ՌՈՒՍԻԱ ՔՐՏԱԿԱՆ ՔԱՐԹԸ ՊԻՏԻ ԽԱՂԱ՞Յ


Մաքսիմ Ա. Խուչքով Աշխարհաքաղաքական վերլուծումներու կեդրոնի կայքին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ 27 սեպտեմբերին քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան միաւորները ստանձնեցին Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան (ՏԱՀԵՇ) ղեկավարներէն Ապու Օմար Շիշանին (չեչեն «Հ») եւ իր խմբակի 15 անդամներու սպաննութիւնը։ Այս լուրը սուրիական հակամարտութեան մէջ ընթացող բախումներուն մասին մէկ այլ տեղեկատուութիւն մը պիտի ըլլար, եթէ Հիւսիսային Կովկասի մէջ իր արձագանգը չունենար։

Մինչ չեչենները եւ չերքեզները հաւանաբար Հիւսիսային Կովկասի ժողովուրդներէն ամէնէն ծանօթներն են՝ գոյութիւն ունի մէկ այլ խմբաւորում մը՝ քիւրտերը, որոնց շրջանային կերպարը գործնականին մէջ անծանօթ է, սակայն աչքառու կը դառնայ եւ կրնայ Ռուսիոյ միջինարեւելեան քաղաքականութեան համար անակնկալ հետեւանքներ ունենալ։

1990ական թուականներու սկիզբը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ բազմաթիւ քիւրտեր Ռուսիա գաղթեն, մասնաւորաբար անոր հարաւային եւ կեդրոնական շրջանները։ 2010-ին կատարուած մարդահամարը ի յայտ բերաւ, որ Ռուսիոյ մէջ շուրջ 23 200 քիւրտեր եւ 40 600 եզիտիներ գոյութիւն ունին։

Ժամանակի ընթացքին քիւրտերը Ռուսիոյ մեծագոյն երկու քաղաքներ՝ Մոսկուայի եւ Սան Փեթերզպուրկի մէջ մշակութային կեդրոններ հաստատեցին պահպանելու համար իրենց ինքնութիւնն ու մշակոյթը։ Նոյն ատեն, շրջանային ընկերաքաղաքական հոլովոյթներուն վրայ անոնց ազդեցութիւնը սահմանափակ է, ինչ որ տեղւոյն պաշտօնատարներու ուշադրութիւնը անոնց վրայ չի հրաւիրէր։ Սակայն Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմին, Թուրքիոյ մէջ լարուածութեանց եւ Իրաքի մէջ լուրջ պառակտումներուն պատճառով քիւրտերը Ռուսիոյ համար միջազգային աւելի մեծ նշանակութիւն մը կը ստանան։

Հիւսիսային Կովկասի մէջ գտնուող քիւրտերը արմատականներուն իշխանութեան հասնելուն հաւանականութենէն մտահոգուած Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն նկատառելի մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկեցին։ Նոյն ատեն, Հիւսիսային Կովկասէն տասնեակներով կամաւորներ (մեծ մասամբ Չեչենիայէն եւ Տաղստանէն) միացան սուրիական վարչակարգին դէմ եղող ուժերուն։ Սուրիոյ քիւրտերը իրենց կարգին զինեալ խմբակներ կազմեցին։ Կը հաղորդուի, որ անոնք ՏԱՀԵՇ-էն եւ Ժապհաթ Նուսրայէն 80 զինեալներ սպաննած են։ Ինչ որ այլ գաղափար մը կը ստեղծէ ռուսերուն համար, որոնք ահաբեկչական «Կովկասեան Ամիրայութեան» դէմ իրենց պատերազմը կը մղեն եւ առնուազն գաղափարակից դաշնակիցներու կարիքը ունին։

Ժիհատի համար Սուրիա մեկնած եւ իրենց վերադարձին ռուսական Հիւսիսային Կովկասը ապակայունացնել սպառնացող իսլամ ռուսերուն նման՝ Սուրիոյ քիւրտերը քիւրտ արմատականներու կողմէ բռնարարքներու կ՚ենթարկուին։ Աւելին, ռուսերը քիւրտ ծայրայեղականներու դէմ պայքարի սեփական փորձառութիւն ունին։ Անոնք 2011-ին Չեչենիոյ մէջ սպաննած էին երկու քիւրտ ծայրայեղականներ, որոնք հետագային ի յայտ եկաւ, որ Թուրքիոյ մէջ խողովակաշարեր ականահարած են։ Ինչ որ փորձագէտներու մօտ այն հարցականը ստեղծեց, թէ այդ քիւրտերը Հիւսիսային Կովկասի մէջ միայն թաքստո՞ց մը կը փնտռեն, թէ նոյնպիսի գործողութիւններ շղթայազերծելու նպատակներ կը հետապնդեն։ Սակայն արդեօ՞ք ապահովական հասարակաց շահը բաւարար է քիւրտերուն եւ ռուսերուն միջեւ աւելի ընդլայնուած գործակցութիւն յառաջացնելու, թէ՞ քրտական օրակարգը Ռուսիոյ հետ ըլլալու համար շատ բարդ է։

Անցեալին ռուսերը հասկացողութիւն ցուցաբերեցին քրտական մտահոգութեանց եւ աջակցեցան ՔԱԿ-ին (PKK)։ Սակայն 1999-էն ի վեր, երբ Մոսկուա Ապտիւլլա Օճալանի թրքական մասնայատուկ ուժերու կողմէ ձերբակալման տողատակի համամիտ գտնուեցաւ, Ռուսիոյ եւ քիւրտերուն միջեւ վիհը ընդլայնուեցաւ։ Այս առումով՝ Ռուսիոյ մէջ աճող քրտական բնակչութիւնը առիթ մը կը ներկայացնէ. եթէ պատշաճ ձեւով օգտագործուի, կրնայ վերականգնել յարաբերութիւնը եւ խթանել իբրեւ կարեւոր դերակատար Մոսկուայի տարածաշրջանին մէջ փառամոլութիւնները։

Սակայն նաեւ Ռուսիոյ համար կը ներկայացնէ երկերես մարտահրաւէր մը՝ ներքին եւ միջազգային։ Փոքր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ հաստատուելով՝ քիւրտերը իրենց զարգացման համար բարենպաստ մթնոլորտ մը ստեղծեցին։ Այդ մէկը զանոնք շարք մը թաղամասերու մէջ գլխաւոր խմբաւորման վերածեց։ Ինչ որ բուռն բողոքներ յառաջացուց բնիկներուն մօտ, որոնք կը վախնան, որ անոնք օր մը պահանջեն քրտերէնով կրթութիւն ստանալ եւ այլ իրաւունքներու վրայ պնդել։ Ռուսական ընկերութեան մէջ համարկուելու դժկամութեան արտայայտութիւն ըլլայ, թէ իրենց համայնքը կազմակերպելու միջոց՝ կացութիւնը ընդհանուր առմամբ կ՚արտացոլացնէ ներկայ քրտական մթնոլորտը։

Այս հարցը աւելի կը լրջանայ, երբ արտաքին դերակատարներ, մասնաւորաբար Թուրքիան նկատի ունենանք։ Մոսկուա եւ Անգարա Սուրիոյ հարցով տարակարծիք են, սակայն զայն կը մեղմացնեն լրջախոհ եւ գործնապաշտ գործակցութեան, ներառեալ ուժանիւթի շահեկան համաձայնութիւններով։ Բայցեւայնպէս, եթէ Ռուսիա սկսի լրջօրէն մտերմանալ քիւրտերուն հետ, Թուրքիա անհաւանական է, որ ձեռնածալ մնայ, մանաւանդ, որ իր տրամադրութեան տակ բաւական միջոցներ ունի։ Ուստի, Քրեմլին կամ շատ նուրբ հաւասարակշռութիւն մը պէտք է գտնէ(բան մը, որուն մէջ վարպետ չէ) կամ ալ որոշէ, թէ «ձեռքին մէջ գտնուող թրքական թռչուն մը աւելի՞ արժէքաւոր է քան ծառին վրայ եղող երկու քրտականները»։

Մոսկուա անշուշտ, որ կը ձգտի միջինարեւելեան հոլովոյթներուն մէջ յաւելեալ ազդեցութիւն ունենալ, որուն լոյսին տակ տարածաշրջանի չորրորդ մեծագոյն էթնիկ խմբաւորումին փարիլը կրնայ Սուրիոյ, Իրանի հիւլէական թղթածրարին եւ պաղեստինեւիսրայէլեան բանակցութեանց մէջ ռուսական նախաձեռնութեանց շղթային վրայ օղակ մը ըլլալ։ Պէտք է սպասել եւ տեսնել, թէ Ռուսիա այդ մէկը կատարելու քաղաքական կամքը եւ, ինչ որ աւելի կարեւոր է, կարողութիւնը ունի՞։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.