ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԻԲՐԵՒ ԶԷՆՔԻ ՊԱՀԵՍՏԱՆՈՑ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՈՂ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻ
Սեբաստիոյ նահանգի 5-րդ հետեւակային գումարտակի հրամանատարութեան պատկանող ռազմական գօտիի տարածքին մէջ գտնուող հայկական Ս.Գէորգ եկեղեցին այլեւս պիտի չներառուի նշեալ գօտիին մէջ, պիտի առնուի նահանգապետարանի վերահսկողութեան տակ եւ վերանորոգուի։ «Սվազի հայ բարեկամներ» միութեան ջանքերով կեանքի կոչուած այդ նախաձեռնութիւնը արդիւնք տուաւ. Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ արդէն հրահանգած է պատկան մարմիիններուն։
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի տեղեկութեամբ, արդէն ընթացքի մէջ դրուած է անհրաժեշտ թղթաբանութիւնը եւ աւարտին պիտի հասցուի մինչեւ տարեվերջ։ Իսկ 2014-ի ամռան պիտի մենկարկուի եկեղեցիի վերանորոգման աշխատանքները։
Սեբաստիոյ փոխնահանգապետ Սալիհ Այհան նշած է, որ իշխանութիւնները այդ քայլին դիմած են զբօսաշրջութեան զարգացումը խթանելու նպատակով։ «Վերանորոգումէն ետք, թէ ինչպիսի կարգավիճակ պիտի շնորհուի եկեղեցւոյ, ատիկա պիտի որոշեն իշխանութեան բարձրագոյն օղակները։ Այս պահուս մենք ուղղակի կը կատարենք համապատասխան հրահանգը», յայտնած է փոխնահանգապետը։
Լրատուամիջոցը կը նշէ, որ մինչեւ այժմ նշեալ եկեղեցին կ՚օգտագործուէր իբրեւ զինապահեստանոց ու ամէն տարի կ՚արժանանար հայ ուխտաւորներու այցելութեան։ Եկեղեցւոյ կից կը գտնուի հայկական գերեզմանատունը։