2013ին Հայաստան Ժամանողներուն Թիւը 26.1 Հազարով Աւելի Էր Մեկնողներէն
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Զուարթնոց» օդակայանի ճամբով 2013 թուականին Հայաստան ժամանողներուն թիւը աւելցած է՝ 2012ի տուեալներուն հետ բաղդատելով, իսկ մեկնողներունը նուազած է: Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական օդանաւորդութեան գլխաւոր վարչութեան կայքը՝ նշելով, որ «Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններուն ճամբով նախորդ տարի Հայաստան ժամանողներուն թիւը 26 հազար 87ով աւելի էր մեկնողներուն թիւէն: «Զուարթնոց»ի օդակայանէն նախորդ տարի Հայաստանէն մեկնած է 830 հազար 5 անձ, ժամանած է 861 հազար 710: «Շիրակ»ի ճամբով մեկնողներուն թիւը 2013ին 36 հազար 76 է, իսկ ժամանողներունը՝ 30 հազար 458:
«Զուարթնոց» օդակայանի միջոցով արտածուած է 6.2 եւ ներածուած 4.2 թոն բեռ, իսկ «Շիրակ»ի՝ միայն ներածուած է 4 թոն բեռ: 2013ին բեռներու տեղափոխման ցուցանիշը նուազած է՝ 2012ին հետ բաղդատելով: 2013ին երկու օդակայաններուն մէջ կատարուած է 8 հազար 942 թռիչք-վայրէջք, որ աւելի քան 1700ով նուազ է 2012ի ցուցանիշներէն, ինչպէս նաեւ սպասարկուած է 1 միլիոն 758 հազար 250 մարդ: