ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԾԵՐԱՆԱՅ
1684
0
ՄԱԿ-ի բնակչութիւններու հիմնադրամի երեւանեան գրասենեակը յայտարարած է, թէ 2017-2018-ին, Հայաստան մուտք պիտի գործէ ծերացող բնակչութեանց տէր երկիրներու խումբին մէջ։ Երկրի մը բնակչութիւնը կը բնորոշուի որպէս ծերացող, երբ տուեալ բնակչութեան 65 տարեկանէն վեր անդամներու համեմատութիւնը կը գերազանցէ ընդհանուրին 14%-ը, ինչ որ պիտի ըլլայ Հայաստանի պարագան։ Այդ ընթացքը եթէ շարունակուի, 2050-ին, ծերունիները պիտի կազմեն Հայաստանի բնակչութեան 33%-ը։