ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԿՌՈՒՈՂ ԹՈՒՐՔ ԶԻՆԵԱԼՆԵՐ


 

 

Ուշագրաւ երեւոյթ է, որ թուրք զինեալներու մեծամասնութիւնը սպաննուած է Հալէպի մէջ կամ քաղաքին անմիջական շրջակայքին մէջ

 

Արմատական իսլամական զինեալ կազմակերպութիւններու մասին անդրադարձող jihadology կայքէջին վրայ վերջերս հրապարակուած է «Սուրիոյ մէջ թուրք զինեալներ՝ համացանցին վրայ եւ դուրս» խորագիրով յօդուած մը, ուր կը նշուի, որ աւելի քան երեք տասնամեակներ շարունակ թուրք քաղաքացիներ արտասահման մեկնած են կռուելու եւ մեռնելու համար, տարբեր երկիրներու հակամարտութեանց մէջ։ Թուրք քաղաքացիներ կռուած են Իրաքի, Աֆղանիստանի (թէ՛ Խորհրդային Միութեան, թէ՛ Միացեալ Նահանգներուն դէմ), Պոսնիոյ եւ Հիւսիսային Կովկասի մէջ, եւ երբեմն իսլամական զինեալ խմբաւորումներու մէջ ղեկավար դիրքեր ունեցած են։ Օրինակի համար Ճեւտեթ Տողեր (ծանօթ Ամիր Ապտուլլա Քիւրտ անունով) իր մահէն (մայիս 2011) առաջ Հիւսիսային Կովկասի մէջ արտասահմանցի զինեալներու թիւ 2 ղեկավարն էր։

Օգոստոս 2012-ին, թուրք լրագրող Ատեմ Էօզքէօսէ Հալէպի մէջ չորս թուրք զինեալներու մահը հաղորդեց եւ ըսաւ, որ շրջանին մէջ կռուող 50 թուրք զինեալներ կան։ Ատկէ մէկ տարի ետք, կարելի է ենթադրել, որ այդ թիւը աճած է։

ՍՈՒՐԻԱՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ԿԱՅՔԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

Դիմատետրի վրայ Սուրիոյ առնչուած թրքական ժիհատականամէտ մեծաթիւ նիւթեր կան։ Օրինակի համար «Սուրիյէ Իսլամ Տեւրիմինի Տեսթեքլիօրուզ» (Սուրիոյ իսլամական յեղափոխութեան կը զօրակցինք «Հ») էջը աւելի քան 11 հազար «LIKE»-եր ունի։ Ժապհաթ Նուսրան եւ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւնը (ՏԱՇԵՀ) ունին համակիրներու թրքական լեզուով էջեր, որոնք Դիմատետրի կողմէ յաճախ կը փակուին, սակայն անմիջապէս կը վերականգնին։ Սուրիոյ մէջ ժիհատական գործունէութեան լուրերով հետաքրքրուած թուրքերուն համար համացանցային լրատուութիւն չի պակսիր։

Ճիշդ ինչպէս արաբերէն նիւթերը թրքերէնի թարգմանուելով կը զետեղուին թրքերէն կայքէջերու վրայ՝ թրքերէն այդ նիւթերը իրենց կարգին կ՚օգտագործուին այլ երկիրներէ իսլամականներու կողմէ։ Օրինակի համար, իսլամամէտ թրքական լրատուական կայքէջ «Իսլահ Հապէր»-ը, որ թուրք զինեալներու գործունէութեան եւ մահուան մասին կանոնաւոր կերպով տեղեկութիւններ կը փոխանցէ, 9 յուլիս 2013-ին ներկայացուց տեսենիւթ մը, ուր կը ներկայացուէին շարք մը թուրքեր, որոնք Սուրիա երթալու իրենց պատճառներուն մասին կը խօսէին։ Զինեալներէն մէկը կը շեշտէ, որ գլխաւոր պատճառը Ասատի կիներ ու մանուկներ սպաննելն է եւ իսլամական օրէնքի վրայ հիմնուած պետութեան մը հաստատումը։

«ԵուԹիուպ»-ի տեսերիզներ երբեմն կ՚օգտագործուին զինուորագրութեան համար։ Ռուսերէնով «ֆիսիրիա» կայքէջը 3 յուլիս 2013-ին հրապարակեց ՏԱՀԵՇ-ի առնչուած Ժէյշ ալ-Մուհաժիրին ուա Անսարի բանբեր, չեչեն Ամիր Սէյֆուլլահի մէկ տեսանիւթը, որուն մէջ ան թուրքերուն կոչ կ՚ուղղէ՝ Շամի մէջ իսլամական օրէնքի հաստատման օժանդակելու։ Jamestown Foundation-ի լրագրող Մայրպեք Վաչակայեւ կը գրէ, որ Սէյֆուլլահ Վրաստանի Փանքիսի կիրճի շրջանէն է։ Սակայն հաւանական է, որ ան Սուրիոյ մէջ պատերազմէն առաջ Իսթանպուլ կը բնակէր։ Հիւսիսային Կովկասէն բազմաթիւ զինեալներ կը շարունակեն Թուրքիա բնակիլ։ 

«ԵուԹիուպ»-ի վրայ վերջերս զետեղուած տեսանիւթ մը Սուրիոյ մէջ թուրք զինեալներու գործունէութեան տարողութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց։ 5 յուլիս 2013-ին Facebook-ին առնչուած (ներկայիս ջնջուած) էջ մը՝ «Սուրիյէ Տեւրիմի Շեհիտլերի» (Սուրիական յեղափոխութեան նահատակները «Հ») ներկայացուց «Թուրքիյելի Շեհիտլեր»(Թուրքիայէն նահատակներ «Հ») խորագիրով տեսանիւթ մը, որ Սուրիոյ մէջ սպաննուած ենթադրեալ 27 թուրք զինեալներ կը ներկայացնէ։ Կարգ մը լուսանկարներ ամբողջական անուն մը կը ներկայացնեն, ուրիշներ մարտական ծածկանունը կամ Թուրքիոյ մէջ ծննդավայրեր։ Տեսանիւթին մէջ ներկայացուած թուրքերը Թուրքիոյ տարբեր կողմերէն եկած էին, սակայն երկրին արեւելքը, մասնաւորաբար Այնթապը, Տիգրանակերտը եւ Ատանան աչքի կը զարնէին։ Անոնց շարքին էին 17 տարեկան երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ երկար ճերմակ մօրուքներով տարեցներ։ Ուշագրաւ երեւոյթ է, որ վերոնշեալ թուրք զինեալներու մեծամասնութիւնը սպաննուած է Հալէպի մէջ կամ քաղաքին անմիջական շրջակայքին մէջ: Ստորեւ թուրք կարգ մը զինեալներու մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը Սուրիոյ մէջ թուրք զինեալներու դերակատարութեան եւ Թուրքիոյ մէջ անոնց ենթահողին մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը փոխանցէ

ԱՀՄԵԹ ԶՕՐԼՈՒ

 

Ահմեթ Զօրլու, իր երկար մազերով եւ կարճ մօրուքով, թրքական ժիհատական ընկերային ցանցի ամէնէն ծանօթ դէմքերէն մէկն է։ Սպանութենէն ետք, անոր նկարը կանոնաւոր կերպով կ՚երեւի Ժապհաթ Նուսրայի համակիրներու թրքերէն լեզուով էջերուն եւ թրքերէնով ժիհատականամէտ այլ լրատուամիջոցներու մէջ։ 30-ամեայ Զօրլու, որ նաեւ ծանօթ է Էմիր Ահմետ Սեյիաֆ անունով, չորս թուրք զինեալներու կողքին մարտ 2013-ին սպաննուեցաւ Խան ալ-Ասալի մէջ գործողութեան մը ընթացքին։ Կը հաղորդուի, որ ան խումբ մը թուրք զինեալներու ղեկավարն էր եւ հաւանաբար Սուրիա հասած էր Խան ալ-Ասալի ճակատամարտէն քանի մը ամիս առաջ։Իր մահէն ետք, անոր դիակը Սուրիայէն տարուած է Իսթանպուլի հարաւը Մարմարայի եզրին գտնուող ծննդավայրը՝ Եալովա, ուր կեդրոնական մզկիթին մէջ մեծ յուղարկաւորութիւն մը տեղի ունեցած է։ Ան թաղուած է քաղաքին գերեզմանատան մէջ։ Անոր դիակին սահմանէն փոխադրելը, ինչպէս նաեւ յուղարկաւորութեան հրապարակային եւ աչքառու բնոյթը ցոյց կու տան, որ անոր «նահատակութիւնը» գաղտնիք մը չէր։

ԱՊՏՈՒԼՌԱՀՄԱՆ ՔՈՉ

 

Ատիաման նահանգէն, Ապտուլռահման Քոչ այստեղ ներկայացուող զինեալներուն երիցագոյնն է։ Քոչ համայնքային ղեկավար մըն էր եւ կը ծառայէր իբրեւ կրօնական ոչ պետական Ղարիփ Տեր կազմակերպութեան մէջ (Կարիփլեր Եարտըմլաշմա վէ Տայանըշմա Տերնեղի կամ Ղարիպ իսլամներու միութիւն)։ Յունիս 2012-ին Էօզկուր Տերի (Ազատութեան միութիւն «Հ») կազմակերպած «Մենք բանտի մէջ եղբայրներ ունինք» խորագիրով հաւաքի մը ընթացքին խօսք արտասանած է։ Ղարիփ Տեր հիմնուած է 2010-ին։ Անոր կեդրոնատեղին Իսթանպուլի պահպանողական Ֆաթիհ թաղամասին մէջ է։ Միութիւնը բանտարկուած իսլամներու համար կրօնական գրականութիւն կ՚ապահովէ։

Քոչ յունուար 2013-ի սկիզբը գացած է Սուրիա, ուր հասնելէ հաւանաբար կարճ ժամանակ ետք նկարուած տեսերիզ մը զինք ցոյց կու տայ նշանարութեան ոչ այնքան լաւ փորձ կատարելու եւ գեղեցիկ օդերեւոյթին մասին խօսելու ընթացքին։ Կը հաղորդուի, որ արձակազէն մը 2 յուլիս 2013-ին սպաննած է Քոչը Ազազի մօտ Մենկ օդակայանին դէմ յարձակումին ընթացքին։ Իսլամական 12 ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ 7 յուլիս 2013-ին Իսթանպուլի Ֆաթիհ մզկիթին մէջ Քոչի եւ Սուրիոյ ու Աֆղանիստանի մէջ սպաննուած ուրիշներու համար նամազ մը կազմակերպեցին։ Էօզկուր Տերի ընդհանուր տնօրէն Ռիտվան Քայա դամբանական մը արտասանեց, որմէ ետք տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը, որուն մասնակիցները Քոչի, Զօրլուի եւ այլ «նահատակներու»»դիմանկարները ներկայացնող պաստառներ բարձրացուցին։

Ղարիփ Տերի Քոչի գործակիցներէն առնուազն մէկը իր հետ կամ իրմէ ետք Սուրիա մեկնած է։ Եաքուփ Շենաթաշ, հարաւ արեւելեան Սիվերեք քաղաքէն քիւրտ մըն է։ Ան Քոչէն քանի մը շաբաթ ետք սպաննուած է՝ 25 յուլիս 2013-ին, դարձեալ Մենկ օդակայանին մօտ։ Երկուքին լուսանկարները Շենաթաշի մահէն անմիջապէս ետք ընկերային ցանցերու վրայ սկսան երեւիլ։ 

ՄԵԹԻՆ ԷՔԸՆՃԸ

 

Մեթին Էքընճը օգոստոս 2012-ին սպաննուեցաւ Հալէպի մէջ։ Անոր մահը առաջին հերթին հաղորդուեցաւ Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանէն, որ իր թրքական անձագիրը եւ դիակի լուսանկարը ցուցադրեց։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ ԷքընՃըի ծննդավայր Պինկէօլ նահանգի Հաճի Հասիփ մզկիթին մէջ, իսկ «հազսէօզհապեր» կայքէջը Էքընճըի ի պատիւ արտասանուած քարոզին գրութիւնը հրապարակեց։ Էքընճը Սուրիա մեկնելէ առաջ առնուազն մէկ կրօնական ոչ կառավարական կազմակերպութեան առնչուած էր։ Նոյեմբեր 2011-ին Էքընճը խօսք առաւ Իզմիրի Իլիմ Տերի (Իմաստութեան հիմնարկ «Հ») մէջ։ Անոր խօսքը յարաբերաբար չափաւորական է եւ կը կեդրոնանայ կրօնական սովորական հարցերու վրայ։ Իլիմ Տեր իսլամական հետազօտութեան եւ մշակոյթի հիմնարկ մըն է։ Անոր կայքը սէուտցի եւ այլ արաբ կրօնական դէմքերու հետ շարք մը դասախօսութիւններ կը ներկայացնէ։ Էքընճըի սպանութեան ամէնէն հետաքրքրական երեւոյթը այն է, որ անոր եղբայրը՝ Ազատ Էքընճը հազիւ տասը տարի առաջ Թուրքիոյ ամէնէն փնտռուած անձերէն մէկն էր եւ առնչուած էր 20 նոյեմբեր 2003-ին Իսթանպուլի HSBC-ի շէնքի ականահարումին։ Գործողութիւնը քաղաքին մէջ Քայիտայի առնչուած եւ 57 զոհ պատճառած գործողութեանց շարքերէն մէկն էր։ Ան ներկայացուած էր, իբրեւ Իսլամ եղբայրներու անդամ մը եւ անոր ծածկանունն էր՝ Ապու Նիտալ։ Հետագային հաղորդուեցաւ, որ Ազատ Էքընճը յունուար 2004-ին անձնասպանական գործողութեան մը ընթացքին սպաննուած է, թէեւ Պոլսոյ մէջ ապահովական պաշտօնատարներ կը հերքեն այս տեղեկութիւնը։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս Սոներ Ճաղափթայ եւ Ահարոն Զելին վերջերս լոյս տեսած իրենց յօդուածին մէջ նշեցին՝ մինչ Սուրիոյ հակամարտութիւնը կը շարունակուի, Թուրքիա կրնայ լուրջ հարցեր դիմագրաւել, որովհետեւ յստակ չէ, թէ ժիհատականները Սուրիոյ մէջ պայքարի աւարտէն ետք իրենց ուշադրութիւնը դէպի ուր պիտի դարձնեն։ Զինեալներուն տարբեր բարեսիրական եւ ոչ կառավարական կազմակերպութեանց հետ կապեր ունենալը ցոյց կու տայ, որ անոնք Թուրքիոյ առաւել պահպանողական շրջանակներուն մէջ առնուազն ոչ պաշտօնական զօրակցական ցանց մը ունին։ Մինչ հակամարտութիւնը կ՚երկարի, հաւանական է, որ թուրքեր պիտի շարունակեն կռուելու համար Սուրիա մեկնիլ եւ այդտեղ կապեր պիտի հաստատեն Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ յառաջատար դերակատարութիւն ունեցող ժիհատական միջազգային ցանցերու հետ։

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան և Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան (MIT) տուեալներով՝ Սուրիոյ տարածքին նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ կռուող զինեալ խմբաւորումներու շարքերուն մէջ կը գտնուի Թուրքիոյ քաղաքացի 500 զինեալ։

Թուրքիոյ քաղաքացիներուն մէկ մասը, Սուրիոյ ծայրայեղական իսլամական խումբերուն միացած է Փաքիստանի և Աֆղանիստանի մէջ գտնուող յատուկ ճամբարներու մէջ մարզուելէ ետք։

Միեւնոյն ժամանակ, վերոնշեալ 500 թուրք կամաւոր զինեալներու կողքին, Սուրիոյ կառավարական ուժերուն դէմ կը կռուին 1500 վարձկան թուորք զինեալներ, որոնք ամսական 1500 տոլար կը ստանան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.