Հարցազրոյց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանի հետ
«100-ամեակի նշումով իր վախճանակէտին չի հասնիր պահանջատիրական մեր երթը»
Հարց.- Նոյեմբեր 7-ին, Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դէմոյեան, Գանատայի Ուինիփէկ քաղաքին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրեց Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի (ԳՄԻԹ) ներկայացուցիչներուն հետ։ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը երկար տարիներէ ի վեր կը համագործակցի գանատական վերոնշեալ թանգարանին հետ: Ո՞ւր հասած են այդ աշխատանքները:
Պատ.- Առաջին հերթին, մենք կ՚ողջունենք այդ համագործակցութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը, որ առիթ պիտի ստեղծէ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին յաւելեալ փաստագրական եւ արխիւային նիւթերով օժտելու Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանը:
Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին մէջ պիտի ներկայացուի մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու պատմականը, յատուկ շեշտ դնելով հրէական, հայկական, ռուանտական ցեղասպանութեանց, ուքրանական սովասպանութեան եւ Սրեպրինիքայի ջարդին վրայ:
Նոյեմբեր 7-ի, ստորագրութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութան դեսպան Արմէն Եգանեան, Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը, Զօրեան հիմնարկը եւ Ուինիփէկի Հայ գաղութի ներկայացուցիչներ:
Պատմական օր էր այդ օրը գանատահայութեան համար։ Տարբեր ժողովուրդներու դէմ գործադրուած մարդկային իրաւանց անարդարութիւններու պատմութիւնը փոխանցող գանատական այս թանգարանը առաջինն է աշխարհի մէջ։ Շնորհակալ ենք թանգարանի պատասխանատուներուն, որոնք թանգարանի հիմնադրման առաջին իսկ օրէն սերտօրէն համագործակցեցան Գանատայի հայ գաղութին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ մասնաւորապէս։
Յիշեցնեմ, որ Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բաժանմունքի կառուցման գծով, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով 2012-ին Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի հայ կեդրոնները այցելեցին թանգարանի հանրային յարաբերութեանց պատասխանատուներ Անժելա Քասի եւ տոքթ. Քլինթ Քըրլ: Պաշտօնական այս հանդիպումներուն նպատակն էր գանատահայութեան հասարակական, քաղաքական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն ծանօթացնել Մարդկային իրաւանց թանգարանին առաքելութիւնը:
Հարց.- 2013-ի համագաղութային գլխաւոր իրագործումներէն մէկը հանդիսացաւ Լաւալի Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանի կոթողումը: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այդ աշխատանքը:
Պատ.- Քեպէգ նահանգի երրորդ մեծագոյն քաղաքը հանդիսացող Լաւալի կեդրոնական հրապարակին վրայ հայկական յուշարձանին կոթողումը իրագործուեցաւ շնորհիւ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի տարիներու հետեւողական աշխատանքին:
Խաչելութիւն-յարութիւն-վերածնունդ խորհրդանշող յուշարձանին հեղինակն է գանատահայ քանդակագործ Արթօ Չաքմագճեանը:
Հոկտեմբեր 20-ին, յուշարձանի բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան գանատացի քաղաքական հիւրեր եւ բազմահարիւր հայրենակիցներ:
Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին, յուշարձաններով պատմութիւնը ոգեկոչելու նմանօրինակ ծրագիրներ յառաջ կը տարուին գանատական այլ քաղաքներու մէջ:
Հարց.- Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակին սեմին, ի՞նչ աշխատանքներ կը տարուին Հայ Դատի յանձնախումբերու կողմէ:
Պատ.- Նախ եւ առաջ շեշտեմ, որ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաւատայ, որ 100-ամեակի գծով տարուող աշխատանքներն ու ձեռնարկները պէտք է կատարուին համագաղութային միասնական ջանքերով:
Ցեղասպանական արարքէն 100 տարի ետք, թրքական պետութիւնը կը շարունակէ իր ուրացման քաղաքականութիւնը:
Մինչեւ 2015 թուական, Հայ Դատի յանձնախումբերը Գանատայի տարածքին նպատակաուղղուած աշխատանք պիտի տանին գանատացի քաղաքական պաշտօնատարներն ու հանրութիւնը հաղորդ պահելու հայութեան վերաբերող մարդկային իրաւանց հարցերու գծով:
Կոչ կ՚ուղղեմ մեր ընթերցողներուն, որ հետեւին Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գանատայի Միացեալ մարմնի յայտարարութիւններուն եւ ներկայ գտնուին անոր կազմակերպած ձեռնարկներուն: Անհատներ, որոնք կը փափաքին իրենց կամաւոր աշխատանքով սատարել վերոնշեալ մարմնին, կրնան կապուիլ շրջաններու մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու գրասենեակներուն:
100-ամեակի որոշ աշխատանքներ կը համադրենք ՀՀ դեսպանին հետ, որուն հետ մեր սերտ համագործակցութիւնը տարիներէ ի վեր կը շարունակուի:
Կ՚ուզեմ յիշեցնել նաեւ մեր հայրենակիցներուն, որ 100-ամեակի նշումով իր վախճանակէտին չի հասնիր պահանջատիրական մեր երթը: 100-ամեակը պարզապէս անկիւնադարձային թուական մըն է: Պահանջատիրական մեր երթը պիտի շարունակենք յաւելեալ թափով եւ վճռակամութեամբ:
Հարց.- 2013-ին Մոնթրէալի մէջ սկիզբ առաւ Հայ Դատի աշխատանքներուն զօրակցական նուիրահաւաքը: Սեղմ կէտերու մէջ բացատրեցէք յանձնախումբի աշխատանքային ծիրը:
Պատ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գլխաւոր առաքելութիւնը՝ գաղութին մէջ հայկական պահանջատիրութեան գաղափարը վառ պահելն է:
Յանձնախումբը յատուկ աշխատանք կը տանի, գաղութին ծանօթացնելու հայութեան եւ Հայ Դատին վերաբերող հարցեր:
Այլ գետնի վրայ, յանձնախումբը նպատակաուղղուած քարոզչական աշխատանք կը տանի գանատացի քաղաքական պաշտօնատարներու մօտ գոյացնելու հայանպաստ քաղաքական դիրքորոշում:
Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Գանատայի խորհրդարանի անդամներ, Հայաստան եւ Արցախ այցելելով մօտէն կը ծանօթաթան մեր հայրենիքին, ժողովուրդին եւ պատմութեան:
Յանձնախումբը իր որոշիչ դերակատարութիւնը ունեցաւ, որպէսզի Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը սուրիահայութեան օժանդակութեան առնչութեամբ որոշ ծրագիրներու մէջ դերակատար ըլլայ:
Դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական ընտրութիւններու ընթացքին, յանձնախումբը զօրաշարժի ենթարկելով իր մասնաճիւղերն ու կորիզները, ճիգ չի խնայեր որպէսզի համապատասխան պաշտօններուն ընտրուին հայանպաստ դիրքորոշում ունեցող թեկնածուներ:
Այստեղ յատուկ կերպով պիտի շեշտեմ նաեւ թուրք-ատրպէյճանական հակահայ քարոզչական արշաւի պարագան, որուն օրըստօրէ ծաւալող թափը հակաշռելու պարտադրանքին տակ կը գտնուինք ներկայիս:
Յիշեցնեմ, որ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի վերը յիշուած նուիրահաւաքը յառաջիկայ ամիսներուն պիտի շարունակուի գանատական տարբեր հայկական ոստաններու մէջ:
Հարց.- Գանատայի մէջ 2 տարիէ ի վեր կը գործէ նաեւ Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինը: Ո՞ւր հասած են այդ մարմնի աշխատանքները:
Պատ.- Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Համադրիչ Մարմինը իր հիմնադրման առաջին իսկ օրէն, համագաղութային լայնածիր աշխատանք ձեռնարկեց, սատար հանդիսանալու Սուրիոյ տագնապին մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներուն:
Հայ Դատի յանձնախումբը իր կարգին, գանատական քաղաքական շրջանակներու մօտ յատուկ քարոզչական աշխատանք տարաւ ներկայացնելով ճգնաժամի մէջ յայտնուած սուրիահայութեան վիճակը եւ երկրին մէջ դարերով ապրած քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու հալածանքի ենթարկուիլը ծայրայեղական խմբաւորումներու կողմէ:
Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ աշխատանք կը տանի, որպէսզի Միջազգային Կարմիր խաչը եւ ՄԱԿ-ի գաղթականութեան գրասենեակը սուրիահայութեան համար օժանդակութեան ծրագիրներ համադրեն Հայաստանի կառավարութեան հետ:
Հարց.- Երկրորդ տարին ըլլալով ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութիւնը (ԳԵՄ) յաջողուեամբ կը պսակէ «Վանաձորի ճամբար» ծրագիրը: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս աշխատանքը:
Պատ.- Ուրախալի երեւոյթ է, որ ԳԵՄ-ի մեր անդամները այս ծրագիրը երկու տարի անընդմէջ կը շարունակեն յաջող ձեւով:
Յուլիս ամսուան մէջ, Վանաձոր քաղաքի ճամբարներէն մէկուն մէջ, երկու շաբաթներու ընթացքին, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի ամառնային ճամբարի մասնակից 210 երեխաները հետեւեցան ԳԵՄ-ի անդամ գանատահայ 15 վարիչներու պատրաստած դաստիարակչական ծրագիրներուն։
Վստահ ենք, որ ԳԵՄ-ը պիտի շարունակէ իր այս առաքելութիւնը եւ յոյսով ենք, որ այդ աշխատանքի ծիրը կ՚ընդլայնէ մինչեւ Արցախ եւ Ջաւախք:
Հարցազրոյցը «Հորիզոն»ի