Ընդդիմութիւնը Պոյքոթի Կ՛ենթարկէ Ազգային Ժողովին Կողմէ Կազային Համաձայնագիրի Քուէարկութիւնը



ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմինիաՆաու».– 23 Դեկտեմբերին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնութիւն կազմող իշխող կուսակցութեան անդամները ձեռքով քուէարկութեամբ վաւերացուցին Ռուսիոյ հետ կազային երեք համաձայնագիրները, սակայն ընդդիմադիր պատգամաւորներուն կարծիքով, անիկա պէտք է անվաւեր նկատել:
Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին ընթացքին 77 պատգամաւորներ թեր քուէարկելով՝ վաւերացուցին 2 Դեկտեմբերի 2013ին Երեւանի մէջ ստորագրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութեան միջեւ «Հայռուսգազարդ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան բաժնետոմսերի առքուվաճառքի եւ հետագայ գործունէութեան պայմանների մասին համաձայնագիր»ը:
Այս քուէարկութիւնը նախատեսուած էր կատարել Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբերին, սակայն ժողովականներու անհրաժեշտ ներկայութիւն չկար։  Ինչպէս Ուրբաթ, այնպէս ալ Երկուշաբթի Ազգային ժողովի նիստին զուգահեռ Ազգային ժողովի դարպասներուն դիմաց տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր, որոնց մասնակիցները կը պահանջէին չվաւերացնել համաձայնագիրները՝ զանոնք որակելով «կապիտուլեացիա» (անիրաւահաւասար համաձայնագիր):
«Արմինիա Նաու»ի լրագրող Գոհար Աբրահամեան կը գրէ. «Անհանգիստ էր նաեւ Ազգային ժողովի դահլիճում, նիստի ընթացքում նոյնիսկ լրագրողների օթեակից Ազգային ժողովում հաւատարմագրուած լրագրողներն էին պաստառներ պարզել եւ ծեծում էին ապակիները՝ կանխելու ՀՀԿական պատգամաւորների կողմ քուէարկութիւնը, մի քանի լրագրողներ էլ մուտք էին գործել նիստերի դահլիճ եւ ի նշան բողոքի «որոշողը մենք ենք», «մի՛ վաճառէք Հայաստանը» գրութիւններով պաստառներ պարզել»:
Իշխող համաձայնականի ներկայացուցիչները ստիպուած եղան ձեռքով քուէարկելու, քանի որ ընդմիջման ատեն «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեան հաւաքած էր ՀՀԿի պատգամաւորներուն քարտերը՝ զրկելով ելեկտրոնային համակարգով քուէարկելէ:
Ձեռնպահ ու դէմ քուէարկողներ չեղան, քանի որ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները՝ Հայ ազգային կոնգրեսը, «Ժառանգութիւն»ը,  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ու «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնները քուէարկութենէն առաջ պոյքոթի ենթարկեցին քուէարկութիւնը, լքեցին դահլիճը՝ միանալով Ազգային ժողովի դարպասներուն առջեւ հաւաքուած քաղաքացիներուն:
Այնուհետեւ ընդդիմադիր չորս կուսակցութիւնները հանդէս եկան 7 կէտէ բաղկացած միացեալ յայտարարութեամբ, որուն մէջ նշուած է, որ քուէարկութիւնը ապօրինի է, քանի որ քուէախոյզ յանձնաժողովին 7 անդամներէն չորսը, որոնք ընդդիմադիր թեւի ներկայացուցիչներ են, գործընթացին չեն մասնակցած:
«2013ի Դեկտեմբերի 23ին Ազգային ժողովի արտահերթ նստաշրջանում Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութեան միջեւ «Հայռուսգազարդ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան բաժնետոմսերի առքուվաճառքի եւ հետագայ գործունէութեան պայմանների մասին համաձայնագրի վաւերացման մասին որոշում չի ընդունուել», յայտարարած է ՀԱԿի պատգամաւոր Լեւոն Զուրաբեան՝ աւելցնելով, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները կը պատրաստուին Սահմանադրական դատարան դիմելու՝ որոշման անօրինականութիւնը ապացուցելու, ինչպէս նաեւ հետագայ պայքարի քայլերը որոշելու համար:
«Այս իշխանութիւնները որեւէ նահանջի գնալու են միայն ժողովրդի ճնշման ներքոյ ուրեմն, մենք միասին պէտք է այդ ճնշումը կազմակերպենք: Հետագայ քայլերի համար ձեզ բոլորիդ տեղեակ կը պահենք», յայտնած է Զուրաբեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.