ԸՍՏ INEWS ԿԱՅՔԷՋԻՆ, ՀԱՅ ՄԸ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ Է ԿՐՕՆԱՓՈԽ ԸԼԼԱԼ ՄԵՐԺԵԼՈՒՆ ՀԱՄԱՐ


 

 

«INews» դիմատետրի էջը, Յունուար 8-ին  հրապարակեց Մինաս անունով սպաննուած սուրիահայու մը լուսանկարը։

Ըստ դիմատետրի էջին, Մինաս սպաննուած է Հալէպի մէջ արմատական իսլամական ՏԱՀԵՇ խմբաւորման զինեալներու բանտերէն մէկուն մէջ։ Լուսանկարը ցոյց կու տայ սպաննուած երիտասարդ մը, որ Հալէպի Հայ աւետարանական Բեթէլ վարժարանի նշանադիրը կրող վերարկու հագած է։

Դիմատետրի էջը կը հաղորդէ, որ Մինասն ու անոր հայրը, 115 օր մնացած են ՏԱՀԵՇ-ի բանտին մէջ։ Ան ամբաստանուած է իսլամութիւնը չընդունելու յանցանքով։

«Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար կապ հաստատեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի հետ: Ըստ վերապատուելի Սելիմեանի փոխանցած տեղեկութիւններուն, Յունուար 9-ի դրութեամբ, իրենք նոյնպէս միայն դիմատետրէն տեղեկացած են դէպքին մասին, նշելով, որ մականունի բացակայութեան պատճառով, դժուար է ճշդել, եթէ նշեալ անձը տեղւոյն աւետարանական համայնքին անդամ է: Վերապատուելին աւելցուց, որ աշխատանքներ կը տարուին ապահովական մարմիններու հետ ստուգումներ կատարելու եւ հարցին ծալքերը լուսաբանելու առնչութեամբ: 

Նշենք, որ Հալածանքի ենթարկուող քրիստոնեաներու մասին տեղեկագիրներ պատրաստող Open Doors կազմակերպութեան համաձայն, 2013 թուականին Սուրիոյ մէջ իրենց կրօնական հաւատքին պատճառով բռնադատուած եւ սպաննուած են 1213 քրիստոնեաներ: Ըստ Open Doors-ի, 2013-ին, նոյն պատճառներով աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ սպաննուած են 2123 քրիստոնեաներ:

Այս մասին կարդալ նաեւ «Արմէնփրէս»ի լուրը

http://armenpress.am/arm/news/745644/halepi-arajnordarany-chi-hastatum-hay-eritasardi-spanutyan.html


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.