Ազրպէյճանէն արտագաղթած է 1.4 միլիոն քաղաքացի
- (0)

«Միրըր» օրաթերթը՝յղում կատարելով Ազրպէյճանի Գաղթի կեդրոնի ղեկավար Ալովսաթ Ալիեւի, կը հաղորդէ, որ ներկայիս Ազրպէյճանի մէջ 30 հազար չարձանագրուած գաղթականներ գոյութիւն ունին, եւ անոնց թիւը կ՚աճի։ Նշեալ գաղթականներուն մեծամասնութիւնը կու գայ Թիւրքմենիստանէն, Ուզպեքիստանէն, Ղազախստանէն, Փաքիստանէն եւ Ֆիլիփինեան կղզիներէն։ Աւելին, Ազրպէյճան իր տնտեսական զարգացման պատճառով վերածուած է ապօրինի գաղթի տարանցման կէտի. ըստ Ալիեւի, պատճառը գաղթականի կարգավիճակ ստանալու հոլովոյթին բարդութիւնն է։
Ազրպէյճանի գաղթի օրէնքի որդեգրումէն ետք, Ազրպէյճանի մէջ օտար երկիրներու դեսպանատուներու ներկայացուցիչներէն բացի բոլոր օտարահպատակները կրնան Ազրպէյճան մուտք գործել միայն իբրեւ զբօսաշրջիկներ եւ կեցութեան արտօնութիւն ստանալ։ Ապա այցելուն պէտք է երկրին մէջ մէկ տարի մնալու համար կեցութեան ժամանակաւոր արտօնութիւն ստանայ, եւ միայն այն ատեն ան կրնայ գաղթականի կարգավիճակ ստանալ։ Սակայն, կարգ մը քայլեր առնուած են Ազրպէյճանի մէջ գաղթականներու կացութիւնը բարելաւելու համար։ Օրինակի համար, կեցութեան վայրի մէջ արձանագրութեան սակը ջնջուած է, եւ այն գաղթականները,որոնք Ազրպէյճանի քաղաքացիներու հետ կ՚ամուսնանան աշխատանքի արտօնագիր ստանալու կարիգ չեն ունենար։
Օրաթերթը կը նշէ, որ ներքին տեղափոխութեան դրդապատճառը Պաքուի եւ Ապշերոն թերակղզիի տնտեսական աւելի մեծ զարգացումն է։ Պաքուի մէջ, միջին ամսականը այլ շրջաններու միջին ամսականին կրկնապատիկն է։ Թոշակներու տարբերութիւնը աշխատաւորներու դէպի մայրաքաղաք ու անոր շրջապատ տեղափոխութեան կ՚առաջնորդէ։ Ներկայիս գործի տէր բնակչութեան 45 առ հարիւրը կամ շուրջ 2 միլիոն մարդ Պաքուի եւ անոր արուարձաններուն մէջ կ՚աշխատի։
Գաղթականներուն մեծաթիւ ըլլալը եւս կը շարունակէ հարց մը մնալ։ Ըստ կառավարական վիճակագրութեանց եւ ՄԱԿ-ի, շուրջ 1.4 միլիոն ազրպէյճանցի քաղաքացիներ կեանքի աւելի լաւ պայմաններ ու աշխատանք փնտռելով՝ երկրէն գաղթած են։ Անոնց 82 առ հարիւրը ԱՊՀ երկիրներ գաղթած են, որոնց 61 առ հարիւրը՝ Ռուսիա։ Եւրոպական Միութիւն գաղթածներուն համեմատութիւնը 2.5 առ հարիւր է, Իսրայէլ գաղթածներունը՝ 2.4 առ հարիւր, իսկ Թուրքիա գաղթածներունը՝ 1.3 առ հարիւր։
Օրաթերթը կը նշէ, որ փոքր եւ միջին չափի գործերը սակաւապետերու եւ սեփական մենաշնորհներու ձեռքն են։