Հայ լրագրող Ճեւաթ Սինեթ կը յայտնէ, թէ Թուրքիա կը վերադառնայ, երբ Անգարա ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը


 

 

Թրքական «Պիանեթ» կայքէջը անդրադարձած է այդ երկրին մէջ լրագրողներու դէմ կատարուող հետապնդումներուն։

Հայ լրագրող, գրող Ճեւաթ Սինեթ մէկն է այն լրագրողներէն, որոնք ստիպուած եղած են լքելու Թուրքիան։ Ատանայի մէջ ապրող Սինեթ իր դէմ բացուած դատավարութիւններու պատճառով ստիպուած եղաւ ապաստան գտնել Պելճիքայի մէջ։

Սինեթ, որ իր լրագրական գործունէութիւնը սկսած է 1993-ին ու հիմնականին մէջ զբաղած Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու խնդիրներու ուսումնասիրութեամբ, այսպէս կը պատմէ իր պատմութիւնը.

«Լրագրութեան մէջ առաջին փորձս կապուած էր ընտանիքիս: Տիգրան Ղազարեան անունով հօրեղբայրս կ՚ապրէր Սուրիա, իսկը մենք՝ Թուրքիա։ Միւս հօրեղբայրս՝ Ռիզկօ անունով, կ՚ապրէր Հոլանտա։ Ինչո՞ւ ընտանիքս ցրուած էր։ Ինչո՞ւ մէկը Թուրքիա, Միւսը՝ Սուրիա, երրորդը՝ Հոլանտա կ՚ապրէր։ Ինչո՞ւ մէկուն անունը Տիգրան էր, միւսինը՝ Մուսթաֆա։ Եւ վերջապէս ինչո՞ւ անունս Ճեւաթ է։

«Աւելի ուշ գիտցայ, որ մենք ցեղասպանութիւն ապրած ընտանիք ենք, եւ հայրս մեր հաւատքն ու ինքնութիւնը գաղտնի պահած է։ Փոխած էր մեր անունը, մականունը, ամէն ինչը։ Կը խօսէինք լեզուով մը, որ ոչ թրքերէն էր, ոչ ալ քրտերէն։

«Իրականութեան մէջ մենք ոչ քիւրտ էինք, ոչ ալ՝ թուրք։ Անգամ մը եւս հասկցայ, որ վկայ, մեղաւոր ու տուժած ենք տեղի ունեցած ցաւալի դէպքերէն։ Ատկէ ետք, Հայոց ցեղասպանութեան իրական եղելութիւնը սերունդներուն հաղորդելը առաքելութիւնս դարձուցի ու գրիչը ձեռքս առի»։

Աքսորի մէջ գտնուող լրագրողը կը քննադատէ լրագրութեան աւանդոյթները.«Պետութեան ձեռքին նայող թերթը, կրնա՞յ թերթ ըլլալ։ Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ պատկերասփիւռի մասին։ Իրականութիւնը շարունակ պետութեան կողմէ գրաքննութեան կ՚ենթարկուի։ Իսկ պետութիւնը իր կատարած անիրաւութիւններու մասին գրող լրագրողը որեւէ ճանապարհով կը գտնէ եւ անպայման կը բանտարկէ»։

Սինեթի գրած յօդուածներու առնչութեամբ տասնեակ դատավարութիւններ սկսած են անոր դէմ։ Սակայն անոր՝ երկիրը լքելու պատճառը 2011-ի ապրիլ 24-ին Թուրքիոյ Պաթման շրջանին մէջ գտնուող զօրամասերէն մէկուն մէջ ազգութեամբ հայ զինուոր Սեւակ Պալըքճըն սպաննած Քըվանչ Աղաօղլուի մասին գրած յօդուածի առնչութեամբ սկսիզբ առած դատական գործընթացն էր։ Այդ յօդուածի առնչութեամբ 3 դատավարութիւն սկսած է։

«Քըվանչ Աղաօղլուի՝ մէկ օր նոյնիսկ կալանքի տակ չպահուելուն հակառակ՝ ես, 3 անգամ ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուելով, դատարանի առջեւ կանգնեցայ։ Հայրենիքի դաւաճան յայտարարուեցայ»։

Այդ իրադարձութիւններու հետեւանքով շուրջ 3 ամիս առաջ Թուրքիան լքած Ճեւաթ Սինեթ հետեւեալ ձեւով պատասխանած է «կ՚ուզէի՞ք Թուրքիա վերադառնալ» հարցումին. «Երբ Հրանդ Տինքի սպանութեան իրական մեղաւորները յայտնաբերուին ու պատժուին, երբ Արամ Տիգրանի գերեզմանը տեղափոխուի Տիարպեքիր, երբ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուի, այն ժամանակ պիտի հաւատամ, որ Թուրքիոյ մէջ արդարութիւն հասատուած է ու պիտի վերադառնամ։ Տեղ մը, ուր արդարութիւնը կը բացակայի, ապրիլը կը կորսնցնէ իմաստը»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.