Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան հաստատեցին, որ համացանցի վրայ շրջագայող լուսանկարի երիտասարդը հայ չէ


 

Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցին

 

Յունուար 10-ին, «Հորիզոն» հեռաձայնով կապ հաստատեց Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որպէսզի լուսաբանութիւններ փոխանցուին համացանցի վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած սպաննուած երիտասարդի մը լուսանկարին մասին։

«INews» դիմատետրի էջը, Յունուար 8-ին  հրապարակած էր Մինաս անունով սպաննուած սուրիահայու մը լուսանկարը։ Ըստ այդ դիմատետրի էջին, Մինաս սպաննուած է Հալէպի մէջ արմատական իսլամական ՏԱՀԵՇ խմբաւորման զինեալներու բանտերէն մէկուն մէջ։ Լուսանկարը ցոյց կու տայ սպաննուած երիտասարդ մը, որ Հալէպի Հայ աւետարանական Բեթէլ վարժարանի նշանադիրը կրող վերարկու հագած է։ Դիմատետրի էջը կը հաղորդէ, որ Մինասն ու անոր հայրը, 115 օր մնացած են ՏԱՀԵՇ-ի բանտին մէջ։ Ան ամբաստանուած է իսլամութիւնը չընդունելու յանցանքով։

Ժիրայր Ռէյիսեան անդրադառնալով այս դէպքին յայտնեց, որ Facebook-ի ընկերային ցանցը դարձած է այնպիսի տեղեկատուական հրապարակ մը, ուր շրջագայութեան մէջ կը դրուին վաւերականութենէ զուրկ լուրեր եւ մինչեւ իսկ ապատեղեկատուութիւններ։ Ան հաստատեց, որ վերոնշեալ երիտասարդին հետ կապուած դէպքը կը կարօտի ստուգումներու եւ յստակ վաւերական տուեալներու։

Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց նաեւ, որ առեւանգուած հայորդիներու ցանկին մէջ գոյութիւն ունի Մինաս անունով սուրիահայ մը, սակայն համացանցին վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած սպաննուած երիտասարդին լուսանկարը չի համապատասխաներ առեւանգուած սուրիահայ Մինասի ինքնութեան։ 

«Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար վերստին կապ հաստատեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի հետ: Ըստ վերապատուելի Սելիմեանի փոխանցած տեղեկութիւններուն, ապահովական պատկան մարմինները յետ ստուգումներու հաստատած են, որ սպաննուած երիտասարդը հայ չէ, այլ ընդդիմադիր զինեալ մըն է, որ սպաննուած է ընդդիմադիր տարբեր հատուածներու միջեւ սկիզբ առած բախումներուն ընթացքին։

Վերապատուելին լուսաբանեց նաեւ սպաննուած անձին կրած Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ նշանադիրով վերարկուին առեղծուածը։ Պատերազմի նախօրեակին, աւետարանական համայնքի Բեթէլ վարժարանի աշակերտներուն համար վերապատուելին պատրաստել տուած է Բեթէլ  եկեղեցւոյ նշանադիրով վերարկուներ։ Հալէպի կռիւներուն բռնկումէն ետք, Հալէպի մօտակայ արուարձանի մը պահեստանոցին մէջ գտնուող 1000 վերարկուները կողոպտուած են ընդդիմադիր զինեալներու կողմէ եւ ամենայն հաւանականութեամբ ցուրտ օրերուն կ՚օգտագործուէին։  


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.