Լոյս տեսած է Նարինէ Մարգարեանի «Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով Սուրիոյ մէջ հաստատուած հայ տարագիրներու կարգավիճակը եւ հայ-արաբական փոխյարաբերութիւնները (1915-1925թթ.)» աշխատութիւնը


 

Հայոց ցեղասպանության թանգարան-հիմնարկը (ՀՑԹ) հրատարակած է ՀՑԹ-ի գիտաշխատող Նարինէ Մարգարեանի «Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով Սուրիոյ մէջ հաստատուած հայ տարագիրներու կարգավիճակը եւ հայ-արաբական փոխյարաբերութիւնները (1915-1925թթ.)» աշխատութիւնը:

Գիրքի հեղինակը՝ Նարինէ Մարգարեան կ’անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Սուրիոյ մէջ հանգրուանած հայ տարագիրներուն առնչուող խնդիրներուն՝ քննութեան նիւթ դարձնելով վերջիններուս նկատմամբ Սուրիոյ արաբ բնակչութեան ունեցած դիրքորոշումն ու կեցուածքը: Ներկայացուած է սկզբնական շրջանին հայ տարագիրներու նկատմամբ տեղւոյն արաբ կառավարիչներու, ցեղապետերու դիրքորոշումը, որմէ ետք Սուրիոյ մէջ Ֆէյսալ իշխանի իշխանութեան (1918-1920թթ.), ապա՝ ֆրանսական գաղութատիրութեան հաստատման առաջին տարիներուն (1920-1924թթ.) իրականացուած քաղաքականութիւնը, քննուած է նշեալ ժամանակահատուածին ընթացքին Սուրիոյ մէջ հայ-արաբական յարաբերութիւններու զարգացումները, վերլուծուած է հայ-արաբական յարաբերութիւնների ընթացքը պայմանաւորող հիմնական գործօնները: Աշխատութեան մէջ ուսումնասիրուած է հայ տարագիրներու՝ Սուրիոյ ընկերային ու քաղաքական կեանք մէջ ներգրաւուելու հիմնական միտումները եւ ներկայացուած է սուրիահայ համայնքի աստիճանական վերաձեւաւորման եւ կազմաւորման գործընթացը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.