ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԱՀԱԲԵԿԻՉ ՄԸ ԵՒՍ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ Է
Ազրպէյճանական «Մինվալ.ազ» կայքէջը կը տեղեկացնէ, թէ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւնը (ՏԱՀԵՇ) իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, որ Ազրպէյճանի քաղաքացի Ռուսթամ Ասքերով Սուրիոյ մէջ կառավարական ուժերու դէմ բախումներու ընթացքին սպաննուած է։
Ըստ տեղեկութեան, Ռուսթամ Ասքերով ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն կռուող ազրպէյճանցիներու գաղափարախօսը կը նկատուի։ Ասքերով, որ Սէուտական Արաբիոյ Մատինա իսլամական համալսարանին մէջ ուսանած է, 20 տարիէ ի վեր իսլամական տարբեր երկիրներու մէջ իսլամական տարբեր խմբաւորումներու շարքին կռուած է։ Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, ան Ազրպէյճանի մէջ 4 տարի բանտարկուած է։
Վերջին հանգրուանին լրատուամիջոցներ Սուրիոյ մէջ շարք մը ազրպէյճանցի ահաբեկիչներու սպանութեան մասին հաղորդեցին։ Ապրիլի սկիզբը՝ թրքական կայքեր հաղորդեցին, որ Սուրիոյ մէջ ազրպէյճանցի 30 ահաբեկիչներ սպաննուած են։ Ըստ հակամարտութեանց փորձագէտ ազրպէյճանցի Արիֆ Եունուսի, Սուրիոյ, Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի մէջ աւելի քան 300 ազրպէյճանցի իսլամականներ կը կռուին։ Սակայն, ըստ Արիֆ Եունուսի եւ «Ֆաքթհապեր» կայքին, աւելի քան 100 ազրպէյճանցի ահաբեկիչներ կը կռուին Սուրիոյ մէջ։ Ազրպէյճանցի ահաբեկիչները մինչեւ իսկ համացանցի վրայ զետեղած են սրբազան պատերազմի կոչ ուղղող տեսերիզ մը։
Միջազգային ահաբեկչական խմբաւորումներու եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները սկիզբ առին 1990ական թուականներու սկիզբը։ Օրին, ազրպէյճանական բանակը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ իր պատերազմին մէջ ձախողութեան մատուեցաւ եւ կորուստներ կրելով նահանջեց։ Կացութիւնը փրկելու ջանքով մը, Հայտար Ալիեւի գլխաւորած ազրպէյճանական ղեկավարութիւնը հայերու դէմ պատերազմին մէջ ներգրաւեց միջազգային ահաբեկիչներ եւ արմատական խմբաւորումներ՝ Աֆղանիստանէն (Կուլպուտտին Հեքմաթեարի խմբակները), Թուրքիայէն (Գորշ Գայլեր, եւայլն), Չեչենիայէն (Պասայեւի, Ռատույեւի եւ այլ խմբակներ) եւ կարգ մը այլ շրջաններէ։
Հակառակ պատերազմի ընթացքին հազարաւոր օտար վարձկաններու եւ ահաբեկիչներու ազրպէյճանական բանակին մէջ ներառման՝ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան դէմ ազրպէյճանական յարձակումը ձախողեցաւ եւ Պաքուի իշխանութիւնները ստիպուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան եւ Հայաստանի հետ զինադադարի հաստատման համաձայնութիւն ստորագրել։ Սակայն միջազգային ահաբեկիչները Ազրպէյճանի մէջ հաստատեցին կապեր, որոնք ապագային օգտագործեցին։ Զինուորագրուեցան ազրպէյճանցիներ, որոնք հետագային ուղարկուեցան Աֆղանիստան եւ Հիւսիսային Կովկաս, ուր մասնակցեցան միջազգային դաշինքի եւ ռուսական կազմակերպութեանց դէմ ճակատամարտներու։