Մայր Աթոռը Սուրիոյ Հայկական Դպրոցներուն Նուիրած Է 100 Հազար Տոլար
1533
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսն ու Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը շարունակեն մօտէն հետեւիլ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին եւ սուրիահայութեան ապրած ծանր կացութեան: Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգին համաձայն՝ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը 100 հազար տոլար գումար փոխանցած է Դամասկոսի հայոց թեմին՝ Սուրիոյ հայկական դպրոցներու կարիքներուն համար:
Ըստ տեղեկատուութեան՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերը՝ Մայր աթոռին միջոցով, պարբերաբար աջակցութիւն կը ցուցաբերեն սուրիահայութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ յաղթահարել դժուար պայմանները: