Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհային նոր քարտէ՞ս


 

 

«Առաւօտ» օրաթերթը կը գրէ, թէ ՀՀ արտգործնախարարութեան իր աղբիւրներէն տեղեկացած է, որ Հայաստանը մշակած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր ճանապարհային քարտէս, որը 10 օր առաջ փոխանցուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուին: Աւելի մանրամասնելով լուրը, «Առաւօտ» կը գրէ. «Ակնյայտ է, որ «զերօ խնդիր՝ հարեւանների հետ» կարգախօսով սկսած եւ ներկայ դրութեամբ «լուրջ խնդիրներ՝ բոլոր հարեւանների հետ» իրողութեան հասած Էրտողանի կառավարութիւնը միջազգային հարթակներում դիմագիծը փրկելու մեծ խնդիր ունի եւ, ըստ էութեան, դէմ չի եղել Հայաստանի կողմից առաջադրուած ճանապարհային քարտէսը գաղտնիութեան պայմաններում լրջօրէն քննութեան առնելու:

Ըստ «Առաւօտ»ի տեղեկութիւններուն, ճանապարհային քարտէսը երեք հանգրուաններով է:

1.- Թուրքիան հրապարակաւ կ՚՚ընդունի Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, իր պատասխանատուութիւնը, եւ ներողութիւն կը հայցէ աշխարհասփիւռ հայութենէն:

2.- Անյապաղ կը բանայ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատէ Հայաստանի հետ:

3.- ԼՂՀ հիմնախնդրի կարգաւորման հարցին մէջ Թուրքիան խաղաղարար դերակատարութիւն կը ստանձնէ, կը սատարէ սահմանային միջադէպերու կանխման եւ սահմանագիծին վրայ գործող դիպուկահարներու դուրս բերման:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՀԵՐՔԷ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց «Առաւօտ» օրաթերթի դեկտեմբերի 10-ին հրապարակած լուրը։ Այս մասին ՍիվիլՆէթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ ՏիգրանԲալայեանը: 

«Մեր դիրքորոշումը հայ-թրքական յարաբերութիւնների հարցով յստակ է և վերջին տարիներին փոփոխութիւն չի կրել. այն է` ստորագրուած արձանագրութիւնների վաւերացում և կեանքի կոչում»,- ըսաւ Բալայեանը` ակնարկելով  2009 թուականի Հոկտեմբեր 10-ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւններուն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.