Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ Տաւութօղլուի Հայաստան Այցը
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի Հայաստան այցելութիւնը: Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, նախարարութեան բանբեր Ճէյն Փսաքի յայտնած է, թէ Ուաշինկթըն յոյս ունի, որ այս այցելութիւնը կարելիութիւններ կը ստեղծէ երկխօսութիւն սկսելու երկու կողմերուն միջեւ, տարածաշրջանային շարք մը հարցերու շուրջ:
«Կը շարունակենք Թուրքիոյ եւ Հայաստանին կոչ ընել, որ ստորագրեն յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով գոյացած արձանագրութիւնները ու շօշափելի քայլերու ձեռնարկեն, ինչպէս օրինակ՝ սահմաններու բացումը, որուն շնորհիւ պիտի ամրապնդուի երկու դրացի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները, պիտի ստեղծուին աշխատատեղիներ եւ նոր հնարաւորութիւններ քաղաքացիներուն համար», աւելցուցած է Փսաքի: