Սեբաստիոյ Սուրբ Գէորգ Հայկական Եկեղեցին Պիտի Վերանորոգուի


Սեպուհ Քոճաք

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սեբաստիոյ (Սվազ) քաղաքը գտնուող Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցին, որ Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք վերածուած էր զինանոցի, այժմ պիտի վերանորոգուի:
Ըստ Պոլսոյ «Ակօս» թերթին կողմէ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3ին հաղորդուած տեղեկութեան՝ այս նպատակով նահանգապետարան դիմած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ, որովհետեւ եկեղեցին կը գտնուէր բանակի հակակշիռին տակ եղող տարածքի մը մէջ: Եկեղեցին այդ տարածքէն դուրս բերուած է Սվազի հայերու բարեկամներու միութեան ջանքերով ու կ՛ակնկալուի, որ վերանորոգութեան աշխատանքները սկսին յառաջիկայ գարնան:
Սվազի հայերու բարեկամներու միութեան նախագահ Սեպուհ Քոճաք շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան՝ իր ցուցաբերած աջակցութեան համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.