26 երիտասարդներ համալրեցին Հ.Յ.Դ.-ի շարքերը
- (0)

ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումի ընթացքին, 21 Յուլիսին, Դաշնակցական ազատատենչ արիներու սխրագործութիւնները պատմող Պռոշեան քաղաքի զօրաց պանթէոնի մօտ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան շարքերը մուտք գործելու երդման արարողութիւն, կնքահայրութեամբ ընկ.Իկոր Սարգսեանի: Սակայն ընկ.Իկորի միայն խօսքն էր նորագիրներուն հետ, անոր մարմինը արգելափակուած ըլլալով ապազգային իշխանութեան մը կողմէ: Բանակումի պատասխանատու ընկ.Գարագաշեան ընկ.Իկորի գրաւոր խօսքին հետ հաղորդեց անոր բառերու շունչն ու ոգին: Ընկ. Իկորը ընկերներուն դիմեց որպէս «Հայկեան սերունդ, պատուի եւ հայրենիքի պատասխանատու տէրեր»:
Անհիմն զրպարտանքով ան կապանքի տակ ըլլալով հանդերձ յայտնեց իր բերկրանքը` ի լուր աշխարհի չորս ծագերէն միատեղուած դաշնակցական երիտասարդական-ուսանողական բանակումի կազմակերպման «Ուրախ եմ, որ ամբողջ աշխարհէն հաւաքուած էք հայրենիքի մէջ, հերթական անգամ նորոգելու հաւատարմութեան ուխտը մեր նախնիներու տան եւ նախնեաց հանդէպ»: Ան անդրադառնալով Հայաստանի եւ հայ ազգի փրկութեան համար Դաշնակցութեան դերակատարութեան ընդգծեց «Հայ կեանքի անվտանգութեան պատասխանատուութիւնը ժամանակի ընթացքով փոխանցուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Դաշնակցութիւնը արդէն 135 տարի պատուով կը տանի իրեն բաժին ինկած խաչը»:
Ընկ.Իկորը, որ մասնակցած է Արցախի բոլոր պատերազմներուն իր խօսքին մէջ նշեց. «Մեր սերունդը այդ ճանապարհին ճաշակեց Արցախի ազատագրութեան յաղթանակի բերկրանքը, պատիւը, հպարտութիւնը նաեւ անոր ժամանակաւոր կորուստի ցաւն ու դառնութիւնը»:
Որպէս երէց ընկեր ան խօսք ուղղեց շարքերը փոխանցուելու թեկնածուներուն եւ զանոնք ուշադրութեան հրաւիրեց «Այսօր դուք բարդ որոշում կը կայացնէք«կ՛երդնում պատուովս եւ հայրենիքովս»: Կը խնդրեմ կանգ առէք պահ մը, խօսեցէք ձեր հոգիի եւ բանականութեան հետ եւ չխաբէք դուք ձեզի, չամչնաք եթէ պատրաստ չէք, ըսէք: Դաշնակցական ճանապարհները փշոտ են, քարքարոտ, զրկանքներով լի: Կամք, վճռականութիւն եւ յամառութիւն կը պահանջեն: Եթէ վճռեցիք, ձեզի կը մաղթեմ կամք, սկզբունքայնութիւն, հաւատ եւ նուիրուածութիւն: Արժանի ըլլաք հերոս նուիրեալները ապրեցնողներու բարձր կոչման: Ուրեմն յառաջ նահատակ ցեղի անմահներ: Բարի գալուստ դաշնակցութիւն»:
Այս յուզիչ խօսքերով 26 երիտասարդներ մուտք գործեցին Հ.Յ.Դ.-ի շարքերը:
20 Յուլիսի օրակարգը յագեցած էր դաշնակցական երիտասարդներու նկարագիրը ամրապնդող անմոռաց պահերով…