալ Նահանգներ սէուտական արքայական տոհմին եւ Ծոցի այլ երկիրներուն հետ իրենց յարաբերութիւնները պիտի պահպանեն՝ ռազմական եւ ուժանիւթի մարզի պայմանագրութեանց ճամբով։

Մինչ Իրան-Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւնը յառաջխաղացք կ՚արձանագրէ, սէուտական կառավարութիւնը կրնայ իր մրցակիցին հետ զինադուլ հաստատելու համար՝ լռելեայն անուղղակի կապ հաստատել Թեհրանի հետ։ Սակայն այս տարուան ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ ջանքերը պիտի կեդրոնանան տակաւին գործող յարանուանական ռազմաճակատներուն մէջ ազդեցութեան պահպանման վրայ։

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ԴՐԱՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Սուրիա պիտի շարունակէ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ անուղղակի ճակատման դաշտ մնալ։ Հակառակ Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցում մը ապահովելու բազմակողմանի ջանքերուն բանակցութիւնները այս տարուան ընթացքին վերջ պիտի չտան սուրիական քաղաքացիական պատերազմին։ Թէեւ ըմբոստները պիտի շարունակեն Սէուտական Արաբիայէն, Քաթարէն եւ Ծոցի այլ երկիրներէն տնտեսական ու ռազմական օժանդակութիւն ստանալ, սակայն Արեւմուտքէն նկատառելի ռազմական օժանդակութիւն պիտի չստանան։ Սուրիական վարչակարգին ու Հըզպալլայի նկատմամբ Իրանի ուժեղ աջակցութիւնը սուրիական ռազմաճակատին վրայ ուժերու անհաւասարութիւնը առաւել եւս պիտի շեշտէ, սակայն վարչակարգը պիտի շարունակէ ըմբոստներու վերահսկողութեան տակ գտնուող հողերուն վերատիրանալու համար մարդուժի սահմանափակումներ ունենալ։

Սուրիոյ մէջ ժիհատական մեծաթիւ ու ազդու ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ տեղական ժիհատական խմբաւորումներու կազմութիւնը պիտի քաջալերէ, եւ Հըզպալլա պիտի ստիպուի իր ուշադրութիւնը Լիբանանի մէջ երեւան եկող սիւննի զինեալ վտանգին եւ Սուրիոյ մէջ իր յարանուանական դաշնակիցներուն օժանդակելուն վրայ բաժնել։ Լիբանանի քաղաքական եւ ռազմական տեսադաշտը 2014-ին առաւել եւս մասնատուած պիտի ըլլայ, մինչ տարբեր խմբաւորումներ կը փորձեն տարածաշրջանին մէջ Իրանի ազդեցութեան աճին յարմարիլ։ Հըզպալլա եւ Իրան պիտի փորձեն բանակցութեանց մթնոլորտը օգտագործել Միացեալ Նահանգները մղելու, որ անոնք Հըզպալլան ընդունին իբրեւ քաղաքական դերակատար մը եւ Հըզպալլայի զինեալ թեւը համարկելու լիբանանեան բանակին մէջ՝ այդպիսով շիի կազմակերպութեան երկարատեւ պահպանումը ապահովելու համար։

ՄՏԱՄՈԼՈՐ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻ

Մինչ տարածաշրջանին մէջ Թեհրանի դիրքը Ուաշինկթընի հետ փոխզիջումի ճամբով պիտի ամրապնդուի, Թուրքիա Իրանը հակակշռելու միջոցներ պիտի փնտռէ։ Այդ ջանքերը առաւելաբար աչքի պիտի զարնեն Իրաքի մէջ, ուր Թուրքիա պիտի փորձէ իր ազդեցութիւնը ամրապնդել հիւսիսի մէջ քրտական շրջանային կառավարութեան հետ ուժանիւթի համաձայնութիւններով, մինչ Իրան շիի ղեկավարութեամբ կառավարութեան ճամբով Պաղտատի մէջ յառաջատար դիրքի վրայ է։ Իրաքի մէջ Ապրիլին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւնները այս մրցակցութիւնը պիտի ընդգծեն։ Վարչապետ Նուրի Մալիքի պիտի փորձէ իր պաշտօնը պահել՝ վստահելով Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի կողմէ Թուրքիոյ եւ քրտական իշխանութեան վրայ ճնշումին, որպէսզի վերջիններս երկրին ուժանիւթի հարստութիւնը կառավարելու Պաղտատի իշխանութիւնը յարգեն։

Ներթրքական ճակատի վրայ՝ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը ներքին լարուածութիւն պիտի դիմակայէ, մինչ անհաւանական դաշնակիցներու, ներառեալ Կիւլենական շարժումի, գործարարական վերնախաւի անդամներու եւ ընդդիմադիր մեծագոյն կուսակցութեան Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան միջեւ դաշինք մը պիտի փորձէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը տկարացնելու, ինչպէս նաեւ տեղական ու նախագահական ընտրութեանց մէջ իշխող կուսակցութիւնը հարուածելու։ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հետ խաղաղութեան հոլովոյթի կառավարութեան ծրագիրը անելի պիտի մատնուի, որովհետեւ քաղաքական գետնի իր դիմագրաւած հարցերուն պատճառով՝ կառավարութիւնը պիտի չկարողանայ ընդհանուր ներման վերաբերեալ զիջումներ կատարել, եւ այդպիսով քիւրտերը իրենց ուժերը հեռացնելու խթանէ զուրկ պիտի մնան։ ՔԱԿ-ի բանակցութիւններէն յուսախափուիլը կրնայ լայնածաւալ ցոյցերու եւ մերթ ընդ մերթ յարձակումներու առաջորդել, սակայն այս տարի Թուրքիոյ քիւրտերու ամբողջական ըմբոստութիւն մը անհաւանական է։

Թուրքիա տարին պիտի օգտագործէ իր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները վերադասաւորելու համար։ Թուրքիա Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ սահմանափակ ազդեցութիւն պիտի ունենայ։ Արաբական աշխարհէն դուրս՝ Թուրքիա Հայաստանի եւ Կիպրոսի հետ երկխօսութիւն պիտի կատարէ ջանալով իր ազդեցութիւնը Կովկասի եւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ տարածել, սակայն երկու պարագաներուն ալ դիւանագիտական բեկումը դժուար պիտի ըլլայ։ Իսրայէլի հետ Անգարայի կապերը քիչ առ քիչ պիտի բարելաւուին, սակայն Անգարա պիտի նախընտրէ յարաբերութիւնը լռելեայն պահել՝ ջանալով Արաբական աշխարհին մէջ իր նկատմամբ տպաւորութիւնները վերադասաւորել։

ՌՈՒՍԻԱ-ԿՈՎԿԱՍ

Ռուսիա, այս տարի, կովկասեան երեք պետութիւններուն մէջ ուժեղ դիրք մը պիտի պահպանէ, թէեւ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւնները առիթ պիտի ընծայեն, որ Իրան եւ Թուրքիա տարածաշրջանին մէջ հետզհետէ աւելի գործօն դերակատարութիւն ունենան։ Իրան պիտի ջանայ Ազրպէյճանի մէջ իր ընկերային եւ քաղաքական ազդեցութիւնը աւելցնել, իսկ Թուրքիա պիտի փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ միջնորդութիւն կատարել՝ ջանալով Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները վերականգնել։ Սակայն թէ՛ Թուրքիա եւ թէ՛ Իրան այս տարի այդ ջանքերուն մէջ յառաջխաղացք արձանագրելու համար բազմաթիւ սահմանափակումներ ունին, ինչ որ Ռուսիոյ առիթը պիտի ընծայէ տարածաշրջանին մէջ իր գերիշխող դերակատարութիւնը պահելու։Հայաստան, Խըրխըզիստան եւ Տաճիկիստան Ռուսիոյ հետ իրենց տնտեսական ու ապահովական կապերը պիտի ամրապնդեն, մինչ պիտի փորձեն անդամակցիլ Մաքսային Միութեան, որ 2015-ին Եւրասիական միութեան պիտի վերածուի։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.