Հայաստանի՝ Մաքսային Միութեան Միանալու «Ճամբու Քարտէս»ը Հաստատուած Է
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մոսկուայի մէջ Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի 24 Դեկտեմբերի նիստին հաստատուած է Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական տարածութեան Հայաստանի միանալու «ճամբու քարտէս»ը: «Արմէնփրէս» լուրը հաղորդած է՝ յղում կատարելով «Իթար Թասս»ին, որ դիտել տուած է, թէ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը՝ ամփոփելով Քրեմլինի մէջ կայացած հանդիպման արդիւնքները:
Նշենք, որ Սեպտեմբեր 3ին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած է Մաքսային միութեան միանալու վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան որոշումին եւ այդ նպատակով անհրաժեշտ քայլերուն մասին, իսկ հետագային՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան ձեւաւորման մասնակցելու վերաբերեալ: Երկրին նախագահը հետագային Հայաստանի անդամակցութիւնը արագ ընթացակարգով իրականացնելու առաջարկ ներկայացուցած է Մաքսային միութեան անդամներուն, որոնք ընդունած են առաջարկը, եւ աշխատանքային խումբերու միջոցով պատրաստուած է «ճամբու քարտէս»ը: