Թուրք Գործիչներ Ցեղասպանութեան Մասին Կը Խօսին Պրիւքսէլի Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2ին, Պր-իւքսէլի մէջ կայացած ձեռնարկի մը ընթացքին Հայկական Ցեղասպանութեան մասին խօսած են թուրք գործիչներ: «Ո՛չ ըսէ ազգայնամոլութեան եւ խտրականութեան» կարգախօսով յայտնի թրքական «Տիւրտէ» հասարակական կազմակերպութիւնը, արդէն վեց տարիէ ի վեր Թուրքիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման համար կը պայքարի:
2007ին, Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք հիմնադրուած սոյն կազմակերպութիւնը շարունակաբար միջոցառումներ, քննարկումներ, քայլարշաւներ կը կազմակերպէ Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ:
Կազմակերպութեան գործիչ Լեւենտ Սենսեւեր կը յայտնէ, թէ կազմակերպութեան գործիչները Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հաւաքներու հիմնական կազմակերպիչներէն են նաեւ, ու այդ իսկ պատճառով, Թուրքիոյ մէջ ոչ բոլորը բարեկամաբար տրամադրուած են անոր անդամներուն նկատմամբ:
«Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը փորձէ տեղացի հայերը լարել Սփիւռքի հայերուն դէմ՝ ըսելով, որ թրքաբնակ հայերը լաւ են, իսկ սփիւռքահայերը՝ չարիք կը բերեն ու մեր դէմ կը գործեն: Մենք այդպէս չենք տեսներ պատկերը: Մեր համոզումով՝ սփիւռքահայերու նախնիներէն շատերը Անատոլիայէն եղած են, ապրած են ներկայիս Թուրքիոյ հակակշիռին տակ եղող հողերուն վրայ եւ ստիպուած լքած են իրենց հայրենիքը: Այս պատճառով, մենք կը կարծենք, որ անոնք լիարժէք իրաւունք ունին վերադառնալու իրենց պատմական հայրենիքի տարածքը, օգտուելու լիարժէք քաղաքացիութենէն եւ ետ ստանալու իրենց ունեցուածքները», կը նշէ Սենսեւեր:
Սենսեւեր նաեւ կը յայտնէ, թէ շատ կարեւոր կը նկատէ Պրիւքսէլի ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը, «որովհետեւ քաղաքը Եւրոպական Միութեան կեդրոնն է, եւ մենք կարիք ունինք եւրոպական կառոյցներուն հետ կապ հաստատելու եւ պատմելու մեր մասին, քանի որ անոնք այլ պատկերացում կը ստանան Թուրքիոյ պաշտօնական ալիքներէն, Թուր-քիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն ու Թուրքիոյ դեսպանատունէն»:
Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Պրիւքսէլի միջոցառման կազմակերպիչներէն մէկը եւրոպական հակացեղապաշտական շարժում մըն էր, որուն գործադիր տնօրէնը՝ Փօլ Մաքս Մորին, ըսած է, թէ եւրոպացիները հետաքրքրուած են Թուրքիոյ մէջ հասարակական շարժումներով եւ ժողովրդավարութեան զարգացումով: «Եւրոպացիները տպաւորուած են այն գործով, զոր կ՛ընէ «Տիւրտէ»ն: Մենք գիտենք, որ դժուար է հասարակական իրաւանց պաշտպան գործիչ մը ըլլալ այնպիսի երկիրի մը մէջ, ուր կայ խօսքի ազատութիւն, օրինակ՝ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Արեւմտեան Եւրոպայի, բայց այդ մէկը աւելի դժուար է այնպիսի երկիրի մը մէջ, ուր ազատութիւնները կը սահմանափակուին», նշած է Մորին:
Թուրք գործիչները պատմած են, որ Թուրքիոյ մէջ տակաւին դաւաճան կը նկատուին անոնք, որոնք «կը յանդգնին» համագործակցիլ հայկական Սփիւռքի կառոյցներուն հետ, քանի որ հայկական Սփիւռքը կ՛ընկալուի իբրեւ հակաթրքական չարիք:
Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարող թուրք գործիչները Պրիւքսէլ եկած էին Հայկական Բարեգործական հիմնարկին հրաւէրով եւ ելոյթ ունեցած են մեծաթիւ թուրքերով բնակեցուած թաղամասի մը մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.