Չմշկածագի հայ բնակչութիւնը 1915-էն առաջ եւ ետք
1466
0
Չմշկածագը պատմական Տերսիմի անմիջական հարաւը գտնուող հայկական գաւառն էր։ Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն, մեծ թիւով չմշկածագցի հայեր ապաստան գտան Տերսիմի հայ եւ քիզիլպաշ ցեղախումբերուն մօտ։ Համբարձում Գասպարեան 1969-ին հրատարակուած իր 800 էջնոց «Չմշկածագ եւ իր գիւղերը» ստուրածաւալ աշխատութեան մէջ յստակ թիւերով եւ տուեալներով կը ներկայացնէ Չմշկածագի եւ շրջակայ բնակավայրերու հայ բնակչութեան թուաքանակը։ Ստորեւ Գասպարեանի կազմած ժողովրդագրական աղիւսակները։